Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` դատապարտելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան քաղաքականապէս դրդուած արշաւը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը խորին ափսոսանքով եւ առաւելագոյն վճռականութեամբ կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ սկսած բռնաճնշումները: Այս սրացումը նոր` առաւել վտանգաւոր փուլ թեւակոխած է` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նկատմամբ յարուցուած անհիմն եւ ապօրինի հետապնդումներով, այնպիսի գործողութիւններու համար, որոնք ակնյայտօրէն կը գտնուին բացառապէս հոգեւոր իշխանութեան իրաւասութեան ներքեւ: Քաղաքական բնոյթի այս արշաւը` ուղղուած Հայ եկեղեցւոյ գերագոյն առաջնորդի եւ անոր հոգեւորական դասին դէմ, անթոյլատրելի ոտնձգութիւն է հայկական ազգային ինքնութեան հիմնասիւներէն մէկուն նկատմամբ: Անիկա կը թուլացնէ ամբողջ ազգը` հայրենիքէն մինչեւ սփիւռք` անոր մէջ յառաջացնելով պառակտում, որմէ կրնան ուրախանալ միայն անոր հակառակորդները:
Այն պահին, երբ հայ ժողովուրդը կանգնած է արտաքին լուրջ սպառնալիքներու առջեւ, ան չի կրնար ինքնիրեն թոյլ տալ նման բախումներ, որոնք նոյնքան անպատշաճ են, որքան կործանարար` անոր միասնութեան եւ բարոյական ուժին համար: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր ամբողջ կառավարութեան խելքի գալու եւ անմիջապէս վերջ դնելու այս վտանգաւոր շեղումներուն, որոնք կը յիշեցնեն ստալինեան շրջանի գործելակերպը եւ մեր պատմութեան ամէնէն մութ էջերը: Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կը պահանջէ անյապաղ վերատեսութեան ենթարկել Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վեց եպիսկոպոսներու եւ անոր քարտուղարին նկատմամբ ընդունուած ապօրինի որոշումները: Խորհուրդը իր յարգանքը կը յայտնէ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Հայ առաքելական եկեղեցիին` վստահեցնելով իր լիակատար աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը:


