Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Ազրպէյճան Վերադարձի Հարցը Պիտի Դիտարկէ Փոխադարձութեան Պայմանով»

February 17, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ իրականացուած շինծու դատավարութեան արդիւնքներուն յայտնեց. «(Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ) Վանսի հետ քանի մը ժամ տեւած քննարկման ընթացքին այդ հարցը նոյնպէս բարձրացուած է, եւ ես Ազրպէյճանի դիրքորոշումը ներկայացուցած եմ, եւ վերջ: Մենք հիմնականին մէջ քննարկած ենք երկկողմանի յարաբերութիւները, շրջանային զարգացումը, ԹՐԻՓՓ-ը եւ Հայաստանի հետ պաշտօնական խաղաղութեան հեռանկարները: Ինչ կը վերաբերի այս մարդոց, զորս դուք յիշատակեցիք, անոնք անօրինական անջատողական վարչակարգի ղեկավարներն են, որոնք անօրինական կերպով գործած են մեր տարածքին մէջ` գերիշխան ազրպէյճանական պետութեան տարածքին մէջ, որ իբրեւ այդպիսին ճանչցուած է միջազգային ամբողջ ընտանիքին, ներառեալ Հայաստանի կողմէ:

«Տարիներ շարունակ այս մարդիկը եղած են ազրպէյճանցիներու եւ Ազրպէյճանի դէմ բոլոր զինուորական յանցագործութիւններուն կազմակերպիչները եւ անոնք ենթարկուած են արդարադատութեան: Անոնք ձերբակալուած են Ղարաբաղի մէջ մեր զինուորական գործողութեան հետեւանքով եւ ենթարկուած արդարադատութեան: Անոնց տրամադրուած են փաստաբաններ: Դատավարութիւնը բացարձակապէս թափանցիկ էր: Անոնց յանցագործութիւնները ապացուցուած են վկաներու ցուցմունքներով, բազմաթիւ ցուցմունքներով, եւ չկայ որեւէ կասկած անոնց յանցագործութեան վերաբերեալ»:

Լրագրողի հարցումին, թէ կարելի՞ է ներում շնորհել Ազրպէյճանի մէջ դատապարտուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, Ալիեւ պատասխանած է. «Գիտէք, այս մարդիկ լուրջ յանցագործութիւններ կատարած են մարդկութեան դէմ: Դուք կը պատկերացնէ՞ք Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Նիւրեմպերկեան դատավարութիւնները, երբ նացի ղեկավարնեը դատապարտուեցան մահապատիժի, եւ երկու ամիս ետք մէկը ըսէր` կը խնդրեմ զանոնք ազատ արձակել»-ը:

«Ձեզի համար նո՞յնն է» հարցումին Ազրպէյճանի նախագահը ըսած է. «Այո՛, անկասկած: Աւելի վատ է, աւելի վատ: Անոնց յանցագործութիւնները նոյնիսկ աւելի վատ էին, քան նացիներուն կողմէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակ կատարուածները»:

Պատասխանելով արցախցիներու վերադարձի մասին հարցումին` Ալիեւ ըսած է, որ եթէ Հայաստան նման դիմում ներկայացնէ, Ազրպէյճան զայն պիտի դիտարկէ, սակայն ատիկա կրնայ տեղի ունենալ փոխադարձութեան սկզբունքով:

«Մենք Ղարաբաղ ապրող բոլոր հայերուն առաջարկած ենք քաղաքացիութեան կամ աշխատանքի արտօնութեան համար դիմել: Անոնց ներկայացուցիչներուն հետ հաղորդակցութիւններ եղած են, սակայն անոնք նախընտրած են Հայաստան հեռանալ: Նոյն ատեն հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանցիներ արտաքսուած են Հայաստանի ներկայ տարածքէն, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը երբեք առաջարկ չէ ըրած անոնց վերադարձի համար:

«Վերադարձի իրաւունքը համընդհանուր իրաւունք է, եւ Ազրպէյճանը պիտի պահպանէ զայն, եթէ դիմումներ ըլլան: Սակայն, հաշուի առնելով, որ մենք 30 տարի պատերազմած ենք, եւ մեր տարածքը բռնագրաւուած էր, կ՛ակնկալենք նոյն վերաբերմունքը հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանցիներու նկատմամբ, զորս մենք կը կոչենք Արեւմտեան ազրպէյճանցիներ», ըսած է Ալիեւ:

Ի պատասխան այն հարցումին, թէ արդեօք մօտիկ ապագային կը սպասուի՞ լիակատար խաղաղութիւն եւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորում, Ալիեւը նշած է, որ իր կարծիքով, այո:

Անոր համաձայն, 8 օգոստոսին Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը կը նշանակէ, որ հակամարտութիւնը աւարտած է եւ սկսած խաղաղութեան շրջան, որ, ըստ Ալիեւի, կրնար երկարաժամկէտ ըլլալ:

Նախորդը

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայ Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի

February 19, 2026
Աւստրիոյ Սանքթ Փէօլթըն Քաղաքին Մէջ  Սկսաւ Եպիսկոպոսաց Հաւաքը
Գլխաւոր լուրեր

Աւստրիոյ Սանքթ Փէօլթըն Քաղաքին Մէջ Սկսաւ Եպիսկոպոսաց Հաւաքը

February 19, 2026
Վանս. «Իրան Տակաւին Պատրաստ Չէ Թրամփի  Ճշդած Կարգ Մը Կարմիր Գիծերը Ընդունելու»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրան Տակաւին Պատրաստ Չէ Թրամփի Ճշդած Կարգ Մը Կարմիր Գիծերը Ընդունելու»

February 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.