Վարչական բարեկարգումի նախարար Ֆատի Մաքքի յայտարարեց. «Նախարարաց խորհուրդի նիստի ընթացքին հաստատութենական շրջագիծին մէջ վերապահութիւնս արտայայտեցի բանակի` իր առաջարկը ներկայացնելէն առաջ եւ բոլոր նախարարներուն ներկայութեամբ յաջորդ նիստին քննարկումը շարունակելէ առաջ ժամանակացոյց ճշդելու բաժինին նկատմամբ»:
«Զէնքի մենաշնորհի հարցով ժամանակացոյցին նկատմամբ վերապահութիւնս կը բխի հաստատ համոզումէ, թէ քննարկումները պէտք է առանց աճապարանքի եւ պատասխանատուութեամբ կատարուին, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ բոլոր լիբանանցիներուն շահը եւ կը պաշտպանէ զանոնք օրինական մտավախութիւններէ, ինչ որ միեւնոյն ժամանակ համահունչ է մեր յանձնառու դարձած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին, ինչ կը վերաբերի պետութեան իր բոլոր հողերուն վրայ գերիշխանութեան տարածման, զէնքը իր օրինական ուժերու մենաշնորհը դարձնելուն, Իսրայէլի տակաւին գրաւուած պահած բոլոր կէտերէն հեռացումը ապահովելու առաջնահերթութեան, ծովու, ցամաքի եւ օդի ճամբով թշնամական արարքներու դադրեցման, ահաբեկումներու դադրեցման եւ գերիներու վերադարձին»: