Հայկական

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը

Աւստրիոյ մէջ գործող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը պաշտօնական յայտարարութեամբ խստօրէն քննադատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ կիրարկուող ճնշումները եւ հոգեւորականներու ձերբակալութիւնները: Խորհուրդը յստակօրէն յայտնած է իր լիակատար համերաշխութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի ամբողջ քրիստոնէական համայնքին հետ: «Բարձրաստիճան եկեղեցական պաշտօնեաներու ձերբակալութիւնները, կալանաւորումները եւ դատավճիռները յստակ մարտահրաւէր են կրօնական ազատութեան դէմ: Նման միջոցառումները կամայական եւ անհիմն միջամտութիւն են եկեղեցւոյ...

Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան

Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան

Վեց տարուան դատավարութենէ ետք Մասիսի քաղաքապետ Դաւիթ Համբարձումեան մեղաւոր նկատուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ 6 տարի 3 ամիս ժամկէտով բանտարկութեան` 2018-ին ցուցարարներու դէմ բռնութիւն կիրարկելու յանցանքով: Ան գրաւով ազատ արձակուած էր, դատարանը վերացուց գրաւը, ընտրեց կալանքը: Այս որոշումը տակաւին ուժի մէջ չէ մտած, փաստաբան Զօրայր Յարութիւնեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ պիտի բողոքարկեն զայն վերաքննիչ ատեանին մօտ: Դաւիթ Համբարձումեան մեղքը չ՛ընդունիր:  

Պայրամով. «Դրական Զարգացումներու Շարքին Ուշագրաւ Է Ազրպէյճանի Բեռներու Իր Տարածքով Դէպի Հայաստան Տարանցումը Արտօնելը»

Պայրամով. «Դրական Զարգացումներու Շարքին Ուշագրաւ Է Ազրպէյճանի Բեռներու Իր Տարածքով Դէպի Հայաստան Տարանցումը Արտօնելը»

Մենք արդէն կը տեսնենք 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու դրական արդիւնքները: Այս մասին Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարկուս Ցախնայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով: «Այս նախաձեռնութեան իրականացումը տնտեսական օգուտ պիտի բերէ շրջանի բոլոր երկիրներուն, իսկ Հայաստանը կրնայ դառնալ տարանցիկ երկիր», նշած է Պայրամով: Ան ըսած է,...

Կրոնօ. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Կողմէ Հայաստան Բեռներու Տարանցման Բոլոր Սահմանափակումներու Վերացումը»

Կրոնօ. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Կողմէ Հայաստան Բեռներու Տարանցման Բոլոր Սահմանափակումներու Վերացումը»

Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող դրական քայլերուն, ներառեալ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստան ապրանքներու տարանցման բոլոր սահմանափակումներու վերացման: Այս մասին յայտարարած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ: «Ժընեւի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններու նախագահներու հանդիպումը ոգեշնչող է: Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Շիրակ-Կարս երկաթուղային գիծի վերականգնման վերաբերեալ Հայաստան-Թուրքիա հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները», ըսած է Կրոնօ:...

Մարթա Քոս. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Կարգաւորման Հոլովոյթի Մէջ Յառաջընթացը Կը Փոխէ Շրջանը»

Մարթա Քոս. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Կարգաւորման Հոլովոյթի Մէջ Յառաջընթացը Կը Փոխէ Շրջանը»

Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթին մէջ յառաջընթացը կը փոխէ շրջանը: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս` Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած շրջանային անվտանգութեան եւ կապի հարցերով նախարարական հանդիպումի ժամանակ: Քոս նշած է, թէ տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով իրական կարելիութիւն կը բացուի Եւրոպան եւ Ասիան կապող առեւտրական եւ փոխադրամիջոցային ուղիներ բանալու համար: Ան ընդգծած...

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Կաշառք ստանալու համար մեղադրուող Գիւմրիի քաղաքապետը կալանաւորուեցաւ երկու ամիսով, համայնքի ղեկավարի լիազօրութիւններն ալ կասեցուեցան: Հակափտածութիւն դատարանը Վարդան Ղուկասեանի խափանման միջոցի հարցը քննած է ամբողջ գիշեր, որոշումը երէկ առաւօտեան հրապարակուեցաւ, փաստաբան Զարուհի Փոստանջեան դատաւորի որոշման մանրամասնութիւններուն տակաւին ծանօթ չէր, կը սպասէ ամբողջական բնագիրին, որպէսզի բողոքարկէ, ձեռքին միայն դատարանի երկու էջնոց որոշման թուղթ մը կար: Հակափտածութիւն կոմիտէն, իրենց պնդումով, փտածութեան յանցագործութեան բացայայտման մասին նախանցեալ օր յայտարարեց, ասոր զուգահեռ ուժայինները մտան Գիւմրիի քաղաքապետարան եւ ժամեր անց ձերբակալեցին Վարդան Ղուկասեանը: Իրաւապահները կը յայտարարեն, թէ Ղուկասեանն ու քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետը քանդման ենթակայ շուրջ 1500...

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Ստորեւ կու տանք հայրենի «Հրապարակ» օրաթերթի հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունիի հետ: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը նախաձեռնել էր «Հայկական սփիւռքի մարտահրաւէրները եւ հայրենիքը» թեմայով հանդիպում, որին մասնակցել են սփիւռքի տարբեր համայնքների ներկայացուցիչներ: Ելոյթներով հանդէս են եկել ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Բագրատունին, Մուրատ Փափազեանը, Սեւան Դանիէլեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանը: Յակոբ Բագրատունին իր ելոյթում...

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Երէկ առաւօտեան Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանը ձերբակալելու համար իրաւապահներէն շուրջ վեց ժամ պահանջուեցաւ: Ի վերջոյ Ղուկասեանին ոչ թէ քաղաքապետարանի գլխաւոր մուտքէն հանեցին, ուր մեծաթիւ ոստիկանական ուժեր կենտրոնացած էին, այլ յետնամուտքէն եւ տեղափոխեցին Երեւան` Փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէ: Կոմիտէէն փոխանցեցին, որ «Գիւմրի համայնքի ղեկավարին նկատմամբ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց կիրարկելու միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան»: Համաձայն կոմիտէի հաղորդագրութեան, Վարդան Ղուկասեան եւ եւս...

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Գիւմրիում այսօր կատարուածը գործող վարչախմբի հերթական յարձակումն է ժողովրդի կամքի դէմ: Ընտրուած քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի ցուցադրական ձերբակալութիւնը, Գիւմրի քաղաքի ու համայնքապետարանի պաշարումը, ուժային համակարգի միջոցով հանրապետութիւնում վախի մթնոլորտ սերմանելու փորձերն ապացուցում են, որ գործող իշխանութիւնը չի հանդուրժում ժողովրդի ընտրութիւնը: Վերջերս խորհրդարանում Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարել էր Գիւմրի համայնքի ղեկավարին ուժով հեռացնելու մտադրութեան մասին: Այսօր այդ մտադրութիւնը վերածուեց բռնի գործողութեան: Յիշեցնենք, որ...

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

19 հոկտեմբեր 2025-ը իբրեւ յիշատակելի ու պատմական օր պիտի ամրագրուի հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ ընդհանրապէս եւ եկեղեցական տոմարին մէջ յատկապէս: Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ եւ հրապարակին վրայ երէկ` կիրակի, 19 հոկտեմբերին պարզած պատկերը տարբեր խորհուրդ եւ հնչեղութիւն ունէր: Արդարեւ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն հազարաւոր հաւատացեալներ` աշխարհի տարբեր երկիրներէն, համախմբուած էին ներշնչուելու եւ լիցքաւորուելու սրբադասման արարողութեամբ, նաեւ իրենց աղօթքներով ու աղերսանքով...

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 17 հոկտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ կայացած է «Հայկական սփիւռքի մարտահրաւէրները եւ հայրենիքը» նիւթով հանդիպում մը, որուն մասնակցած են հայրենիքի մէջ հաստատուած տարբեր սփիւռքահայ համայնքներու ներկայացուցիչներ: Շրջանային զարգացումներու եւ հայկական համայնքներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ զեկուցումներով հանդէս  եկած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Բագրատունին, Մուրատ Փափազեանը եւ...

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Շաբաթ օր Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Մեր ձեւով» շարժման հանրահաւաքը` ի զօրակցութիւն կալանաւորուած գործարար Սամուէլ Կարապետեանի ու հոգեւորականներու: Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին` Նարեկ Կարապետեան յայտարարեց. «Այսօր «Մեր ձեւով» շարժումը կը սկսի երրորդ շարժումը` Հայաստանի վատ շրջանի աւարտի շարժումը եւ վերակառուցման շարժումը»: Կարապետեանը շարունակեց. «Մեր պայքարը պիտի ըլլայ խաղաղ, բայց հետեւողական: Մենք հետեւողականօրէն պիտի երթանք առաջ. ինչքան հետեւողականօրէն յարձակին մեր եկեղեցւոյ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ դէմ ՀՀ իշխանութիւններուն սանձազերծած յարձակումներուն ու հալածանքներուն եւ հակազգային գործունէութեան ի տես, Հ.Յ.Դ. Բիւրոն բացարձակապէս անընդունելի կը գտնէ այդ բոլորին հեղինակ անձը արժանացնել Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.-ի յատուկ ուշադրութեան, ինչ որ արդարօրէն յառաջացուցած է Սփիւռքի եւ Հայրենիքի հայ հանրութեան բուռն ընդվզումը: Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցածը ծրագրուած յարձակում է ոչ միայն Հայ եկեղեցուոյ, այլ հաւատաւոր ողջ...

