Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելելէ Ետք Նախագահական Պալատ. Պասիլ. «Տեղահանուածները Պէտք Է Արագօրէն Իրենց Երկիրը Վերադառնան»

Յուլիս 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Պասիլ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Նախագահ Աունի հետ հանդիպումը լաւ էր, անոր ընթացքին կարգ մը խնդիրներ յստակացուեցան: Կը շեշտենք նախագահին եւ իշխանութեան թիկունք կանգնելու մեր դիրքորոշումը, որովհետեւ իբրեւ Ազգային ազատ հոսանք եւ իբրեւ Լիբանան առնչակից ենք իր կատարած առաքելութիւններուն մէջ անոր յաջողութեամբ. պէտք է ունենանք օրէնքի եւ իրաւունքի պետութիւն մը, ուր քաղաքացիները կը զգան, թէ կայ սահմանադրութիւն մը, որ զիրենք կը պաշտպանէ»:

«Այսօր բոլորը զբաղեցնող գլխաւոր նիւթը (եւ մենք նախագահին աջակցութեան եւ կարելի եղածին չափ օգնելուն առնչակից ենք) այն է, որ միաւորենք եւ լուծումներ գտնենք, եւ ոչ թէ պառակտենք», նշեց ան:

«Ակնյայտօրէն եւ բնականաբար զէնքը յանձնելուն դիմաց լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն իսրայէլեան հեռացում պէտք է ըլլայ, իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցում ըլլայ եւ ջուրին մէջ լիբանանեան բնական հարստութիւններուն, քարիւղին եւ կազին վրայ ձեռք դնելը դադրի», շեշտեց երեսփոխանը:

«Պէտք է բոլորը զգան, թէ այդ զէնքը պարապի չ՛երթար, եւ երբ պետութեան կը տրուի, բանակը բոլորս կը պաշտպանէ եւ Լիբանանը կը պաշտպանէ», յայտնեց Պասիլ:

«Բնական է, որ Լիբանան այսօր պաղեստինցի գաղթականներու եւ սուրիացի տեղահանուածներու խնդիրի լուծում պահանջէ: Եթէ ոեւէ մէկը պիտի պատրուակէ, թէ պաղեստինցի գաղթականներու հարցը կապուած է Միջին Արեւելքի մեծ խնդիրին եւ արաբ-իսրայէլեան տագնապին հետ, ապա սուրիացի տեղահանուածներու հարցը այլեւս որեւէ բանի կապուած չէ, որովհետեւ պատերազմը դադրեցաւ, տագնապը կանգ առաւ, պատժամիջոցները վերցուեցան, եւ պէտք է անմիջական ու արագ տունդարձ կատարուի, եւ ատիկա ազգային ձեռքբերում մը պիտի ըլլայ», ըսաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:

Պասիլ մաղթեց, որ Հըզպալլան օգտուի տրուած առիթէն, «որպէսզի միասնաբար զգանք, որ Լիբանանի համար յաղթեցինք, եւ մեզմէ ոչ ոք պարտուած է, որովհետեւ եթէ կողմ մը պարտուի, բոլորս կը պարտուինք»:

 

 

Նախորդը

Պայրամ. «Հայրենիքին Նկատմամբ Նախանձախնդրութիւնը Ուժի Խաղաքարտերու Մսխում Չի Նշանակեր»

Յաջորդը

Լիբանանցի Պաշտօնատար Մը «Անատոլու»-ին. Պարրաքի Առաջարկը Կը Կեդրոնանայ Զէնքը Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելուն, Բարեկարգումները Կատարելուն Եւ Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւնը Վերականգնելուն Վրայ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?