Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛ուզէ, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը շարունակէ աշխատանքը մինչեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումն ու վաւերացումը, այս պահուս ժամկէտի աւարտէն ետք առաքելութիւնը շարունակելու քննարկում չկայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթեր, որ կ՛աւարտէ Հայաստանի մէջ իր աշխատանքը:
«Մեր լիազօրութիւնը կ՛աւարտի փետրուար 2027-ին, այնպէս որ մինչեւ միւս տարի լիազօրութեան առնչուած ոչինչ պիտի փոխուի: Ատկէ ետք Հայաստանի կառավարութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ պիտի քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կը պատկերացնեն ապագան: Կառավարութիւնը ուղղակիօրէն խնդրած է մեզմէ շարունակել սահմանին վրայ մեր պարեկութիւնը, սահմանային գիւղեր մեր այցելութիւնները: Ճիշդ այդ պիտի ընենք, քանի տակաւին խաղաղութեան պայմանագիրը չէ ստորագրուած եւ հաստատուած երկու կողմէն», ըսաւ Ռիթեր:
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավարին համաձայն, իրենց մինչեւ այս պահս 7780 պարեկութիւն կատարած ենք, հիւսիսէն-հարաւ ամբողջ երկայնքին. «Կրնամ ըսել, որ օգոստոս ամիսէն ի վեր ոչ մէկ միջադէպ արձանագրած ենք եւ կացութիւնը շատ աւելի հանգիստ եղած է: Մենք նաեւ սահմանի բնակիչներուն, դպրոցներ, տեղւոյն իշխանութիւններուն կ՛այցելենք` ցոյց տալու, որ անոնք առանձին չեն», յայտարարեց առաքելութեան ղեկավարը:
Անոր համաձայն, անցեալ գարունէն սահմանին վրայ կացութիւնը սկսաւ բարելաւուիլ, իսկ օգոստոսէն հանգիստ է:
«Մեր դիտարկումներով, նաեւ մարդոց հետ զրոյցներէն եզրակացուցած ենք, որ կայ դրական տրամադրուածութիւն, այս պահուն լարուածութեան վտանգ չենք տեսներ: Սակայն երբ երեք տարի առաջ եկանք, սահմանին վրայ շատ լարուածութիւն կար, կրակոցներ կային, սպաննուած կամ վիրաւորուած զինուորներ կային: Այդ ժամանակ բաւական լարուած էր», ընդգծեց Ռիթեր:_


