Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մարմնակրթական Հակամարտութիւններու Մէջ Իրաւարարութիւն Եւ Միջնորդութիւն» Գիրքին Շուրջ Զրոյց-Հանդիպում

July 4, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կազմակերպեց դոկտ. Ժոզեֆ Էմիլ Ռըզքալլայի հեղինակած «Մարմնակրթական հակամարտութիւններու մէջ իրաւարարութիւն եւ միջնորդութիւն» գիրքին շուրջ զրոյց-հանդիպում մը` նախագահութեամբ տեղեկատուութեան նախարար դոկտ. Փոլ Մըրքոսի:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հանդիպումի ընթացքին գիտական եւ իրաւաբանական տեսանկիւնէն ներկայացուց գիրքն ու անոր տարբեր բաժինները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի իրաւական տեսանկիւնէն դիտուած միջնորդութեան եւ իրաւարարութեան:

Նախարար Պայրագտարեան նշեց, որ այս հանդիպումը Լիբանանի պատմութեան մէջ նոր փուլ կ՛արտացոլացնէ:

«Երիտասարդութեան նախարարութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի այսպիսի հանդիպում մը` քննարկելու համար գիտական գիրք մը, որ մասնագիտական է եւ կը կրէ կարեւոր խորագիր մը` մարմնակրթական հակամարտութիւններու մէջ իրաւարարութիւնն ու միջնորդութիւնը», ընդգծեց Պայրագտարեան:

«Այս հանդիպումը պարզապէս մշակութային հանդիպում մը չէ, այլ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ դիրքորոշում մը եւ ընտրանք մըն է` քաջալերելու համար մասնագիտական գիտական հետազօտութիւնը, ինչպէս նաեւ միտքի, օրէնքի եւ հաստատութիւններու ճամբով զարգացնելու ոլորտը, որովհետեւ մարմնակրթութիւնը միայն կառոյցներու շինարարութեամբ, գործունէութեամբ եւ ծրագիրներով չ՛ըլլար», աւելցուց ան:

«Կը հաւատանք, որ մարմնակրթութեան ոլորտի իրաւական եւ վարչական մթնոլորտի զարգացումը ամբողջական կը դառնայ միայն կեանքի կոչելով մարմնակրթութեան իրաւարարութեան համակարգը, ըլլայ այդ մասնագիտական անձնակազմի պատրաստութեան կամ այս հարցով զբաղող ազգային մարմինի մը ստեղծման ճամբով», յայտնեց Պայրագտարեան:

Նախարար Մըրքոս իր կարգին ընդգծեց մարմնակրթութեան ոլորտին մէջ իրաւարարութեան եւ զայն զարգացնելու կարեւորութիւնը:

«Պէտք է ստեղծել մասնագիտացած հեղինակութիւն մը, որ հակամարտութիւններու լուծումով կը զբաղի, եւ մասնագիտութիւն, պարկեշտութիւն, արագ աշխատանք եւ բազմաթիւ պարագաներու գաղտնապահութիւն ունի», ըսաւ Մըրքոս:

 

Նախորդը

Հաշեմ. «Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղենք` Արագօրէն Գործելու Ընդդէմ Արտաքին Որեւէ Քայլի, Ինչպէս Նաեւ Մազարեհ Շեպաայի Լիբանանեան Ըլլալը Հաստատելու Եւ Անոր Կառչելու»

Յաջորդը

Իզզէտտին. «Դիմադրութեան Զէնքը Ազգային Ներքին Հարց Է»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.