«Երրորդ Երկիրներու Մէջ Ցեղասպանութեան Մասին Պնդումները Կ՛աւելնան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու
Մեւլութ Չաւուշօղլու Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքը կը հաղորդէ, որ թուրք դեսպաններու հաւաքի մը ընթացքին անոնց հետ հանդիպում ունեցած են Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքն ու արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Հանդիպումին ընթացքին Ճեմիլ Չիչեք նշած է, որ պետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է միասնական ըլլայ: «Ամէն կառոյց չի կրնար լարի մը վրայ նուագել: Նոյնիսկ եթէ այդպէս ըլլայ, ատիկա պէտք է մտածելով ու...