Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Ծերակոյտի Նախագահը Յաջորդ Տարի Հայաստան Պիտի Այցելէ

October 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

can_10-20-15

Քանատայի Ծերակոյտի նախագահ Լէօ Հուսաքոս Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հրաւէրով յաջորդ տարի պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան:

Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու  հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով, Սահակեան-Հուսաքոս հանդիպումը տեղի ունեցած է Ժընեւի մէջ` Միջխորհրդարանական միութեան 133-րդ վեհաժողովին ընթացքին:

Հանդիպումին մասնակիցները քննարկած են միջխորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման հարցեր:

«Մեր խորհրդարաններուն համագործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակին մէջ ունին մնայուն եւ  կառուցողական բնոյթ: Մենք երախտապարտ ենք քանատական կողմին Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մէջ  Հայաստանի կարգավիճակի բարձրացման հետեւողականօրէն աջակցելու համար», ըսած է Սահակեան:

Խօսելով հայ-քանատական բարեկամական յարաբերութիւններուն մասին` Գալուստ Սահակեան համոզում յայտնած է, որ Քանատայի անկեղծ վերաբերմունքը հայ ժողովուրդին նկատմամբ դրսեւորուած է նաեւ 2002 թուականին, երբ Քանատայի Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ, որ վերահաստատուած է այս տարուան մայիսին: Ան նշած է, որ այս բոլորը անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն Քանատայի դիրքորոշումը, ըստ որուն, մարդկութեան դէմ իրագործուած նման ոճիրները պէտք է դատապարտուին եւ  կանխարգիլուին:

«Մենք բարձր կը գնահատենք նաեւ Քանատայի հաւասարակշռուած եւ  չէզոք դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ»,  ըսած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը:

Լէօ Հուսաքոս իր կարգին ըսած է, որ երկու երկիրները սերտօրէն կը համագործակցին: «Քանատան օրհնուած է, որ իր հասարակութեան մաս կը կազմեն նաեւ հայերը: Մենք կը հպարտանանք անոնցմով», նշած է Ծերակոյտի նախագահը:

Լէօ Հուսաքոս վստահեցուցած է, որ հայ – քանատական համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի եւ աւելի ամրապնդուի:

Քանատայի Ծերակոյտի ղեկավարին խնդրանքով Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ վերջին զարգացումներուն եւ սպառիչ պատասխաններ տուած  ազրպէյճանական գործողութիւններուն եւ հայկական հակազդեցութեան վերաբերեալ:

Կողմերը խօսած են նաեւ Հայաստանի մէջ սպասուող սահմանադրական բարեփոխումներուն մասին:

 

 

Նախորդը

Կառավարական Խորհրդակցութիւն` Ժողովրդագրական Իրավիճակին Վերաբերեալ

Յաջորդը

Գալուստ Սահակեան Ժընեւի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Պետական Տումայի Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.