Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան այցելեց Արդարադատութեան պալատ:
Ան իր խօսքը դատաւորներուն ուղղելով յայտնեց. «Արդարութեամբ դատեցէ՛ք` հիմնուելով օրէնքներուն վրայ: Ոճրագործ մը մի՛ արդարացնէք, եւ անմեղ մը մի՛ դատապարտէք, ո՛չ ալ ճնշումներուն կամ ահաբեկման դիմաց ընկրկեցէք»:
Հանրապետութեան նախագահը այցելեց ելեւմտական դատախազութեան գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցաւ դատաւոր Տորա Խազենի հետ` ներկայութեամբ արդարութեան նախարար Ատել Նասսարի եւ դատաւորներ Սուհէյլ Ապպուտի, Ժամալ Հաժժարի եւ Այման Ուէյտաթի:
Աուն այցելեց ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ժամալ Հաժժարի գրասենեակը, ուր անոր հետ հանդիպում ունեցաւ` ներկայութեամբ նախարար Նասսարի, Դատական բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Սուհէյլ Ապպուտի եւ Արդարադատական հետաքննութեան մարմինի նախագահ դատաւոր Այման Ուէյտաթի:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ այցելեց արդարութեան նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ նախարարին հետ, անոր գրասենեակին մէջ:
Այցելութեան ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց ներկայ փուլին արդարութեան իրագործման կարեւորութիւնը: