Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տնտեսական հարցերով տեղակալ Ճէյքըպ Հելպըրկ եւս Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վանսի հետ 9-11 փետրուարին պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Այս մասին կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը կը նշէ, որ անոր Հայաստան եւ Ազրպէյճան այցելութիւնը պիտի նպաստէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի խաղաղութեան ջանքերուն եւ ԹՐԻՓՓ-ի յառաջ մղման:
Փոխնախագահ Վանս Հայաստան եւ Ազրպէյճան կ՛այցելէ` ամրապնդելու համար Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ձեռք բերուած խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ յառաջ մղելու «Թրամփի ուղի»-ն:
Ճէյքըպ Հելպըրկ 2022-էն 2024 թուականներուն եղած է Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան տնտեսական եւ անվտանգութեան վերատեսութեան յանձնախումբի յանձնակատարը: Ան նախապէս վարած է «Կուկըլ» ընկերութեան որոնման քաղաքականութեան համաշխարհային ղեկավարի պաշտօնը եւ եղած «ՃէօՔուանթ»-ի հիմնադիր խումբի անդամներէն:


