Երէկ ձերբակալուեցաւ Արագածոտնի թեմի Սաղմոսավանքի հոգեւոր հովիւ Փառէն քհնյ. Առաքելեան, բերման ենթարկուեցան շարք մը այլ հոգեւորականներ, որոնց կարգին` Արագածոտնի թեմի առաջնորդը:
Թէ ո՞րն է ձերբակալութիւններուն պատճառը, Մայր աթոռի Ս. Էջմիածինի բանբեր Եսայի քհնյ. Արթենեան ըսաւ, որ իրենք մանրամասնութիւններէն տեղեակ չեն, եւ որ իրենք ալ պէտք է որոշ պարզաբանումներ ստանան: Ամէն պարագայի Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէնը բարձրաստիճան հոգեւորականներու ձերբակալութիւններն ու խուզարկութիւնները կը դիտարկէ իշխանութիւն-եկեղեցի հակամարտութեան շրջանակին մէջ:
«Ուրիշ այլ շրջանակ չենք տեսներ, բնականաբար եկեղեցւոյ դէմ արշաւի շրջանակներուն մէջ կը մտնէ», ըսաւ Մայր աթոռի բանբերը:
Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպս. Պռօշեանի գտնուելու վայրը քանի մը ժամ անյայտ էր: Քննչական կոմիտէէն կը հրաժարէին ըսել, թէ ուր է ան: 7 ժամ ետք մարդու իրաւունքներու պաշտպանի օգնութեամբ յայտնի դարձաւ, որ ան կը գտնուի Քննչական կոմիտէի Կենտրոնի բաժինին մէջ:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ բերման ենթարկուած չորս քահանաներու` տէր Համբարձումի, տէր Նարեկի, տէր Սարգիսի եւ տէր Օշինի գտնուելու վայրը եւս անյայտ է:
Կը հաղորդուի, որ նախքան բերման ենթարկելը կանուխ առաւօտէն խուզարկութիւններ եղած են հոգեւորականներու տուներուն եւ Արագածոտնի թեմի առաջնորդարանին մէջ:
Աւելի ուշ մեղադրանք ներկայացուեցաւ Արագածոտնի առաջնորդ Մկրտիչ եպս. Պռօշեանի դէմ: