Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Երիտասարդական Նախաձեռնութիւններ. Ուրեմն` Հեռանկարային Աշխատանքներ («Ազդակ»-ի Հիմնադրութեան 95-ամեակին Առիթով)

Մարտ 5, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր այսօրուան թիւը ամբողջութեամբ յատկացուած է «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 95-ամեակին: Ընթերցողները պիտի նկատեն, որ մենք նոյն տարողութեամբ չենք նշեր այս յոբելեանը նաեւ հրատարակչական իմաստով: 80-ամեակի բացառիկը յատկացուած էր հայկական տարբեր շրջանակներէ թերթին յղուած ողջոյնի գիրերուն, շնորհաւորագիրներուն եւ «Ազդակ»-ի անցած ուղին եւ ունեցած դերակատարութիւնը լոյսին բերող գրութիւններուն: 90-ամեակի բացառիկին նպատակն էր «Ազդակ»-ի պատմութեան համար կարեւորագոյն փուլերուն ներկայացումը, տեղեկութիւններու մէկտեղումը «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած խմբագիրներու, յօդուածագիրներու թէ ընդհանրապէս աշխատակազմի անուանացանկի պատրաստութիւնը:

Թէ՛ մամուլին մէջ մեր թերթի կատարած դերին եւ թէ՛ մանաւանդ «Ազդակ»-ի պատմութիւնը ուսումնասիրողին համար պատրաստ հրատարակութիւններ են յոբելենական թիւերը: Ասիկա  առանձին հրատարակութիւն չէ նոյն բովանդակութեամբ եւ նոյն առանցքներով:

Պատճառները` համավարակէն մինչեւ Լիբանանի տնտեսական ծանրագոյն պայմաններ, քաջալերական չեն նոյն տարողութեամբ ծրագիր իրականացնելու. եւ ո՛չ միայն հրատարակչական առումով:

Յատկանշական առանցքը հեռանկարային է այս պարագային: Ընթերցողները պիտի նկատեն, որ «Ազդակ» բաւական ժամանակէ ի վեր ձեռնարկած էր առցանց հարցախոյզի` վիճակագրական տուեալներ ունենալու համար «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն ունեցած տեսակէտներուն մասին: Հեռանկարային է ո՛չ միայն իբրեւ մեթոտաբանութիւն կամ խմբագրութիւն-ընթերցող ներգործօն յարաբերակցութիւն մը ապահովելու առումով: Հեռանկարային է, որովհետեւ հարցախոյզը պատրաստողները մեր երիտասարդ աշխատակիցներն են. հեռանկարային է, որովհետեւ հարցախոյզին մասնակցողներուն ճնշիչ մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են:

Խնդիրը անշուշտ այս բոլորէն ետք քաղելիք եզրայանգումներուն հետ հաշուի նստիլն է: Ի՞նչն է, որ կը կարդացուի, ի՞նչը` ոչ: Ի՞նչն է, որ պէտք է բարեփոխուի, ի՞նչը` շարունակուի նոյն ձեւով: Ո՞րքան ժամանակին համահունչ են թերթին աշխատանքները, ո՞րքան` ժամանակավրէպ: Առցանց տարածքին մէջ ո՞րքան ներկայութիւն է «Ազդակ»-ը, ո՞րքան` բացակայ, եւ նման հարցեր:

Տուեալներու հիման վրայ կատարուելիք եզրայանգումն է, որ ուղենիշի պիտի վերածուի մեր հետագայ խմբագրական աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն համար:

Տարին յոբելենական է, եւ երիտասարդական մեր երկրորդ նախաձեռնութիւնը դարձեալ կու գայ Զաւարեան ուսանողական միութենէն: ԶՈՄ-ի էջի պատմական ամբողջ թղթածրարը նկատի ունենալով խորհրդանշական 95 յօդուած հրատարակել մէկ հատորի տեսքով. իւրաքանչիւր ժամանակահատուած ուսանողական ոսպնեակով ներկայացնող յօդուած, ուսումնասիրութիւն թէ խորհրդածութիւն պիտի տայ համապատկերը սփիւռքեան կարեւոր ժամանակի մը արձանագրած կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն: Վստահաբար պիտի նկատենք, որ մեր ուսանողութիւնը ինչքա՛ն յառաջատար ներկայութիւն եղած է արդի քաղաքական- հասարակական մտածողութիւն ձեւաւորելու ուղղութեամբ:

Նկատելի զուգադիպութեամբ 95-ամեակին կը մեկնարկէ ԼԵՄ-ի էջը, ուր մեր երիտասարդները կը ստորագրեն իրենց առաջին յօդուածները «Ազդակ»-ի էջերուն: Առաջին փորձերը մեծապէս քաջալերելի են եւ մեր հրապարակագրական անդաստանին մէջ տեսանելի կը դարձնեն հրապարակագրութեան հմտութիւն ունեցող երիտասարդ տարրերու անուններ` մեր թերթի սիւնակներուն յանձնուած:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին հովանաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ նոր թափ կը հաւաքեն երիտասարդ լրագրողներու պատրաստութեան վարժողական աշխատանքները: Ծրագիրին մասնակցութեան հրաւէրը բոլորին է: Հրաւիրուած են Լիբանանի մէջ գործող բոլոր յարանուանական եւ միութենական տարբեր շրջանակներու երիտասարդները` լրագրութեան տեսական եւ գործնական բաժիններուն հետեւելու համար:

Յատուկ կերպով նշեցինք երիտասարդական աշխատանքներն ու ծրագիրները: Ա՛յդ է հեռանկարայինը եւ թերթին ապագան հունաւորող գլխաւոր երաշխիքը: Պէտք է փորձել 95-ամեակը յատկանշել այդ հեռանկարայնութեամբ:

Նախորդը

95 Տարեկան «Ազդակ»-ը` Դաշնակցութեան Նուէրը Հայութեան

Յաջորդը

Յատուկ Յայտագիր՝ «Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?