Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ իր նիստէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Լիբանանեան կառավարութեան ու անոր ղեկավարին ամերիկեան պահանջները որդեգրելու կասկածելի ու անտրամաբանական շտապողականութիւնը Ազգային ուխտի յստակ խախտում է, ինչպէս նաեւ կը հարուածէ հիմերը Թաէֆի համաձայնագիրին, որ Լիբանանի ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը կը պահպանէ»:

Երեսփոխանական պլոքը նշեց. «Կառավարութեան սայթաքումը Լիբանանը դրաւ ամերիկեան հոգատարութեան ծիրին մէջ»:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը կառավարութեան կոչ ուղղեց` սրբագրելու ամերիկեան պահանջներու բաւարարման համար ինքնիրեն ու Լիբանանին պատճառած սայթաքումը:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Նախարարաց խորհուրդի որոշումին հանդէպ Հըզպալլայի  ցուցաբերած հակազդեցութիւնը կրնայ չօգնել զէնքի յանձնման կառավարութեան ծրագիրի որդեգրման, մասնաւորաբար իրանեան կեցուածքէն ետք»:

– «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Նախարարաց խորհուրդի որոշումէն ետք, Հըզպալլան կանգնած է երկընտրանքի առջեւ` կա՛մ դէպի պետութեան ու քաղաքական ուժերուն հետ ճակատում ուղղուիլ, կա՛մ ալ աստիճանաբար վերադառնալ պետութեան ծոց, իսկ այս վերջինը անոր ու պետութեան միջեւ գործակցութիւն կը պահանջէ»:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ կողմեր քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Պաապտայի եւ Հարեթ Հրէյքի միջեւ ուղղակի կամ մտերիմ պատուիրակներու եւ խորհրդականներու ճամբով զէնքի թղթածրարին շուրջ տեսակէտներու համընկնում յառաջացնելու համար հաղորդակցութիւնը չդադրեցաւ»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ. «Հըզպալլա-Ամալ շարժում երկեակին եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ու բնականաբար վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ նախարարաց խորհուրդի զէնքի մենաշնորհի վերաբերեալ որոշումէն ետք որեւէ քաղաքական քայլ կամ հաղորդագրութիւն չարձանագրուեցաւ»:

Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մերժած է Աունի եւ Սալամի հետ ժողով գումարել:

– ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ գործադրութեան հսկող հնգեակէն քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, «արաբական եղբայրական պետութիւններու եւ բարեկամ պետութիւններու աջակցութեամբ վերաշինութեան սկսելու օգնութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ տարուան սկիզբը, անմիջապէս, որ զէնքի մենաշնորհումը աւարտի, այսինքն` խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին»:

– ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը պիտի չհեռանայ վերջերս իր գրաւած լիբանանեան դիրքերէն ու Լիբանանի եւ սիոնական գոյացութեան միջեւ վիճելի 18 կէտերէն, որովհետեւ խոստումները որեւէ երաշխիքէ զուրկ են»:

– ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի նախագահութեամբ իր հերթական ժողովէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հոսանքը կը վերահաստատէ զէնքը լիբանանեան բանակին ու ապահովական ծառայութիւններուն մենաշնորհը դարձնելու եւ Դիմադրութեան զէնքը ոչ թէ ոչնչացնելու, այլ բանակին յանձնելով Լիբանանի պաշտպանական ուժը ամրապնդելու իր սկզբունքը:

«Դիմադրութեան պարտաւորութիւնն է լիբանանեան բանակի մենաշնորհումը իրականացնել», նշեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը` աւելցնելով. «Լիբանանը պաշտպանելու որոշումը պէտք է պետութեան մենաշնորհը ըլլայ»:

 

Նախորդը

Ըստ Ռաուֆօղլուի. Փաշինեանն Ու Ալիեւը Միացեալ Հռչակագիր Եւ Մինսքի Խմբակէն Դուրս Գալու Վերաբերեալ Միացեալ Նամակ Պիտի Ստորագրեն

Յաջորդը

Ապու Զէյնապ. «Մեզի Համար Երկխօսութեան Բոլոր Խողովակները Բաց Են»

RelatedPosts

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Օգոստոս 21, 2025
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?