Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնենի հետ Պաքուի մէջ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթին:
Պայրամով «ընդգծած է խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք յաջորդ քայլերը եւ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու վերացման անհրաժեշտութիւնը»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, թէ կողմերը «դրական գնահատած են» որոշումի որդեգրումը կասեցնելու գործունէութիւնը ԵԱՀԿ-ի կառոյցներու` Մինսքի հոլովոյթի, գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի եւ բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբի, որոնք «կորսնցուցած են իրենց գործնական նշանակութիւնը»: