Գալուստ Սահակեան Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահին Հետ Քննարկած Է Հանրաքուէին Առնչուող Հարցեր
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծի, տեղի ունենալիք հանրաքուէին, ինչպէս նաեւ անոր արդիւնքի հիման վրայ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հաստատումէն ետք ակնկալուող օրէնսդրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցեր քննարկած է «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճանի Պուքիքիոյին հետ: 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Վենետիկի յանձնաժողովի բիւրոյի անդամ Գագիկ Յարութիւնեան: Հանդիպումին ընթացքին Գալուստ Սահակեան ...