Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին յայտնեց. «Լիբանանն ու մանաւանդ անոր հարաւը կ՛ենթարկուին յարձակումներու, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ անոր եւ ամբողջ շրջանի կայունութեան»:
«Լիբանանը այսօր չափազանց մեծ կարիքը ունի Դիմադրութեան, որ անվտանգութիւն ու կայունութիւն ապահովեց, եւ սպառնալիքներուն դիմաց պէտք է ապահովել ազգային անձեռնմխելիութեան նուազագոյն չափը», ըսաւ ան:
«Դիմադրութիւնն ու անոր զէնքը շանթաժի ենթարկելու համար Լիբանանի վրայ ամերիկեան ու իսրայէլեան ճնշումները պիտի չյաջողին, ինչպէս նաեւ օտարին վրայ գրաւ դնելը կորուստի դատապարտուած գրաւ է: Լուծումը ժողովուրդին, բանակին եւ Դիմադրութեան վստահիլն է», յայտնեց երեսփոխանը:
Իզզէտտին նաեւ նշեց. «Դիմադրութեան զէնքին մասին խօսելու համար կանուխ է, այնքան ատեն որ տակաւին բռնագրաւուած լիբանանեան հողեր կան: Դիմադրութիւնը տակաւին ազգային կարիք է, եւ արտասահմանէն ոչ ոք պէտք է գերիշխանական այդ հարցին միջամտէ»:
«Պէտք է կառչինք մեր ազգային միասնականութեան, մանաւանդ հայրենասէր այս երկեակը (շիի երկեակը, «Ա.»), որ Լիբանանի շահը որեւէ պառակտումէ կամ արտաքին ճնշումէ վեր կը դասէ», նշեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը: