Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պաշտօնական Նիկոսիոյ Ուշագրաւ Յայտարարութիւնը

Յունիս 3, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը հիւսիսային Կիպրոսն ու Արցախը չհամեմատելու դիտարժան բաժին ունի բազմակողմանիօրէն:

Նախ անշուշտ կը վերաբերի կիպրական կողմին: Երբ Պաքուն եւ Անգարան տարբեր առիթներու այս համեմատութիւնը կը կատարեն, քանի մը թիրախ բնականաբար ներառած կ՛ըլլան իրենց մարտավարական մօտեցումներուն մէջ: Թէեւ այստեղ երկու պետութիւններուն շարժառիթները տարբեր կրնան ըլլալ:

Մէջբերենք Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եոաննիս Քասուլիտեսի յայտարարութիւնը, որ կատարուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին: Ան ըսած է, որ սխալ է զուգահեռներ գծել բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի եւ Արցախի տագնապներուն միջեւ, որովհետեւ` «Ի տարբերութիւն հիւսիսային Կիպրոսի, որ բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, Արցախը հայկական պատմական տարածք է. անոնք մի՛շտ հոն եղած են, պայքարած են իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար եւ անկախութիւն հռչակած են:

Անգարայի պարագային քաղաքական ենթաթեքսթը առաւելաբար կարգավիճակ-կարգավիճակի դիմաց չյայտարարուած մօտեցումը գերակշռած ըլլայ. կամ այն, ինչ որ միջազգային ընտանիքին կողմէ կ՛արգիլուի հիւսիսային Կիպրոսի համար, պէտք է արգիլուած ըլլայ նաեւ Արցախի համար: Կամ այն, ինչ որ կ՛արտօնուի Արցախի համար, պէտք է արտօնուի նաեւ հիւսիսային Կիպրոսի համար: Աւելի առաջ երթանք քաղաքական ենթադրութիւններուն մէջ` ըսելու համար, որ Անգարան Արցախի ուղղութեամբ իր դիրքորոշումները կը պայմանականացնէ ոչ անպայման Պաքուի հաշուարկները ընելով բացառապէս, այլ նաեւ հիւսիսային Կիպրոսի նկատմամբ միջազգային ընտանիքէն ակնկալութիւններ իրականացնելու քաղաքականութիւն կիրարկելով:

Պաքուի համար շահարկուող համեմատութիւնը հաւանաբար այլ շարժառիթ ունի, ինչ որ կրնայ չհամապատասխանել Անգարայի ընկալումներուն: Այստեղ գերակայ միտքը գրաւուած ըլլալու կարգավիճակի արծարծումն է. հետեւաբար Պաքուն փորձ կը կատարէ միեւնոյն ընկալելիութիւնը ապահովել երկու տարածքներուն համար: Ինչպէս հիւսիսային Կիպրոսը, այնպէս Արցախը միջազգային ընտանիքը պէտք է շարունակէ ընդունիլ իբրեւ գրաւուած տարածքներ: Ահա այստեղ է Անգարայի եւ Պաքուի մօտեցումներուն տարբերութիւնները: Եւ եթէ Արցախի պատմականին եւ ներկային մասին կայ թուրքեւազրպէյճանական մօտեցումներու համատեղելիութիւն, ապա նուրբ տարբերութիւն գոյութիւն ունի հիւսիսային Կիպրոսի ուղղութեամբ կատարուած համեմատութիւնը ընկալելու առումով:

Եւ նոյնքան դիտարժան է, որ բողոքը, կատարուած այս համեմատութեան դիմաց, կու գայ միայն Պաքուէն: Պաշտօնական Անգարան լուռ է, մինչդեռ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը կը յայտարարէր, որ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին խօսքերը կը հակասեն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ կը նպաստեն Պաքուի դէմ հայկական կողմի «յարձակողապաշտ» քաղաքականութեան խրախուսման եւ միաժամանակ վնաս կը հասցնեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին:

Եթէ ընդունինք, որ բողոքի իրաւունքը իրեն կը վերապահէ Պաքուն` տրուած ըլլալով, որ Արցախի մասին է յայտարարութիւնը, ապա նոյն տրամաբանութեամբ Անգարան պիտի արձագանգէր` տրուած ըլլալով, որ յայտարարութիւնը կը վերաբերէր նաեւ իր կողմէ գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսին:

Հայկական կողմը այս նուրբ տարբերութիւնները նկատելով հանդերձ կը կեդրոնանայ յայտարարութեան քաղաքական  բովանդակութեան վրայ: Պաշտօնական Նիկոսիան այս անհամեմատելիութիւնը ընդգծելով շատ պարզ կը դարձնէ` որ Արցախը պատմականօրէն հայկական տարածք է, որ հայերը միշտ ապրած են այդ տարածքին մէջ,  որ անոնք պայքարած են իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար եւ  անկախութիւն հռչակած:

Պաշտօնական Նիկոսիոյ այս բանաձեւումը արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի վրայ կայացուցած որոշումի ճանաչումն է:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Եւ Նախարար Մկրտչեան Ընդունած Են Գերմանիոյ «Կէօթէ» Հիմնարկին Նախագահը

Յաջորդը

Թեր Սթիկըն Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Պարսելոնայի Հետ

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?