Հայաստանի հետ սահմանին վրայ գտնուող «Ալիջան»-ի (Մարգարա) սահմանային անցակէտին համար նախապատրաստական աշխատանքները արագացած են: Այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Կը նշուի, որ Իգդիրի նահանգապետը ստուգած է սահմանային անցակէտին մէջ ընթացող վերակառուցման եւ արդիականացման աշխատանքները: Նախապատրաստական աշխատանքները, ըստ հաղորդումներու, կը մօտենան աւարտին:
Նախորդ ամիս ալ հաղորդուած էր, որ «Ալիջան» անցակէտին վրայ աշխատանքները 90 առ հարիւրով աւարտած են: Կառուցուած են սահմանապահ եւ մաքսային գործառոյթներու համար նախատեսուած շինութիւններ, տեղադրուած են գովազդային պաստառներ, որոնք պէտք է խրախուսեն Հայաստանէն Թուրքիա ժամանողներուն այցելել Իգդիր ու յարակից շրջաններ:


