21 հոկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար, Հայաստանի գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնախումբի նախագահ Սէյրան Օհանեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան ղեկավար Քարոլին Տույեզն ու Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ շրջանային նոր նշանակուած տնօրէն Փաթրիք Վիալը:
Հանդիպումին նպատակն էր քննարկել նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան միջեւ գործակցութեան ընթացիկ խնդիրներն ու օրակարգային հարցերը, նախանշել յառաջիկայ միացեալ ծրագիրները:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ արցախեան ազատամարտին ընթացքին անյայտ կորսուածներու մտացածին թիւին եւ հաւաքական յուղարկաւորութեան վայրերուն վերաբերեալ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն տարածած ապատեղեկատուութիւնը եւ հայկական կողմին հասցէագրուած անպատասխանատու մեղադրանքները նպատակաուղղուած են ո՛չ միայն միջազգային հանրութիւնը ապակողմնորոշելու, այլ նաեւ ազրպէյճանական հասարակութեան մէջ հակահայկական տրամադրութիւնները յանցաւոր կերպով խորացնելու:
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակները արժեւորած են Գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնախումբին մէջ Հայաստանի պետական կառավարման մարմիններուն եւ յատկապէս պաշտպանութեան նախարարութեան ներդրումը` շնորհակալութիւն յայտնելով գործակցութեան եւ ներկայացուցչութեան բարձր մակարդակին համար:
Հանդիպումին աւարտին նախարար Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ անոր հայաստանեան ներկայացուցչութեան` գործակցութեան բարձր մակարդակին համար` վստահեցնելով, որ Հայաստանի պետական կառավարման պատկան մարմինները պատրաստակամ են սատարելու կազմակերպութեան կողմէ կատարուող մարդասիրական բոլոր նախաձեռնութիւններուն: