Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քասեմ. «Նաւահանգիստի Պայթումի Հարցով Դատավարութիւններն Ու Պայթումները Աւարտել` Հեռու Մնալով Քաղաքականացումէն, Որ Արդիւնքները Մինչեւ Ներկայ Փուլ Ուշացուց»

August 6, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ Մոհամետ Սայիտ Իզտիի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին կոչ ուղղեց շտապելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հարցով դատավարութիւններն ու պայթումները աւարտել` հեռու մնալով քաղաքականացումէն, որ արդիւնքները մինչեւ ներկայ փուլ ուշացուց: Ան կոչ ուղղեց շտապելու, որպէսզի մարդիկ ճշմարտութիւնը գիտնան, եւ հասնինք ճիշդ արդիւնքի, որպէսզի յանցագործը պատժուի եւ անմեղը անպարտ հռչակուի:

«Ո՞րն է Լիբանանի կառուցման եւ կայունութեան հաստատման ճամբու քարտէսը: Մենք կը նկատենք, որ Լիբանանի կառուցման համար կան երեք հիմնական կանոններ, առաջինը` մասնակցութիւնն ու գործակցութիւնը, երկրորդը` ճշդել առաջնահերթութիւնները, որոնք հիմնուած են լիբանանեան իրողութեան վրայ, եւ արտաքին պահանջներով չզբաղինք, երրորդը` հովանաւորութեան չենթարկուիլն է», ըսաւ ան:

«Մենք համաձայն չենք լիբանանեան պետութեան եւ Իսրայէլի միջեւ գոյութիւն ունեցողէն այլ որեւէ նոր համաձայնութեան: Անկարելի է ընդունիլ, որ Լիբանան աստիճանաբար իր ուժէն հրաժարի, եւ ուժի խաղաքարտը ամբողջութեամբ մնայ իսրայէլացի թշնամիին ձեռքը, եւ պէտք չէ ընկրկիլ ֆինանսաւորումը դադրեցնելու մասին արտաքին ճնշումներուն առջեւ` որովհետեւ ֆինանսաւորումը ի՞նչ օգուտ ունի, եթէ ենթականեր դառնանք», շեշտեց շէյխ Քասեմ:

«Եթէ Իսրայէլ Լիբանանի վրայ լայնածաւալ յարձակումը ընտրէ, ապա անոր վրայ հրթիռները պիտի իյնան», նշեց ան:

«Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կը խօսի գերիշխանութեան ամրապնդման մասին, ուստի Իսրայէլի, Ամերիկայի եւ արաբական կարգ մը պետութիւններու պահանջին հիմամբ զէնքէն հրաժարիլը գերիշխանութեան ամրապնդո՞ւմ է», հարց տուաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Չենք կրնար Լիբանանը իր ուժէն պարպելու իսրայէլեան յարձակումի պայմաններուն մէջ որեւէ ժամանակացոյցի յանձնառու դառնալ», շեշտեց շէյխ Քասեմ:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Լիբանանցիներուն Միասնականութիւնը Կը Փարատէ Մտահոգութիւնը Եւ Կ՛ամրապնդէ Երկիրը»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանանի Մէջ Կայունութիւնը Տնտեսական Վերականգնման Հիմնական Մուտքն Է»

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.