Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գալուստ Սահակեան Ժընեւի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Պետական Տումայի Նախագահին Հետ

October 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sergei_10-20-15

19 հոկտեմբերին Գալուստ Սահակեան Ժընեւ կատարած այցելութեան  ընթացքին` Միջխորհրդարանական միութեան 133-րդ վեհաժողովի  շրջագիծին մէջ, հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ Պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի հետ:

Ազգային Ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու  հետ կապերու վարչութեան հաղորդումով, Ազգային ժողովի նախագահը հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ  Ռուսիոյ հետ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնումը բոլոր մարզերուն մէջ, ներառեալ` խորհրդարանական ձեւաչափով, որովհետեւ ազգային օրէնսդրութիւններու ներդաշնակեցման եւ համարկումի հոլովոյթներու ամուր իրաւական հիմքերու ձեւաւորման գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի միջխորհրդարանական գործակցութիւնը:

Խօսելով բազմակողմանի համագործակցութեան մասին` Ազգային ժողովի նախագահը մասնաւորապէս ընդգծած է. «Անհրաժեշտ է ընդլայնել ու խորացնել երկու երկիրներուն համագործակցութիւնը միջազգային կառոյցներուն մէջ: Անգամ մը եւս կը վերահաստատեմ մեր պատրաստակամութիւնը` միջազգային խորհրդարանական հարթակներուն վրայ շարունակելու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը` ի նպաստ մեր երկիրներուն»:

Գալուստ Սահակեան նշած է նաեւ, որ Հայաստանը կողմ է Միջխորհրդարանական միութեան մէջ ռուսերէնը պաշտօնական կամ աշխատանքային լեզու դարձնելու Ռուսիոյ առաջարկին:

Խօսելով ղարաբաղեան տագնապին մասին` Գալուստ Սահակեան Սերկէյ Նարիշքինին տեղեկացուցած է, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ խախտել զինադադարի դրութիւնը: Հայաստանի խորհրդարանի ղեկավարը մտահոգութիւն յայտնած է, որ Ազրպէյճան սկսած է աւելի ծանր զինատեսակներ գործածել:

«Մենք` քաղաքական գործիչներս, կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ Ռուսիա աւելի կարծր արձագանգներ չի հնչեցներ Ազրպէյճանի գործողութիւններուն  վերաբերեալ, սակայն, հայ հասարակութիւնը, որ Ռուսիան կ՛ընդունի իբրեւ եղբայրական պետութիւն, այլ սպասումներ ունի», իր խօսքին մէջ  նշած է Գալուստ Սահակեան:

Ռուսիոյ Պետական տումայի ղեկավարը, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, նշած է, որ Ռուսիոյ մեծ ցանկութիւնն է, որ ղարաբաղեան տագնապը ստանայ շուտափոյթ լուծում բացառապէս խաղաղ ճամբով, եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ բարելաւուին:

Սերկէյ Նարիշքին խօսած է նաեւ Սուրիոյ մէջ ռուսական գործողութիւններուն մասին եւ նշած, որ Ռուսիոյ կատարած համապատասխան գործողութիւնները արդէն տուած են դրական արդիւնքներ:

 

 

Նախորդը

Քանատայի Ծերակոյտի Նախագահը Յաջորդ Տարի Հայաստան Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

«Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Լիբանան Կ՛աջակցի Հայաստանին»» Կ՛ըսէ Նեպիհ Պըրրի

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.