Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը

February 12, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս Պաքուի մէջ քննարկած է հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի բանբերը:

«Նախագահ Ալիեւն ու փոխնախագահ Վանսը քննարկած են նախագահ Թրամփի` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նախաձեռնութեան յաջորդ քայլերը:

«Անոնք կեդրոնացած են առեւտուրի եւ բարգաւաճման, ճարտարագիտութիւններու եւ դիւանագիտական կապերու վրայ, նաեւ խօսած են յաջորդ քայլերուն մասին, ներառեալ Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման Թրամփի ուղիին (ԹՐԻՓՓ) համար պայմանագիրներու կնքումը եւ արտօնութիւնները, ինչպէս նաեւ վստահութեան ամրապնդման քայլերը, ինչպիսիք են բանտարկեալներու ազատ արձակումը, ամերիկեան ներդրումները եւ շրջանային տնտեսական համարկումը», յայտնած է Վանսի բանբերը:

Ամերիկեան կողմը, սակայն, չէ մանրամասնած, թէ ազրպէյճանական կողմէն ի՛նչ արձագանգ եղած է, եւ արդեօք կա՞ն այս հարցով համաձայնութիւնները:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը Երեւանէն թռիչք առնելէն առաջ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ խոստացած էր Պաքուի մէջ արծարծել հայ գերիներու հարցը:

 

 

Նախորդը

Փելոսի. «Խորապէս Հիասթափեցնող Է, Թէեւ Ոչ Զարմանալի, Տեսնել, Որ Փոխնախագահ Վանս Կը Ջնջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութիւնը Ճանչցող Գրառումը»

Յաջորդը

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Ամերիկեան Եւ Իսրայէլեան Բանակներու Սպայակոյտերու Պետերը Ժողով Գումարած Են

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.