Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բանակցային Նորացուած Ելակէտեր Եւ Համահայկական Հռչակագիրը

March 24, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի նախօրէին հայ քաղաքական միտքին առջեւ աւելիով կը շեշտուի  առաջադրելի ընդհանուր կէտերու շուրջ միասնական դիրքորոշում որդեգրելու հրամայականը:

Նոր իրավիճակ է: Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացը սերտօրէն կապակցուած կ՛ընթանայ Երեւան-Պաքու պահանջուած բանակցութիւններուն: Դասական պայմանները անուղղակի տեսք ստացած են. հրատապ դարձած են Ազրպէյճանի հետ սահմանազատումն ու սահմանագծումը, որուն հետ կը զուգակցուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը: Պիտի հետեւի անշուշտ երկկողմանի պայմանագիրի պահանջ, որ կը ճանչնայ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Մնայուն արծարծման նիւթ է Նախիջեւանի կամրջումը Ազրպէյճանին, Հայաստանի վրայով, որուն շուրջ կայ եռակողմ համաձայնութիւն:

Հարուածուած է մեր համազգային, համահայկական առաջնային օրակարգին շուրջ նախապէս գոյացած ընդհանուր համաձայնութիւնը: Պաշտօնական Երեւանի յայտարարութիւնները` Հայ դատի սփիւռքացման, Արցախի պատկանելիութիւնը ո՛չ միայն հայկական նկատելու առումներով բոլորովին նոր կացութիւն ստեղծած են եւ նահանջ արձանագրած` Համահայկական հռչակագիրով բանաձեւուած մեր ուղենշային սկզբունքներէն:

Շուշիի հռչակագիրը վերաբանաձեւած է թուրքեւազրպէյճանական միացեալ նախապայմանները: Մենք ետդարձ կատարած ենք մեր Համահայկական հռչակագիրէն: Ներկայ պայմաններուն մէջ հետեւեալ ելակէտային սկզբունքները  անհրաժեշտ է դարձնել համահայկական դիրքորոշումներու ուղենիշ:

Ա.- Երեւան-Անգարա երկխօսութիւնն ու  Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւնները անջատ գործընթացներ են:

Բ.- Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու հաստատումն ու հայ-թուրք հաշտեցումը անջատ հասկացողութիւններ եւ գործընթացներ են:

Գ.- Հակամարտութեան ձեւակերպումը պահպանել Արցախ-Ազրպէյճան  յարաբերակցութեամբ եւ չօգտագործել Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութիւն ձեւակերպումը:

Դ.- Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան պարագային ԵԱՀԿ-ը լիազօրուած չէ բանակցութիւններուն միջնորդելու: Իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահական ձեւաչափի վերագործարկումը կը բխի հայկական կողմի շահերէն. այս առաջադրանքը պաշտօնապէս որդեգրած են թէ՛ Երեւանը եւ թէ՛ Ստեփանակերտը:

Ե.- ԵԱՀԿ-ի վերագործարկման պահանջը ուրեմն կեդրոնացնել արցախեան հակամարտութեան լուծման առաջադրանքին վրայ` հիմք ունենալով Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնարար սկզբունքները (մեզի համար` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը):

Զ.- Միջազգային կառոյցներուն մօտ պահանջել`

– Ռազմագերիներու, պահուող անձերու եւ աճիւններու հայրենադարձումը:
– Գաղթականներու տունդարձը:
– Հայաստանի Հանրապետութենէն ազրպէյճանական զօրքերու յետքաշումը:
– Մշակութային ցեղասպանութեան դատապարտանքն ու կասեցումը:
– Պաքուի ռազմական յանցագործութիւններու քրէականացումը:

Կ՛առարկուի, որ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններոն մէջ, երբ ապաշրջափակումն ու սահմաններու բացումը շրջանային տարողութեամբ պարտադրուող օրակարգեր են, նման պահանջներ կամ կարմիր գիծեր անիրականանալի կը թուին: Թէկուզ տկարացած դիրքերով, այնուամենայնիւ պահանջներու թղթածրար ունենալը եւ պետութեան ու երկրին անվտանգութիւնը գերադասելով սկզբունքներ ճշդելը ամէնէն հիմնական ելակէտ է:

Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը մշակած են Շուշիի հռչակագիր, յղած 5 կէտնոց առաջարկներ, փոխկապակցած երկու ուղղութիւնները եւ աշխարհին ներկայացած յարաբերութիւններու բնականոնացման, սահմաններու բացման եւ ընդհանրապէս շրջանի ապաշրջափակման յայտարարութիւններով:

Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու մեր պատմական իրաւունքներու վերականգնումը սահմանադրական իրաւադրոյթներ ունին, ամրագրուած` Անկախութեան հռչակագիրով, եւ որոնց պայմանականութիւնը յիշեցուց Սահմանադրական դատարանը` ցիւրիխեան արձանագրութիւններու սահմանադրականութիւնը քննելու առիթով:

Երկու ուղղութեամբ բանակցելու  համար վերը նշուած ելակէտային գերակայ սկզբունքները պարտաւորեցնող են: Եւ անոնց առընթեր`  ներազգային քննարկումներու եւ դիրքորոշումներու վերաբանաձեւումներու համար Համահայկական հռչակագիրի հիմնադրոյթներու վերաորդեգրումը` հրամայական:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեանը Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպան Անն Լույոն

Յաջորդը

«Նախաձեռնութիւնները, Ներառեալ Իսրայէլեանն Ու Թրքականը, Չենք Մերժեր, Սակայն Ունինք Կարմիր Գիծեր, Որոնց Վերաբերեալ Կարելի Չէ Խօսքերով Բաւարարուիլ» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.