Հայկական

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Կարելի չէ լռել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ, այլապէս այդ լռութեան գինը երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներու թիւին աւելնալը պիտի ըլլայ: Այս նպատակով երէկ` 29 հոկտեմբերին Ազգային ժողովին մօտ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` ի պաշտպանութիւն Հայաստանի քաղաքական բանտարկեալներու եւ Պաքուի մէջ պատանդառուած հայ գերիներու: Ցոյցին կը մասնակցէին ՀՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի  երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներու, այլ քաղաքական ուժերու,  հասարակական միաւորումներու երիտասարդներ: Ազգային...

Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ այս տարուան վերջ ստեղծել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ առաջին աշխատանքային խումբերը: Այս մասին «Ռիփորթ»-ի Միացեալ Նահանգներու գրասենեակին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը շարունակէ խորացնել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը` հիմնուելով ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն վրայ: «Միացեալ Նահանգները յանձնառու են իրականացնելու 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած...

Շարունակենք Լռել

Թրամփ Դարձեալ Խօսած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հարաւային Քորէայի մէջ դարձեալ խօսած է Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման մասին: «Անոնց միջեւ տագնապը տեւած է 38 տարի: Նոյնիսկ Փութինը հիացմունք յայտնած էր եւ ըսած, թէ անոնք չէին կրնար այդ տագնապը լուծել: Սպիտակ տան մէջ անոնք հեռու նստած էին, սակայն հանդիպումի ընթացքին կամաց-կամաց մօտեցած են իրարու...

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

28 հոկտեմբերին մամլոյ ասուլիս տուին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Թադեւոս Աւետիսեանը եւ Գառնիկ Դանիէլեանը` ամփոփելով խորհրդարանական շաբաթը եւ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն: Թադեւոս Աւետիսեան յայտնեց, որ Հայաստանի 2026-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումը ցոյց տուաւ, որ կառավարութիւնը չէ գործադրած ընկերային բնագաւառին վերաբերող իր խոստումները, զորս տուած էր քաղաքացիներու առաւել խոցելի խումբի շուրջ 40 տոկոսին: Ըստ անոր, իշխանութիւնները բազմիցս խոստացած են բարձրացնել կենսաթոշակները, աւելցնել...

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ լիագումար նիստին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան անդրադարձաւ Հայաստան-Ազրպէյճան կապերուն եւ շեշտեց, որ բոլորը կը փափաքին խաղաղութիւն ունենալ, սակայն մնայուն խաղաղութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ արդարութեան եւ ազնուութեան վրայ, իսկ արդարութիւնը կը պահանջէ, որ բոլոր կողմերուն կենսական շահերը պաշտպանուած եւ յարգուած ըլլան, եւ ասիկա 2 կողմերէն բարի կամք կը պահանջէ: «Ցաւօք, մենք...

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ.  «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր,  Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ. «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր, Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»

Վերջապէս Հայաստանը կը յաւակնի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու ըլլալ, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել նաեւ ներքին խնդիրներուն: Այս մասին Եւրոնեսթ Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական, մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան հարցերու յանձնախումբի նիստին ժամանակ յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի սպանացի երեսփոխան, Թուրքիոյ հարցերով մնայուն զեկուցող Նաչօ Սանչես Ամոր: Անոր համաձայն, Խօսքը Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու մասին չէ: «Այլ այն, ինչ, տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի հաւաքներու ընթացքին....

«Արեւմտեան Ազրպէյճանի Համայնք»-ը Պրիւքսելի Մէջ  «Վերադարձի Իրաւունք»-ի Հարցերով  Խորհրդաժողով Կազմակերպած Է

«Արեւմտեան Ազրպէյճանի Համայնք»-ը Պրիւքսելի Մէջ «Վերադարձի Իրաւունք»-ի Հարցերով Խորհրդաժողով Կազմակերպած Է

«Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ը ֆրանսական «ՔԱՓ Ֆրիտըմ աֆ Քանշընս» ոչ կառավարական կազմակերպութեան հետ Պրիւքսելի մէջ «Վերադարձի իրաւունքը միջազգային օրէնքին մէջ» խորագիրով խորրհդաժողով կազմակերպած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պետական «Ազերթաճ» լրատուամիջոցին  համաձայն «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի նախագահ Ազիզ Ալեքպարլի մասնակիցներուն ներկայացուցած է կազմակերպութեան ստեղծման հիմնական նպատակները, պնդած, թէ «արեւմտեան ազրպէյճանցիները» անցեալ դարու ընթացքին համակարգուած եւ աստիճանաբար տեղահանուած են իրենց...

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»

«Շատ եռանդուն երկխօսութիւն ունինք Թուրքիոյ հետ», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան` նշելով. «Ես շատ լաւատես եմ այս առումով եւ կը կարծեմ, որ յառաջիկային պէտք է, որ շատ շօշափելի արդիւնքներ ունենայ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ նկատի ունի շօշափելի արդիւնք ըսելով, Միրզոյեան կրկին փակագիծեր չբացաւ, միայն նշեց, թէ նկատի ունի «այնքան շօշափելի արդիւնք, որ...

Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին

Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, թէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները հրաւիրուած են Երեւան` 2026 թուականին Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար: «Այո՛, մենք հրաւէրներ ներկայացուցած ենք: Փաստաթուղթ տակաւին չենք ուղարկած, սակայն բարձրագոյն մակարդակով մասնակցելու բանաւոր հրաւիրած ենք», ըսած է ան` աւելցնելով, որ անոնց մասնակցութեան մասին որեւէ բան կարելի չէ ըսել: «Այս ամէնը շատ թարմ է,...

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին

Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը պիտի չմասնակցի «ԵւրոՆեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ նիստին: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է պատուիրակութեան ղեկավար Թահիր Միրքիշիլի: Անոր համաձայն, Եւրոպական խորհրդարանի փաստաթուղթերն ու յայտարարութիւնները, որոնք կը կազմեն ԵւրոՆեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի գործունէութեան կէսը, կը հակասեն Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: «Այս յայտարարութիւնները նաեւ չեն խթաներ շրջանին մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը: Ընդհակառակն`...

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Ուրբաթ, 24 հոկտեմբերին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, իբրեւ Հայաստան-Արժանթին եւ Հայաստան-Ուրուկուէյ խորհրդարանական բարեկամական խումբերու ղեկավար, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ խումբի անդամներուն հետ հանդիպած է Հայաստանի մէջ Ուրուկուէյի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սիլվանա Լեսքա Պարոլինին: Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած են հայ-ուրուկուէյական աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը եւ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման կարեւորութիւնը: Սաղաթէլեան յատուկ կարեւորութեամբ նշած է Ուրուկուէյի մէջ...

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Փտածութեան մեղադրանքով կալանքի տակ գտնուող Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի նկատմամբ նոր մեղադրանք առաջադրուած է այս անգամ Քննչական կոմիտէին կողմէ` իշխանութիւնը զաւթելու, երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու գծով հրապարակային կոչեր ուղղելու յօդուածով: Խօսքը հարցազրոյցի մը մասին է, որուն մէջ Ղուկասեան Հակափտածութիւն դատարանին մօտ լրագրողներու հարցումին ի պատասխան հետեւեալ կարծիքը յայտնած էր. «Իմ ցանկութիւնս է, որ միութիւն կազմենք,...

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատմած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան վերաբերեալ իր ու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի զրոյցի մասին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ անդրադառնալով Փութինի հետ հաւանական նոր հանդիպումի մասին լրագրողի հարցումին` Թրամփ ըսած է, թէ ժամանակը վատնելու չի պատրաստուիր: Սպիտակ տան ղեկավարը ընդգծած է, թէ միշտ հիանալի յարաբերութիւններ ունեցած է Փութինի հետ, սակայն հիասթափուած է, որովհետեւ կը...

«Հայաստանի Իշխանութիւնը Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակելով Իր Լիազօրութենէն Անդին Կ՛անցնի»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Պատրիարքին Խորհրդականը

«Հայաստանի Իշխանութիւնը Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակելով Իր Լիազօրութենէն Անդին Կ՛անցնի» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Պատրիարքին Խորհրդականը

Հայաստանի իշխանութիւնները Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ յարձակումներով եւ սպառնալիքներով կը գերազանցեն իրենց լիազօրութիւնները. եկեղեցին օրէնքով առանձնացուած է պետութենէն, հայ ժողովուրդը եկեղեցիին կը վերաբերի մեծ յարգանքով, եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եկեղեցին իր հայեցողութեամբ բարեփոխելու լիազօրութիւն չէ տրուած: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի խորհրդական աւագ քահանայ Նիքոլայ Պալաշով: «Կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ Հայաստանի կառավարութեան...

