Ակնարկ. ԵԽԽՎ-ն Կը Հակասէ Եւրոպական Խորհրդարանին
Արցախի Հանրապետութիւնն ու ազատագրուած տարածքները ազրպէյճանական նկատող Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) բանաձեւը ոչ միայն հայկական կողմին համար, այլ ընդհանրապէս քաղաքական տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ ազրպէյճանական յաղթանակ նկատելը հիմնաւորեալ չի թուիր: ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը աւելի շատ երկու ուղղութեամբ խոր հակասութիւններ ստեղծող եւ այդ իմաստով նաեւ նման բանաձեւերու բովանդակութիւնն ու յատկապէս ազդեցիկութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող երեւոյթ է: Այս մէկը չի նշանակեր, որ նման...