Վրաստանի Հայկական Եկեղեցիները Կը Ջեռուցուին Ազրպէյճանական ՍՈՔՔԱՐ-ի Կողմէ
Վրաստանի հայկական եկեղեցիները կը ջեռուցուին ՍՈՔՔԱՐ-ի` Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան կողմէ: Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթին տուեալներով` ազրպէյճանական ընկերութիւնը երկարաժամկէտ համաձայնագիր մը կնքած է Վրաստանի հետ, ըստ որուն, պիտի ջեռուցէ այդ երկրի եկեղեցիներն ու վանքերը, կը գրէ «Արցախփրէս»-ը: Վրաստանի կաթողիկոսի գրասենեակէն հաստատած են, որ «Ազրպէյճան պիտի օգնէ ջեռուցելու ոչ միայն վրացական ուղղադաւան եկեղեցիները, այլ բոլոր այլ համայնքներուն կրօնական կառոյցները, ներառեալ` հայկական...