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Ցաւակցագիր

Խոր վշտով տեղեկացանք ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիների ներկայացուցիչ ընկեր Հրանտ Մարգարեանի որդու՝ Մխիթար Մարգարեանի մահուան մասին։ Այսու մեր խորին ցաւակցութիւններն ենք յայտնում Մարգարեան ընտանիքին եւ հանգուցեալի բարեկամներին ու ընկերներին այս դառնաղէտ մահուան կապակցութեամբ։ Վշտակիր հարազատներին ցանկանում ենք համբերութիւն, տոկունութիւն եւ ոգու կորով, մաղթելով Սուրբ Հոգու անսպառ մխիթարութիւն։ ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 24-ին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամուլի ասուլիս` «Վենետիկի յանձնաժողովը արձանագրած է քրէական շարք մը գործերու ապօրինի ըլլալը» նիւթով, զոր վարեցին ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը, իրաւապաշտպաններ Վահէ Գրիգորեանը եւ Վարազդատ Յարութիւնեանը: Ա. Մինասեան դիտել տուաւ, որ Վենետիկի յանձնաժողովը արձանագրած է, որ Հայաստանի մէջ կիրարկուող քրէական շարք մը գործեր ապօրինի են, յատկապէս...

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեան, Աննա Գրիգորեան եւ Արմէն Գէորգեան 23 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցան Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վասիլիս Մարակոսի հետ` վերջինիս խնդրանքով: Հանդիպումին ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութիւնը շարք մը հարցերու վերաբերեալ իր տեսակէտները ներկայացուց: Մասնաւորաբար անդրադարձ կատարուեցաւ հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակին, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան եւ խօսքի...

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

24 հոկտեմբերին Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Հռոմի մէջ այցելեց  Հայ կաթողիկէ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սալամ յայտնեց, որ նկատի ունենալով, թէ Վատիկանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման առիթով Լիբանանը ներկայացուցած էր Լիբանանի նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն, ինք եւս...

Արցախցիներուն Մօտ Ընդվզում Յառաջացնելով` Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Արցախը Շրջափակողը Երեւան Հրաւիրեց

Արցախցիներուն Մօտ Ընդվզում Յառաջացնելով` Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Արցախը Շրջափակողը Երեւան Հրաւիրեց

Հայաստանի իշխանութիւններուն անընդունելի արարքներու ծիրին մէջ, յատկապէս արցախցիներուն մօտ ընդվզում յառաջացնող քայլով մը Հայաստան հրաւիրուած են 2022-ին Արցախը շրջափակած եւ օրին իրենք զիրենք իբրեւ կենսոլորտի պաշտպան կոչողները, որոնց ներկայութիւնը խստօրէն դատապարտեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը, որ շեշտեց, թէ այսպիսի քայլ մը մեծ վիրաւորանք է նաեւ արցախցիներու զգացումներուն: Թէեւ hայկական կողմէ այս հանդիպումին մասնակցած Անվտանգային քաղաքականութեան հետազօտական կեդրոնի ղեկավար...

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով

Փաստաբանները դիմում ներկայացուցած են Անձերու կամայական կալանաւորման հարցերով ՄԱԿ-ի աշխատանքային խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի անյապաղ ազատ արձակման պահանջով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրի Արմինիըն Հոսթէյճըզ» դիմատետրեան էջը: Ազրպէյճանի մէջ կամայականօրէն կալանաւորուած 46-ամեայ հայ զբօսավար Վիգէն Իւլճեքեանի իրաւական ներկայացուցիչները պաշտօնապէս դիմած են ՄԱԿ-ի Անձերու կամայական կալանաւորման հարցերով աշխատանքային խումբին` անոր անյապաղ ազատ արձակման պահանջով, մատնանշելով միջազգային օրէնքի լուրջ խախտումներն ու Իւլճեքեանի կեանքը...

Page 4 of 697 1 3 4 5 697

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?