Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Խաթիպ. «Զէնքը Արտաքին Ցուցմունքով Բանակցելի Կէտ Չէ»

August 6, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ Լիբանանի կառավարութեան եւ քաղաքական իշխանութեան նամակ մը յղելով յայտնեց. «Պիտի չվերադառնանք անցեալին, երբ հարաւային Լիբանանը քաոսի եւ անոր անվտանգութեան ու կայունութեան խաթարման բեմի վերածեցիք, եւ մենք տեսանք հայհոյողներն ու սադրիչները, որոնք թշնամիին կոչ ուղղեցին` մեզ սպաննելու եւ մեր երկրէն մեզ տեղահանելու: Ասիկա մեր երկիրն է, նախքան ուրիշներուն երկիրը ըլլալը, մեր վիզը դահիճին դանակին տակ դրուեցաւ, երբ ապահով իր շրջանին մէջ մնացողներէն ոմանք այն պատրանքը ունեցան, որ իր շրջանը ապահով պիտի մնայ, եւ հայրենիքի մէկ բաժինին յարձակումի ենթարկուիլը մնացեալ շրջանները ապահով ու կայուն պիտի պահէ: Փորձառութիւնը հազարումէկ անգամ անոր հակառակը ցոյց տուաւ»:

«Նախարարաց խորհուրդին կ՛ըսեմ. դուք այսօր ձեր օրակարգին վրայ դրիք կէտ մը, որ կոչեցիք զինաթափում, արդեօք յիշեցի՞ք ձեր ճառերը, թէ Լիթանի գետի հիւսիսը գտնուող զէնքը երկխօսութեան եւ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մշակման ենթակայ պիտի ըլլայ, ուստի ի՞նչ փոխուեցաւ: Եւ եթէ կանոնը արտաքին որոշումներու ենթարկուիլն է, ապա ատիկա կը նշանակէ, թէ իբրեւ կառավարութիւն ձեր վրայ վստահութիւն չկայ, որովհետեւ այն, ինչ որ այսօր գերիշխանական հարցերու մէջ կ՛որդեգրէք, փոփոխութեան ենթակայ պիտի ըլլայ, եթէ արտաքին երկիրներէն մէկուն մայրաքաղաքէն կամ շրջանային դեսպանատունէ հեռաձայն ստանաք», աւելցուց շէյխ Խաթիպ:

«Մեր վիզը ջարդարարներուն պիտի չյանձնենք, երբ կը տեսնենք այն, ինչ որ Պաղեստինի եւ մեր շրջապատին մէջ տեղի կ՛ունենայ, եւ ներքին հայհոյողները մեզի ինչ կը խոստանան», յայտարարեց ան:

Շէյխ Խաթիպ խօսքը հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին ուղղելով ըսաւ. «Շրջապատը պետութեան կառուցման երկար սպասեց, սակայն անօգուտ, եւ շրջապատը քեզի իր վստահութիւնը շնորհեց եւ կը շարունակէ շնորհել, սակայն պետութիւնները միայն բարի ցանկութիւններով չեն կառուցուիր: Մենք արդար պետութեան կառուցման մէջ մեր ամբողջ ուժով քու կողքիդ ենք: Պետութիւնները կը կառուցուին միայն իրենց ժողովուրդին կողմէ, ոչ թէ հիմնուելով գրաւներու վրայ, որոնք պայման կը դնեն իր որոշումը իր ձեռքը առնել եւ անոր զաւակներէն կը խլէ արժանապատուութիւնը: Իսկ անոնց, որոնք կը պնդեն լիբանանցի ժողովուրդին զէնքը խլել, բանակին զինումը արգիլել եւ կ՛ուզեն, որ նախարարաց խորհուրդը զինաթափում կատարէ, եւ կ՛ուզեն, որ մեր վիզը ջարդարարներուն յանձնենք, կ՛ըսենք. պետութիւններուն շահերը այսպէս չեն պահպանուիր»:

 

 

Նախորդը

Հըզպալլայէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պասիլի. Ֆայիատ. «Կը Գիտակցինք, Թէ Պահը Նուրբ Ու Դժուար Է, Սակայն Լիբանանը Պէտք Չէ Իր Շահերէն Հրաժարի»

Յաջորդը

Պասիլ. «Լիբանանցիներուն Միասնականութիւնը Կը Փարատէ Մտահոգութիւնը Եւ Կ՛ամրապնդէ Երկիրը»

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.