«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ երրորդ կողմի առջեւ պարտաւորութիւն չէ ստանձնած եւ պիտի չստանձնէ փոխելու Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը», երէկ յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան: «Ինչպէս նախապէս, այդպէս ալ հիմա, այդպիսի հարց իբրեւ փոխհամաձայնեցուած օրակարգի հարց գոյութիւն չունի մեր քննարկումներուն մէջ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ/կամ նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու հարցը բացառապէս ներքաղաքական օրակարգի եւ մեր ժողովուրդի որոշելիքն է», նշեց նախարարը: Պաքուն կը շարունակէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման համար իբրեւ նախապայման դնել Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, մասնաւորապէս հանել Անկախութեան հռչակագիրը, ուր յիշատակում կայ Լեռնային Ղարաբաղի մասին: Հայաստանի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ տարածքային պահանջներ...




















