Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Պահանջատիրութեան Առաջին Դիրքերուն Վրայ

Ապրիլ 28, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մամուլի բազմապատկուած էջերը նեղ եկան լուսաբանելու համար լիբանանահայութեան կազմակերպած ապրիլքսանչորսեան ոգեկոչական, ցուցական, պահանջատիրական, եկեղեցական ձեռնարկներն ու արարողութիւնները: Յարանուանականէն կուսակցական, երիտասարդականէն ուսանողական եւ պատանեկան, հոգեւորէն միութենական, տեղեկատուականէն, Հայ դատէն, մշակութային եւ սկաուտական բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, ոգեկոչումներ, քայլարշաւներ եկան ամբողջացնելու տեղեկատուական եւ քարոզչաքաղաքական գործողութիւններու շարքը:

Լրատուամիջոցներու արտադրութիւններուն ուղղութեամբ մշտադիտարկումներու եզրայանգումները առաջին հորիզոնականին վրայ կը տեղադրեն լիբանանահայութիւնը` ա՛յս պայմաններուն մէջ նման ձեռնարկներու առատութիւն արձանագրելու առումով:

Քանի մը դիտարկում անպայման պէտք է արձանագրել այս առիթով:

Լիբանանը կը դիմագրաւէ աշխարհի ծանրագոյն տնտեսական տագնապներէն մէկը: Այս ճգնաժամը իր հերթին տեղի կու տայ արտագաղթի, բարոյահոգեբանական հաւաքական իրավիճակի անկումի: Մարդ անհատը բնազդօրէն առաջնահերթութիւն կը նկատէ իր կենցաղային հարցերու լուծումը. երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենան ատկէ դուրս բոլոր խնդիրները:

Նման պայմաններու մէջ է, որ այո՛, ժողովրդային խաւը հազարներով փողոց դուրս եկաւ յիշելու, յիշեցնելու եւ պահանջելու: Այս տարի պահանջը ունէր նաեւ այժմէական նոր բաժին: Մեր դասական պահանջներուն աւելցած է նոր ցեղային զտումի անմիջական սպառնալիքին դիմաց հակազդելը:  Կանխարգիլելը` նոր ցեղային զտումի քաղաքականութեան հերթական փորձը: Զուգահեռ նաեւ ո՛չ միայն դատապարտել, այլ նաեւ պատասխանատուութեան կանչել, քրէականացնել, դատել ու պատժել ռազմական յանցագործութեան հարուստ թղթածրար լրացուցած Պաքուն:

Մեր պահանջներուն մէջ էր նաեւ ապահովել միջազգային դատապարտում Անգարայի դէմ, որ հովանաւորեց, դրդեց, զինեց Ազրպէյճանը սանձազերծելու պատերազմ եւ պատերազմի ճամբով փորձելու իրականացնել նոր ցեղային զտումի պետական քաղաքականութիւն:

Լիբանանահայութեան պաշտօնական յայտարարութիւնները համահունչ էին, զիրար ամբողջացնող, նոյն թիրախին ուղղուած եւ նոյն պահանջները արտայայտող:

Լիբանանահայ քաղաքական միտքը թէ՛ ներազգային եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու ներկայացաւ միակամ եւ համահայկական այս օրակարգին ընդառաջ մշակուած նիւթերով, քաղաքական համախոհ ուղերձներ փոխանցելով եւ նոյն պահանջները բարձրաձայնելով:

Կար մտավախութիւն. ներհայաստանեան եւ ներլիբանանեան առումներով ներհամայնքային միանշանակ դիրքորոշումներ չկան: Այդուհանդերձ լիբանանահայութիւնը գիտակցեցաւ գերադասել մեր ամէնէն համահայկական օրակարգը, այդ ուղղութեամբ բացառել որեւէ հակասութիւն եւ դրսեւորել միակամ կեցուածք:

Ո՛չ միայն հայրենի պետութիւնը, այլ նաեւ համայն սփիւռքը հաշուի պիտի նստի լիբանանահայութեան ցուցաբերած համազգային այս գիտակցութեան երեւոյթին հետ:

Իսկ նպատակային բազմաոլորտ ձեռնարկները եկան հերթական անգամ փաստելու, որ համայնքի հոգեւոր, կուսակցական եւ միութենական կառոյցներն են, որոնք կը յաջողին իրականացնել այս բոլորը: Իսկ այս իրականութիւնը չի վերաբերիր միայն լիբանանահայութեան համախումբ ձեռնարկներուն եւ արարողութիւններուն, այլ նաեւ լիբանանեան լրատուադաշտին ուղղուած տեղեկատուական գործողութիւններուն, հանդիպումներուն, հրապարակումներուն եւ հարցազրոյցներուն:

Ո՛չ համավարակը, ո՛չ աննախընթաց տնտեսական տագնապը, ո՛չ արտագաղթը յաջողած են հունափոխել սփիւռքի կեդրոնական գաղութի պահանջատիրական երթը:

Նախորդը

«Դիմադրութեան» Շարժման Իրազեկման Երթը` Գարեգին Նժդեհի Հրապարակէն

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Մտավախութիւն Ունի, Որ Իրան Քանի Մը Շաբաթէն Հիւլէական Զէնք Ձեռք Կը Բերէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուաշինկթընը, Անգարան Եւ Համասը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուաշինկթընը, Անգարան Եւ Համասը

Դեկտեմբեր 5, 2023
Հայաստանի Ազգային Ժողովը Ընդունեց  «Զինուորական Ծառայութեան Եւ Զինուորի  Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքի Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Պետաիրաւական Յանձնախումբը Դէմ Քուէարկեց «Հայաքուէ»-ի Նախագիծին

Դեկտեմբեր 5, 2023
Երեւանը Կ՛արձագանգէ Պաքուին.  «Հայաստանը Շահագրգռուած  Չէ Ռազմական Մագլցումով»
Գլխաւոր լուրեր

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Նոր Լարուածութիւն Հրահրելու, Խաղաղութեան Գործընթացը Փակուղի Մտցնելու Պաքուի Գործողութիւնները

Դեկտեմբեր 5, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In