Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

October 18, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ամսթերտամի մէջ ընթացող Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան համագումարը երէկ ընդունած է շարք մը բանաձեւեր, ուր տեղ գտած են ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ ներկայացուած դրոյթներ:

Մասնաւորապէս` Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները, թոյլատրելու արցախահայութեան վերադարձը միջազգային դիտարկումը պայմաններուն մէջ եւ ապահովելու հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը: Ընդունուած բանաձեւով նաեւ կարեւոր կը նկատուի Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացումներու շարունակական դիտարկումը` ներառեալ օրէնքի գերակայութիւնը, դատական անկախութիւնը եւ քաղաքական ազատութիւններու պաշտպանութիւնը:

Համագումարի որդեգրած բանաձեւերէն «Խաղաղութեան, բարօրութեան եւ ներառականութեան խթանումը Եւրոպայի եւ անոր դրացի շրջաններուն մէջ» բանաձեւին մէջ, Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութիւնը կը նշէ.

«Մենք կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը բոլոր այն միջազգային ջանքերուն, որոնք ուղղուած են խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման Հարաւային Կովկասի մէջ, մասնաւորապէս` Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայման միջոցով:

Ազրպէյճան պէտք է ազատ արձակէ բոլոր հայ գերիները, ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգ վերադարձը` միջազգային վերահսկողութեան ներքեւ եւ պահպանէ շրջանի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: Մենք կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը Ազրպէյճանի ժողովրդավարական ընդդիմութեան: Մենք կ՛ընդգծենք Հայաստանի ներքին ժողովրդավարական գործընթացներու շարունակական դիտարկումի կարեւորութիւնը, ներառեալ` օրէնքի գերակայութիւնը, դատական անկախութիւնը եւ քաղաքական ազատութիւններու պաշտպանութիւնը»:

Համագումարը Եւրոպայի ընկերվարականներու բարձրագոյն ժողովն է, ուր կը քննարկուի համաեւրոպական այս մեծ կուսակցութեան նախընթաց գործունէութիւնը, կ՛որոշուին ռազմավարական եւ ծրագրային քաղաքական առաջնահերթութիւնները, կ՛ընտրուի կուսակցութեան նոր գործադիր մարմին:

Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան իբրեւ լիիրաւ անդամ կ՛անդամակցին եւրոպական 33 կուսակցութիւններ, իբրեւ ընկերակից` 13, իսկ դիտորդ անդամներու թիւը 15-ն է: Անդամակցութեան կարգավիճակը կախուած է Եւրոպական միութեան հետ պատկան երկրի յարաբերութիւններու բնոյթէն: ՀՅ Դաշնակցութիւնը Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան անդամակցող միակ քաղաքական ուժն է:

Այս կուսակցութեան հետ միջկուսակցական կապերու շարունակական զարգացումը ՀՅ Դաշնակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է:

ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը կը ներկայացնեն Գասպար Կարապետեանը, Սարինէ Աբրահամեանը, Գէորգ Ղուկասեանը, Նարօտ Նորամանեանը: Կը նախատեսուի ՀՅԴ պատուիրակութեան աշխուժ մասնակցութիւնը համագումարի աշխատանքներուն, հանդիպումներ բազմաթիւ երկիրներու ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակի քննարկում:

Նախորդը

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Յաջորդը

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.