Հըզպալլայէն պատուիրակութիւն մը երէկ առաւօտ այցելեց «Միրնա Շալուհի» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ:
Նախարարաց խորհուրդի նիստէն ժամեր առաջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ նշեց. «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարին հետ քննարկեցինք շարք մը հարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյնը Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումի շարունակումն էր, եւ երկրին դիմագրաւած առկայ եւ հաւանական վտանգներուն շուրջ տեսակէտներու փոխանակում կատարեցինք»:
«Լիբանանի դիմագրաւած յոռեգոյն վտանգը Լիբանան-Իսրայէլ խնդիրը Լիբանան-Լիբանանի վերածելն է: Լիբանանեան ներքին դիրքորոշումը որքան ամուր մնայ, այնքան աւելի կարող կը դառնանք երկրին սպառնացող վտանգներուն վերջ տալու», նշեց ան:
«Վտանգները միայն հասարակութեան մէկ բաղադրիչի եւ միայն մէկ շրջանի չեն վերաբերիր: Մենք կը գիտակցինք, թէ պահը նուրբ ու դժուար է, սակայն Լիբանանը պէտք չէ իր շահերէն հրաժարի», նշեց երեսփոխանը:
«Լիբանանեան պաշտօնական մէկ ու ամուր դիրքորոշում մը կ՛ուզենք, եւ բոլորս կը կառչինք առաջնահերթութիւններուն, որոնցմէ են իսրայէլացի թշնամիի հեռացումը, գերիներու վերադարձը եւ վերաշինութեան սկսումը` իբրեւ մուտք մեկնարկին կարգաւորման երթին, որ լիբանանցիները իրենք իրենց միջեւ կը ստանձնեն», ըսաւ Ֆայիատ:
«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ համաձայն գտնուեցանք, թէ պահը պետութեան կառուցման համար յարմար է, սակայն ներկայիս խոչընդոտը իսրայէլացի թշնամին եւ անոր յարձակումներն են, որոնք կը խանգարեն առողջացման եւ պետութեան կառուցման հոլովոյթը», աւելցուց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը:
Յիշեցնենք, որ Հըզպալլայի միեւնոյն պատուիրակութիւնը մէկ օր առաջ այցելած էր հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշել Աունին, որուն հետ հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ալի Ֆայիատ յայտարարած էր. «Առաջին քայլը պէտք է ըլլայ Իսրայէլի լիբանանեան հողերէն հեռանալը, թշնամական արարքներու դադրեցումն ու գերիներու ազատ արձակումը, եւ ասոնք այն քայլերն են, որոնցմէ առաջ կարելի չէ որեւէ այլ բանի քննարկման անցնիլ»:
«Մենք ամբողջովին յարգեցինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի կէտերն ու անոր գործադրութեան քայլերը, սակայն այն, ինչ որ ներկայիս Լիբանանին կ՛առաջարկուի, կը թուի Լիբանանէն պահանջել, որ միակողմանի համաձայնութիւն մը ըլլայ», ըսած էր Ֆայիատ:
Երեսփոխանը նշած էր. «Լիբանան յարգեց համաձայնութիւնը, եւ անկէ այդ համաձայնութենէն անդին անցնիլը կը պահանջեն, երբ միւս կողմը այնպէս կը վարուի, թէ որեւէ համաձայնութիւն իրենց չ՛առնչուիր»:
«Չենք կրնար կոչ չուղղել, որ Լիբանան կառչած ու հաստատ մնայ իսրայէլեան հեռացումին եւ թշնամական արարքներու դադրեցման պահանջին առաջնահերթութեան վրայ», յայտնած էր Ֆայիատ:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալլա Մուսա երէկ առտու իր կարգին այցելեց «Միրնա Շալուհի» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ: