Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 7, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ կը գումարէ ժողով մը` շարունակելու համար 5 օգոստոսի նիստի օրակարգի կառավարութեան աշխատանքի ծրագիրի պետութեան գերիշխանութիւնը բացառապէս իր սեփական ուժերով տարածման եւ նոյեմբեր 2024-ին գոյացած թշնամական արարքներու դադրեցման յատուկ քայլերու գործադրութեան վերաբերող առաջին կէտի քննարկումը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 14-րդ կայան. «Հըզպալլան զինաթափելու լիբանանեան կառավարութեան որոշումը կրնայ հետագային Լիբանանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճամբան բանալ»:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան հեռաձայնեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամին` գնահատելով կառավարութեան վերջին որոշումը` նկատի ունենալով անոր Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար ունեցած շահը, եւ կառավարութեան մաղթեց յաւելեալ ձեռքբերումներ եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած խոստումներու իրագործում:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի յայտարարեց. «Զէնքի մենաշնորհի հարցին վերաբերեալ կառավարութեան որոշումը վճռական ու վերջնական է, եւ անկէ ետդարձ չկայ»:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակը կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլի նախագահութեամբ իր գումարած ժողովին ընթացքին յայտնեց, թէ նախարարաց խորհուրդի զէնքի հարցին վերաբերեալ «պատմական որոշումը Լիբանանը կը դնէ գերիշխանութեան վերատիրացման, իսկ պետութիւնը իր ազատ որոշումին վերատիրանալու ճամբուն վրայ»:

Կուսակցութիւնը վստահութիւն յայտնեց կառավարութեան` զէնքի մենաշնորհի կէտին շուրջ քննարկումը շարունակելու եւ զայն իր աւարտին հասցնելու մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Նախարարաց խորհուրդի 5 օգոստոսի նիստը Լիբանանը դրաւ իրողական եւ բնական պետութիւն դառնալու ուղիին վրայ, եւ այդ վերադարձի մուտքը սկզբնաղբիւր եղող փաստաթուղթերը յարգելն է, եւ ճիշդ այդ է, որ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կատարեցին»:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Նաուաֆ Սալամի կառավարութիւնը Լիբանանը իսրայէլացի թշնամիին դիմադրելու զէնքէն զրկող որոշում տալով մեծ մեղք գործեց, ինչ որ կը յանգեցնէ իսրայէլեան եւ ամերիկեան յարձակումներուն դիմաց Լիբանանի կարողութեան ու դիրքի տկարացման, եւ կ՛իրագործէ այն, ինչ որ Իսրայէլ չկրցաւ իրագործել Լիբանանի վրայ իր յարձակումին ընթացքին»:

Կուսակցութիւնը նշեց, որ այս որոշումը յստակօրէն կը խախտէ ազգային ուխտը եւ կառավարութեան աշխատանքի հինգերորդ կէտը, որ կը նշէ, թէ կառավարութիւնը յանձնառու է Թաէֆի համաձայնագիրին հիմամբ լիբանանեան բոլոր հողերը ազատագրելուն, պետութեան գերիշխանութիւնը իր սեփական ուժերով իր բոլոր հողերուն վրայ տարածելուն եւ լիբանանեան բանակը միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանային շրջանին մէջ տեղակայելուն:

Կուսակցութիւնը նշեց, որ այդ որոշումը արդիւնք է ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի ցուցմունքներուն եւ ամբողջութեամբ կ՛իրագործէ Իսրայէլի շահը` աւելցնելով, որ անիկա ականահարած է նախագահ Ժոզեֆ Աունի` իր երդման ճառին մէջ ստանձնած ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւն մը քննարկելու յանձնառութիւնը, եւ անձնատուութեան ռազմավարութեան մէկ մասն է:

ԱՄԱԼ շարժումի տեղեկատուական գրասենեակը յայտնեց, որ նկատի ունենալով 27 նոյեմբեր 2024-էն ի վեր իսրայէլեան բռնագրաւումին ու յարձակումներուն շարունակութիւնը, «իսրայէլացի թշնամիին նոր համաձայնութիւններու ձրի զիջումներ տուող լիբանանեան կառավարութիւնը պէտք էր իր ջանքերը կեդրոնացնէր նախ եւ առաջ զինադադարի ամրապնդման եւ իսրայէլեան սպանութեան մեքենային դադրեցման վրայ, մեքենայ մը, որ մինչեւ այս պահս հարիւրաւոր լիբանանցի նահատակներ ու վիրաւորներ պատճառեց: Այսպիսով կառավարութիւնը հանրապետութեան նախագահի երդման ճառին ու  իր աշխատանքային ծրագիրին հակառակ կը գործէ, ուստի վաղուան նիստը առիթ մըն է սրբագրութիւն կատարելու եւ վերադառնալու նախապէս գոյութիւն ունեցած լիբանանեան միասնականութեան»:

ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Նախարարներուն միջեւ լարուած մթնոլորտ տիրեց, եւ  կատարուեցան սուր քննարկումներ, որոնք հանրապետութեան նախագահին ստիպեցին մէկէ աւելի անգամներ միջամտելու` քննարկումը իր հունին մէջ եւ նշաձողին տակ պահելու համար»:

ԸՍՏ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթի տեղեկութեան, «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մէկ շաբթուան ժամանակ խնդրած է, սակայն անոր խնդրանքը մերժուած է, որովհետեւ «ի՞նչը կ՛երաշխաւորէ, որ մէկ շաբաթ ետք նիստ կարելի է գումարել»: Ապա ժամանակը նուազեցուած է երկու օրուան, սակայն այդ եւս մերժուած է: Օրակարգի կէտը ամբողջացնելու վարչապետ Սալամի պնդումը արժանացած է հանրապետութեան նախագահի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներուն աջակցութեան»:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ աղբիւր մը «Հատաս»-ին. «Հըզպալլան վերջին առիթ մը ունի օգտուելու ամերիկեան փաստաթուղթի` վերաշինութեան եւ Իսրայէլի հեռացման նման դրական կէտերէն»:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաքան Նասրէտտին` «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին. «Նիստի ընթացքին դրական տրամադրութենէ մեկնած քննարկում կը կատարէինք, եւ պէտք էր ասոր նման զգայուն նիւթի մը շուրջ շիի երկեակին կարծիքը առնել»:

«ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.». «Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Տարել Իսա այս շաբաթ Պէյրութ կ՛այցելէ»:

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանագծում կատարելու սէուտական նախաձեռնութիւնը միայն սահմաններու ապահովման չի ձգտիր, այլ նաեւ վերականգնելու Լիբանանի արաբական դերակատարութիւնը եւ նուազեցնելու ոչ պետական ուժերու ազդեցութիւնը հոլովոյթի մը վրայ, որ կրնայ անվտանգութիւնը կապել գերիշխանութեան, բարգաւաճման եւ դիւանագիտական գործակցութեան»:

ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ մերժեց իրեն հետ հանդիպում ունենալու իր կրօնական նոյն մտածողութիւնը ունեցող լիբանանցի շարք մը քաղաքագէտներու եւ սիւննի խմբաւորումներու դիմումները»:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, ամերիկացի նախկին պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս լիբանանցի քաղաքագէտներու հետ շատ կապ չի հաստատեր, այլ լրագրողներու հետ` սպրդեցնելու համար մթնոլորտներ ու տեղեկութիւններ, որոնք ներքին իրարանցում կը հրահրեն»:

 

Նախորդը

Պահա Հարիրի Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Յաջորդը

Այցելելով Նախագահին` «Գերիշխանութիւնը Զէնքը Օրինական Պետութեան Մենաշնորհը Ըլլալ Կը Նշանակէ» Կ՛ըսէ Ապի Ռամիա

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?