Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Տոհան Կը Հարուածուի Թիրախ Ունենալով Թեհրանը

Յունիս 6, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարածաշրջանային առումով դիւանագիտական ամենագլխաւոր ճգնաժամի յառաջացումը յանկարծակիութեան գործօնով կը յատկանշուի: Քաթարի հետ արաբական որոշ երկիրներու (եւ ոչ միայն) դիւանագիտական կապերու խզումի իրերայաջորդ յայտարարութիւնները շատ արագ մագլցողականութեան երեւոյթ կը պարզեն:

Պէտք չէ մտահան ընել անշուշտ Միացեալ Նահանգներու նախագահին այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա, այդ առիթով հակաահաբեկչական միջազգային դաշինքի մասին կատարուած յայտարարութիւնները եւ Ռիատը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու տարածաշրջանային կեդրոնի վերածելու քաղաքականութեան դրսեւորումը:

Միեւնոյն ժամանակաշրջանին պաշտօնական Տոհային վերագրուող յայտարարութիւնը, թէ Քաթարը իր բնականոն յարաբերութիւնները կը շարունակէ թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ՛ Թեհրանի հետ, աղմկայարոյց անմիջական հետեւանք ունեցաւ, սուր քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ, կիսահերքուեցաւ:

Պարզ էր, որ նման երեւոյթ անհետեւանք պիտի չմնար: Կար նաեւ սուր կերպով դիտարկուող խնդիր, որ Համաս կազմակերպութիւնը իր կեդրոնատեղին ունէր Տոհայի մէջ, ինչ որ բնականաբար պիտի անհանգստացնէր Ուաշինկթընի կողմէ ձեւաւորուած միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կոչուած դաշինքի պետութիւնները:

Հերթական անգամ յիշենք, որ ահաբեկչութիւն եզրին տակ տարբեր երկիրներ տարբեր դասակարգումներ կը կատարէին: Այս պարագային Համասը, Հըզպալլան եւ զանոնք հովանաւորող Թեհրանը միեւնոյն պիտակաւորումին կ՛ենթարկուին միջազգային դաշինքին կողմէ:

Այժմ միջազգային մամուլը ողողուած է իսլամականութեան անունին տակ գործող կազմակերպութիւններու դաւանած կրօնագաղափարական տարբերութիւններու  վերլուծումները կատարելով սկսելով ուահապական-սալաֆականներէն անցնելով  Քայիտա, Իսլամ եղբայրներ, ՏԱՀԵՇ, Իսլամական պետութեան բաղադրիչներ, մինչեւ Ժապհաթ Նուսրա եւ մասամբ նորին: Անուղղակի այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ այս կազմակերպութիւններէն մաս մըն է, որ կը սնանի Տոհայէն, որուն հակադրուած են Ռիատակեդրոն դաշինքի անդամները:

Խնդիրը սակայն ներիսլամական դաւանանքային, հաւատադրժողականութեան հետ կապուած տարբերութիւններու եւ այս կամ այն կազմակերպութիւնը հովանաւորելու հետ կապ չունի: Աւելի՛ն. նոյնիսկ Ռիատի կողմէ առաջադրուող ահաբեկչութեան արմատախլման գործողութիւններուն հետ այնքան չ՛առնչուիր:

Խնդիրը տարածաշրջանային քաղաքականութեան հարթութեան վրայ Իրանի մեկուսացման միտող ընդհանուր գործողութիւններու մէկ կարեւոր շղթան է: Ծոցի երկիրներէն տնտեսական վերելք ապրած Քաթարը Իրանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու մասին բարձրաձայնումներ կ՛ընէր, Համաս կազմակերպութեան կեդրոն կը տրամադրէր, անոր գործունէութիւնը կ՛օրինականացնէր, մինչ իրեն դրացի երկիրները տրամագծօրէն հակադրուած կը շարունակեն մնալ այս ուղեգիծին:

Խնդիրին ո՛չ կրօնագաղափարական, ո՛չ ալ ըստ էութեան հակաահաբեկչական պայքարին կապուած ըլլալու տեսութիւնը կը հիմնաւորուի, երբ նկատի ունենաք Պահրէյնի կողմէ պաշտօնապէս կատարուած յայտարարութիւնը` Քաթարի հետդիւանագիտական կապերը խզելու մասին` «Հաշուի առնելով Քաթար պետութեան կողմէ շարունակուող գործողութիւնները, որոնք նպատակամղուած են Պահրէյնի  թագաւորութեան իրադրութեան եւ անվտանգութեան ապակայունացման, ինչպէս նաեւ ներքին գործերուն միջամտելուն, զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ հրահրիչ նիւթեր տարածելուն, ահաբեկչութեան աջակցման եւ Իրանի հետ կապուած խմբաւորումներուն ֆինանսական օգնութիւն ցուցաբերելուն` Պահրէյնի մէջ քաոս յառաջացնելու համար»:

Նախագահ Թրամփի Ռիատ կատարած այցելութեան հետեւող առաջին գործողութիւնն է այս մէկը: Հակաահաբեկչական պայքարին մէջ թէկուզ կարճաժամկէտ հաշուեյարդարներ  պիտի կատարուին այս նմանողութեամբ:

Տարածաշրջանը ականատես պիտի դառնայ բոլորովին տարբեր ընկալումներով իրականացուող տարբեր հակաահաբեկչական գործողութիւններու:

«Ա.»

Նախորդը

Վիգէն Սարգսեանը ՀՀԿ Եւ «Ծառուկեան» Խմբակցութիւններուն Ներկայացուցած Է «Ես Եմ» Եւ «Պատիւ Ունիմ» Ծրագիրները

Յաջորդը

Քաթարի Հետ Յարաբերութիւնները Սառեցնելու Իմաստով Լիբանան Մնաց Լուռ` Շարունակելով Քննարկել Ընտրական Նոր Օրէնքը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?