Հայաստան Դարձաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Լիիրաւ Անդամ
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստան երէկուընէ ի վեր միացած է Եւրասիական տնտեսական միութեան: Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի միութեան անդամակցելու մասին համաձայնագիրը ստորագրուած էր 10 հոկտեմբեր 2014-ին: Հայաստան 2 յունուար 2015-էն կը դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ անդամ, սակայն Եւրասիական տնտեսական միութեան գործադիր մարմիններուն մէջ պիտի ներկայանայ փոքր կազմով` մինչեւ անոնց լիազօրութիւններուն աւարտը: Մինչեւ 2015-ի աւարտը, մինչեւ աւարտի անոնց...

