Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վանս եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ ստորագրեցին երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան կանոնադրութիւնը:
Ալիեւ յայտնեց, որ երկու երկիրները վեց ամիս աշխատած են փաստաթուղթին վրայ: Ալիեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Թրամփ-Վանս վարչակազմին` Ազրպէյճանի նկատմամբ «շատ դրական» վերաբերմունքին համար:
Ազրպէյճանի նախագահը հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Թրամփի վարչակազմի մեր շրջանին մէջ ջանքերու կարեւորագոյն արդիւնքներէն եւ հիմնական դրսեւորումներէն մէկը ԹՐԻՓՓ նախագիծն է` «Թրամփի ուղին միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար»:
«Մենք ոչ միայն վերացուցած ենք Ազրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան ապրանքներու տարանցման բոլոր սահմանափակումներու, այլ նաեւ սկսած ենք նաւթամթերք արտածել Հայաստան: Ասիկա, ըստ էութեան, կը նշանաւորէ առեւտուրի եւ համագործակցութեան սկիզբը:
«Թրամփի ուղի»-ն ոչ միայն Ազրպէյճանի երկու մասերը պիտի կապէ, այլ նաեւ պիտի դառնայ բարձր աստիճանի յուսալիութեամբ եւ անվտանգութեամբ խոշոր փոխադրամիջոցային միջանցք: Անիկա պիտի կապէ Եւրոպայի հետ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջոցով», աւելցուց Ալիեւ:
Վանս իր կարգին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ղեկավարութեամբ մենք կը բանանք աւելի ամուր եւ աւելի լաւ յարաբերութիւններու յաջորդ գլուխը»:
«Թրամփը, Փաշինեանը եւ Ալիեւը վերջ դրին տարիներու պատերազմին: Շրջանը վերջապէս խաղաղութեան մէջ է: Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմի նպատակը խաղաղութիւն հաստատելն է», նշեց ան:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը չարձագանգեց հնչած հարցումին, թէ արդեօք հանդիպումի ընթացքին պիտի արծարծէ՞ Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած տասնեակ գործիչներու եւ լրագրողներու խնդիրը:


