Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրոնօ. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Կողմէ Հայաստան Բեռներու Տարանցման Բոլոր Սահմանափակումներու Վերացումը»

October 23, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող դրական քայլերուն, ներառեալ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստան ապրանքներու տարանցման բոլոր սահմանափակումներու վերացման: Այս մասին յայտարարած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ:

«Ժընեւի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններու նախագահներու հանդիպումը ոգեշնչող է: Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Շիրակ-Կարս երկաթուղային գիծի վերականգնման վերաբերեալ Հայաստան-Թուրքիա հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները», ըսած է Կրոնօ:

Ան նշած է, թէ Երեւանի մէջ կը նախատեսուին կլոր սեղաններ քաղաքացիական հասարակութեան փորձագէտներու հետ, եւ յայտնած Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը աջակցելու երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն եւ լրացուցիչ ձեռնարկներուն:

Նշենք, որ Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով Թիֆլիսի մէջ «Մետաքսի ճամբայ» 5-րդ համախմբումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ  յայտարարած է. «Հայաստանի հետ տարանցիկ սահմանափակումները վերացնելով` Ազրպէյճան նպաստած է վստահութեան վերականգնման»:

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի օրակարգին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները պատմական նշանակութիւն ունին շրջանին մէջ կայուն համագործակցութիւն ապահովելու համար», ըսած է Ասատով:

 

Նախորդը

Մարթա Քոս. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Կարգաւորման Հոլովոյթի Մէջ Յառաջընթացը Կը Փոխէ Շրջանը»

Յաջորդը

Պայրամով. «Դրական Զարգացումներու Շարքին Ուշագրաւ Է Ազրպէյճանի Բեռներու Իր Տարածքով Դէպի Հայաստան Տարանցումը Արտօնելը»

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.