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ամսթերտամի մէջ ընթացող Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան համագումարը երէկ ընդունած է շարք մը բանաձեւեր, ուր տեղ գտած են ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ ներկայացուած դրոյթներ: Մասնաւորապէս` Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները, թոյլատրելու արցախահայութեան վերադարձը միջազգային դիտարկումը պայմաններուն մէջ եւ ապահովելու հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը: Ընդունուած բանաձեւով նաեւ կարեւոր...

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է իր գործիքները ներդրելու ոչ միայն «Թրամփի ուղի» նախագիծի, այլ նաեւ ամբողջ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ կապակցուածութիւնը խթանելու համար: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Սիւնիքի մարզին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս` խօսելով Ուաշինկթընի մէջ 8 օգոստոսին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու ստորագրած փաստաթուղթերու մասին: «Իրադարձութիւնները եւ հանդիպումները, որոնք...

Բրիտանիան Ամբողջութեամբ Կը Ջնջէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը

Բրիտանիան Ամբողջութեամբ Կը Ջնջէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը

Բրիտանիան ամբողջութեամբ կը ջնջէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նկատմամբ զէնքի մատակարարման արգելքը: Այս մասին նշուած է Բրիտանիոյ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հարցերով պետական նախարար Սթիւըն Տաութիի յայտարարութեան մէջ: «Մենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները կը բարձրացնենք մինչեւ առեւտուրի, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ ռազմավարական գործընկերութիւն: Հաշուի առնելով արձանագրուած յառաջընթացը` կը կարծենք, որ 1992 թուականի ԵԱՀԿ-ի զէնքի մատակարարման արգելքը այլեւս արդիական...

Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Կալանաւորուեցաւ

Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Կալանաւորուեցաւ

Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպս. Պռօշեան երէկ կալանաւորուեցաւ: Փաստաբան Երեմ Սարգսեան յայտնեց, որ դատարանը բաւարարած է քննիչի միջնորդութիւնը` կալանք 2 ամիս ժամկէտով: Սրբազանը կը մեղադրուի քրէական օրէնսգիրքի 210-րդ յօդուածի 5-րդ մասով նախատեսուած արարքով` ընտրական իրաւունքին խոչընդոտելը` իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները օգտագործելով, եւ 236-րդ յօդուածի 3-րդ մասով` հաւաքներուն մասնակցելուն հարկադրելը` կրկին լիազօրութիւնները օգտագործելով: Նախանցեալ օր իրաւապահները գործողութիւններ իրականացուցած էին Հայ առաքելական...

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Երեւանին եւ Պաքուին խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման հարթակ տրամադրելու վերաբերեալ Ռուսիոյ առաջարկը կը մնայ ի զօրու: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին: «Ակնյայտ է, որ մեր ծրագիրները կեանքի կոչելու համար տակաւին շատ ընելիքներ կան: Մենք պատրաստ ենք Երեւանին եւ Պաքուին տրամադրել անհրաժեշտ ամբողջ օգնութիւնը` մնացած տարակարծութիւնները յաղթահարելու համար, ներառեալ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններու համաձայն»,...

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Երէկ ձերբակալուեցաւ Արագածոտնի թեմի Սաղմոսավանքի հոգեւոր հովիւ Փառէն քհնյ. Առաքելեան, բերման ենթարկուեցան շարք մը այլ հոգեւորականներ, որոնց կարգին` Արագածոտնի թեմի առաջնորդը: Թէ ո՞րն է ձերբակալութիւններուն պատճառը, Մայր աթոռի Ս. Էջմիածինի բանբեր Եսայի քհնյ. Արթենեան ըսաւ, որ իրենք մանրամասնութիւններէն տեղեակ չեն, եւ որ իրենք ալ պէտք է որոշ պարզաբանումներ ստանան: Ամէն պարագայի Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէնը բարձրաստիճան հոգեւորականներու ձերբակալութիւններն ու...

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնենի հետ Պաքուի մէջ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթին: Պայրամով «ընդգծած է խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք յաջորդ քայլերը եւ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու վերացման անհրաժեշտութիւնը»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան...

Page 5 of 697 1 4 5 6 697

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?