Արեւմուտքը Հայաստանը կ՛օգտագործէ իբրեւ աշխարհաքաղաքական պայքարի գործիք: Այս մասին ԹԱՍՍ-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:
«Վերջերս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հարցազրոյցի ընթացքին նշած է, որ Հայաստանի գիծը Ռուսիոյ շահերուն վնաս հասցնել չ՛ենթադրեր: Բայց եւ այնպէս, կը տեսնենք, որ Երեւանը կ՛արագացնէ արեւմտեան երկիրներու եւ միաւորներու հետ ռազմաքաղաքական ու տնտեսական մերձեցումը: Մեր հայ գործընկերներուն բազմիցս ըսած ենք, որ Մոսկուայի հետ հակադրութեան մէջ Հայաստանը Արեւմուտքի համար աշխարհաքաղաքական պայքարի գործիք է», ըսած է փոխնախարարը:
Ըստ Կալուզինի, Երեւանի մէջ գիտեն Մոսկուայի սկզբունքային գնահատականները Եւրոպական Միութեան անդամակցելու եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան անհամատեղելիութեան մասին: Ան ընդգծած է, որ այլ համարկումի միաւորման կարգաւորումներուն անցնելու պարագային Երեւան պիտի չկարենայ ապահովել ԵԱՏՄ-ի արժեչափերու եւ կանոններու պահպանումը, ինչ որ յղի է համապատասխան հետեւանքներով:
«Յոյս ունինք, որ հանրապետութեան մէջ պիտի առաջնորդուին գործնապաշտութեամբ. հայկական տնտեսութեան աճի բարձր կշռոյթները, գնաճի ցած մակարդակը, կայուն ազգային արժոյթը, հայկական արտադրութեան սպառման ընդարձակ շուկան. այս բոլորի գրաւականը Ռուսիոյ հետ եւ ԵԱՏՄ ծիրին մէջ համագործակցութիւնն է», նշած է փոխնախարարը:
Կալուզին նշած է, որ Ռուսիան, ինչպէս նախապէս, Երեւանը կը նկատէ Հարաւային Կովկասի մէջ Մոսկուայի բնական դաշնակիցը: Ան յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու ռազմավարական կարգավիճակը ամրագրուած է հարուստ իրաւապայմանագրային հիմքով:
«Մենք միշտ կողմնակից եղած ենք ուժեղ եւ իսկապէս գերիշխան հայկական պետութեան: Համոզուած ենք, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի դաշնակցային փոխադարձ գործակցութիւնը այլընտրանք չունի: Մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ ամուր կապերը մեծապէս կը ձեւաւորուին հանրապետութեան եւ ընդհանուր շրջանի կայուն զարմացման հիմքը: Երկկողմանի համագործակցութիւնը, ընդհանուր եւրասիական կառոյցներու ծիրին մէջ համակարգուած աշխատանքը Հայաստանի ապագայ բարգաւաճման գրաւականն են», ըսած է Կալուզին:
«Կը շարունակենք ուշադիր հետեւիլ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ իր պարտաւորութիւններու կատարման հարցին մէջ Հայաստանի գործողութիւններուն», յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Ան ռուսական լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ընդգծած է, որ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ համագործակցութեան ծիրին մէջ կարեւորագոյնը` «եւ ատիկա բազմիցս ընդգծած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, այն է, որ Երեւանը կը մնայ միաւորման լիիրաւ անդամ»:
«Մենք Հայաստանը դաշնակցային համագործակցութենէն դուրս չենք ձգեր` պահպանելով անոր իրաւունքը միանալու կազմակերպութեան ծիրին մէջ մշակուող բոլոր որոշումներուն: Միեւնոյն ժամանակ, մենք կը շարունակենք ուշադիր հետեւիլ մեր գործընկերներու արեւմտեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ գործողութիւններուն, ներառեալ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ իրենց պարտաւորութիւններու կատարումը», նշած է Կալուզին:


