Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի կատարուին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած երեսփոխանական ընտրութիւններ:
Տարիներ շարունակ մեծամասնական դրութիւնը գործադրած Լիբանան այսօր պաշտօնապէս պիտի որդեգրէ համամասնական դրութիւնը` երկիրը վերածելով 15 ընտրաշրջանի եւ վերջ տալով 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադառնալու կամ խորհրդարանին նստաշրջանը երկարաձգելու հաւանականութիւններուն:
Կը նախատեսուի, որ արտերկրի լիբանանցիները եւս խորհրդարանին մէջ ներկայացուին, պայմանով որ սակայն ատիկա իրականանայ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, այսինքն` 2022-ին, եթէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին 2018-ին:
Ի տարբերութիւն արտերկրի լիբանանցիներու ներկայացուցչութեան իմաստով տրուած խոստումներուն, ընտրական նոր օրէնքին պիտի չներառուի իգական սեռի ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը:
Այդ մասնաբաժինը, որ պահանջուած էր նուազագոյնով` 30 առ հարիւրի համեմատութեամբ իրականացնել, զլացուեցաւ, գիտնալով հանդերձ, որ կիները կը կազմեն ընտրութիւններուն մասնակցողներու թիւին 51 առ հարիւրը:
Կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինին կողքին մերժուեցան նաեւ
զինուորականներուն քուէարկութեան, ինչպէս նաեւ քուէարկութեան տարիքը 18-ի իջեցնելու կարելիութիւնները: Կառավարութիւնը այսօր պիտի վաւերացնէ ընտրական օրէնքը եւ զայն փոխանցէ խորհրդարանին, որ իր կարգին միակ օրակարգով պէտք է վաւերացնէ զայն: Անիկա իբրեւ որոշում պէտք է հրատարակուի պետական պաշտօնաթերթով առաւելագոյնը մինչեւ երեքշաբթի, 20 յունիս` խորհրդարանի պաշտօնավարութեան վերջին օրը:
Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Վերջնական
Համաձայնութիւնները Ճշդած Նիստեր
Երէկ յետմիջօրէին վարչապետ Սաատ Հարիրի նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարներ Ժըպրան Պասիլ եւ Ալի Հասան Խալիլ, երեսփոխաններ Ժորժ Ատուան եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընտրական օրէնքին վերաբերող տարակարծութիւն ստեղծող կէտերը:
Նշենք, որ այս նիստին զուգահեռ վարչապետարանին մէջ գումարուեցաւ նաեւ այլ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Ալեն Աուն, ինչպէս նաեւ վարչապետ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրի:
Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք համաձայնութիւն գոյացաւ փոքրամասնութիւններուն ներկայացուցիչը Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանի վերածուած Պէյրութի Գ. ընտրաշրջանէն փոխադրել Պէյրութի Ա. ընտրաշրջան:
Ներկաները համաձայնեցան, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականը ճշդեն հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը` հաւանական նկատելով, որ այդ ընտրութիւնները կատարուին 2018-ի գարնան` թեքնիք պատճառներով:
Երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետ Հարիրի նախագահեց ընտրական օրէնքի քննարկումին յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Աւետիս Կիտանեան, Մարուան Համատէ, Ալի Քանսօ, Փիեռ Ապու Ասի, Թալալ Արսլան, Նուհատ Մաշնուք, Հիւսէյն Հաժ Հասան, Ժըպրան Պասիլ, Ղաթթաս Խուրի, Ալի Հասան Խալիլ եւ Եուսեֆ Ֆընիանոս:
Նիստին ընթացքին քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ ընտրական օրէնքին մասին արձանագրեց իր դիտողութիւնները, որոնց մասին խորհրդակցութիւններ պիտի կատարուին եւ վերջնական արդիւնքի յանգին այսօր` նախագահական պալատին մէջ գումարուելիք կառավարութեան նիստին ընթացքին:
Նիստէն ետք Ֆընիանոս շեշտեց, որ իրենք դիտողութիւն կատարած են վարկանշային քուէին առնչութեամբ` հաստատելով, որ այդ քուէն պէտք է նկատի առնուի ընտրաշրջաններու հիման վրայ եւ ոչ թէ գաւառներու:
Իր կարգին, Համատէ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը բարդ օրէնք մըն է` շեշտելով, որ անիկա մինչեւ հիմա ամէնէն համայնքային ու յարանուանական օրէնքն է: «Բայց եւ այնպէս մենք ազգային համախոհութեան պիտի զօրակցինք եւ հարցերը պիտի չբարդացնենք», ըսաւ ան:
Հարիրի Կը Հաստատէ Ընտրական Նոր Օրէնք Մը
Գոյացնելու Նուաճումը Եւ Կ՛այցելէ Պըրրիի
Վարչապետ Հարիրի երէկ գիշեր «Պիել»-ի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Իսլամական որբանոցներուն կազմակերպած իֆթարին, որուն ընթացքին հաստատեց ընտրական նոր օրէնք մը գոյացնելու նուաճումը:
«Ընտրական նոր օրէնքին մանրամասնութիւնները պիտի իմանաք նախարարաց խորհուրդի վաղուան նիստէն ետք: Իսկ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու նուաճումը քաղաքական ուժի մը կամ համայնքի մը նուաճումը չէ, այլ ամբողջ Լիբանանին նուաճումը», ըսաւ ան:
Իֆթարէն ետք Հարիրի ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:



