«Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նիստին մասնակցելու նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան 22-էն 24 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Վենետիկ:
Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` այցելութեան ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահին պիտի ընկերակցի խորհրդարանի աշխատակազմի ղեկավար-գլխաւոր քարտուղար Հրայր Թովմասեան: