Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բանակցային Նոր Ուղենիշեր` Արցախի Ազգային Ժողովին Մէջ (Արցախի Վերածնունդի Օրուան Առիթով)

February 21, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախեան շարժումի մեկնարկը 12 փետրուարին նշելու պետական հնչեղութիւնը ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէր Հատրութի մեկնարկային հանգամանքին վրայ: Իսկ այս հանգամանքը Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման ուղղութեամբ կարեւոր ուղերձ էր: Փետրուար 20-ը կը մնայ խորհրդանիշ թուական` Արցախի վերածնունդը խորհրդանշող:

Արցախի Ազգային Ժողովը շատ կարեւոր քայլ առաւ` փետրուար 20-ի նախօրեակին ընդունելով երկու կարեւոր փաստաթուղթ: Բռնագրաւուած տարածքներու մասին օրէնք ընդունելով փաստօրէն Արցախի Հանրապետութիւնը ուղենշեց արցախեան տարածքային պահանջատիրութիւնը:

Օրէնքը կը սահմանէ 1991-1994 եւ 2016 թուականներուն` Ազրպէյճանի եւ 2020 թուականին` Թուրքիոյ եւ օտար զինեալ ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան վրայ իրականացուած ռազմական յարձակումին հետեւանքով բռնագրաւուած տարածքներու իրաւական կարգավիճակին եւ անոնց վրայ տարածուող իրաւական յատուկ դրութեան, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կազմակերպութիւններու գործունէութեան առանձնայատկութիւններու, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անձերու իրաւունքներու եւ շահերու պահպանութեան ու պաշտպանութեան կապուած յարաբերութիւնները:

Յստակ է Արցախի Հանրապետութեան տարածքի պատկերացումը: Նշուած պատերազմական երեք արարներուն այն ինչ որ կորսնցուցած է Արցախը իբրեւ տարածք, վերականգնելի առաջադրանք է:

Այս պահանջները ուղենշային են յառաջիկայ բանակցութիւններուն համար: Արցախի Ազգային ժողովը քայլ կ՛առնէ նաեւ բանակցային ձեւաչափի իր պատկերացումը ճշդելու առումով: Պարզ է. այն ինչ որ պաշտօնական Ստեփանակերտը տարբեր առիթներով կը յայտարարէր` ԵԱՀԿ-ի միջնորդական ձեւաչափի վերագործարկումը շեշտող, հիմա արդէն Ազգային ժողովով հաստատուած է: Այսպէս. Ազգային ժողովը կը հրապարակէ յայտարարութիւն, ուր կոչ կ՛ընէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու եւ ԵԱՀԿ-էն ստացուած լիազօրութեան համապատասխան ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ բանակցային գործընթացը վերսկսելու համար: Յայտարարութիւնը կը շեշտէ նաեւ, որ տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան կարելի է հասնիլ միայն Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները յարգելու ճանապարհով: «Ճիշդ այդ նպատակով ալ  արցախահայութիւնը 1988 թուականին սկսած է իր ազատագրական պայքարը եւ պատրաստ է շարունակելու զայն վերջնական նպատակին հասնելու վճռականութեամբ», եզրակացուցած է յայտարարութիւնը:

Յետպատերազմեան իրավիճակի յաղթահարման եւ վերածնունդ ապահովելու համար քաղաքական առաջին ուղենիշերն ու յստակացումներն են, որ կը կատարուին: Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը նպատակադրող բանակցութիւններու վերսկսումը անշրջանցելի փուլ է. իսկ այդ բանակցութիւններու վարման եւ միջնորդաւորման համար Արցախի Ազգային ժողովը կարեւոր վերյիշեցում կը կատարէ միջազգային ընտանիքին:

Այս առումով միջազգային ենթահողը մերթ ընդ մերթ տեսանելի կը դառնայ: Միջնորդ պետութիւններու ներկայացուցիչները կը յիշեցնեն, որ կարգաւորումը չէ իրականացած տակաւին:

Արցախի Ազգային ժողովի կոչը` ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափին անյապաղ վերականգնման եւ Եւրոպական խորհրդարանի կոչը` Եւրոպական Միութեան աւելի աշխուժ ձեւով մասնակցելու Արցախի խնդիրի կայուն լուծման որոնումին, համահունչ են: «Աւելի աշխուժ»-ը կ՛ենթադրէ մինչ այժմ որդեգրուած որոշ կրաւորականութիւն: Հիմա կոչ կայ այդ կրաւորականութենէն դուրս գալու եւ լիազօրութիւնները վերստանձնելու:

Եւրոպական խորհրդարանի կոչը բառացիօրէն կ՛արձանագրէ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը մնայ այդ տագնապի լուծման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափը` տարածքային ամբողջականութեան, ուժ չկիրարկելու, ինքնորոշման եւ իրաւահաւասարութեան, ինչպէս նաեւ տագնապի խաղաղ լուծման սկզբունքներուն հիման վրայ: Ուստի անհրաժեշտ է, որ Մինսքի խմբակը շուտափոյթ  վերստանձնէ միջնորդական իր դերը:

Ազրպէյճանը խախտած է Եւրոպական խորհրդարանին յիշած սկզբունքները: Ակնկալուած յաւելեալ աշխուժութիւնը պէտք է քննէ սկզբունքներու խախտումի բոլոր գործողութիւնները` աւելցնելով նաեւ ռազմական յանցագործութիւնները:

Բանակցային նոր ռազմավարութեան ուղենիշերն են, որ կը հաստատէ Արցախի Ազգային ժողովը: Արցախեան շարժումի վերածնունդի նշման նախօրեակին` կարեւոր այդ իրադարձութեան նորովի խորհուրդ ապահովելով:

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հայաստանն ու Արցախը Միակամ Են Արցախահայութեան Իրաւունքներու եւ Հայրենիքի Միջազգային Ճանաչման Պայքարին Մէջ»

Յաջորդը

Թուրքիան Խըրխըզիստանին Ռազմական-Արհեստագիտական Օգնութիւն Ցուցաբերած Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.