Խմբագրական. Քաղաքականէն Եւ Ռազմականէն Ետք Նաեւ Արդարադատական
Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմող լիբանանեան բանակի նահատակ զինուորներու աճիւններու ծինային համապատասխանելիութեան արդիւնքներու պաշտօնական յայտարարութիւնը ցաւի համընդհանուր մթնոլորտին առընթեր տեղի տուաւ նաեւ քաղաքական բեմի վրայ ամբաստանութիւններու, մեղադրանքներու եւ հետաքննութիւններու պահանջի: Լիբանանեան բանակի եւ Դիմադրութեան յաղթարշաւի ընթացքին իսկ քաղաքականացուած վերլուծումները, ահաբեկիչներու յանձնման գործողութեան համաձայնութեան տարատեսակ մեկնաբանութիւնները, ներլիբանանեան հարթութեան վրայ կասկածանքի մթնոլորտի զարգացումը սկսան երկրորդական կարեւորութիւն տալ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող ռազմական գործողութեան յաջողութիւններուն: Հիմա,...



















