Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համահայկական Դիմադրութեան Հրամայականը (Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ Տարելիցին Առիթով)

Ապրիլ 22, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը քաղաքականօրէն բարդ, անորոշ եւ անհեռանկար պայմաններու մէջ կը նշենք: Ցեղասպանութեան ճանաչման ու մանաւանդ հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան գծով գոյացած էր համահայկական համախոհութիւն: Կարելի է ըսել, որ  հատուցման օրակարգը նոյնիսկ պետականացած էր 3-րդ նախագահին կողմէ Սեւրի պայմանագիրին եւ Իրաւարար վճիռին այժմէական նշանակութեան ընդգծումով, Համահայկական հռչակագիրով եւ մանաւանդ հատուցման իրաւական թղթածրարի նախապատրաստական աշխատանքներու մեկնարկով:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնաժողովին վերջին նիստը սկսած էր քննարկել աշխատող կառուցակարգի վերափոխման օրակարգը` դէպի համազգային խորհուրդ: Սփիւռքը, փաստօրէն, իր ներկայացուցչական համակարգով ներառուած էր համահայկական օրակարգերու մշակման գործընթացին մէջ:

Հիմա բոլորովին ուրիշ է պատկերը: Պաշտօնապէս կը յայտարարուի, որ Հայ դատի աշխատանքները առաւելաբար սփիւռքին վերապահուած են: Ցեղասպանութեան ճանաչման թէ յատկապէս հատուցման պահանջատիրութեան առումով նկատառելի ետքայլ արձանագրուած է:

Արձանագրենք, որ կար յստակ միտում` զուտ ճանաչման տեղապտոյտէն դուրս գալու եւ հատուցման իրաւականացման ճանապարհներէն քալելու համազգային որոշում: Կը թուի, որ այդ միտումը ուղի փոխած է Երեւանէն:

Առկայ է նոր ցեղային զտման ենթարկուելու անմիջական սպառնալիք Արցախի մէջ: Թէ՛ քառօրեան, թէ՛ 44-օրեան եւ թէ՛ անոնց ընթացքին գործուած ռազմական յանցագործութիւնները, Արցախի հայաթափումը նպատակադրած պետական մակարդակի ահաբեկչութիւններն ու գործողութիւնները, գումարած` կրօնամշակութային կոթողներու բնաջնջման հետեւողական քայլերը, կը մատնեն ամբողջ քաղաքակրթութեան մը հետքերը վերացնելու թուրքեւազրպէյճանական ծրագիրը:

Թուրանականութեան քարտէսի վերագծումը արդիական հնչեղութիւն գտած է: Ուրիշ բանի մասին չի խօսիր զանգեզուրեան միջանցքի  կամ Նախիջեւանը Ազրպէյճանին Սիւնիքի վրայով կամրջելու թուրքեւազրպէյճանական առաջադրանքը:

Անգարայի դասական նախապայմանները վերափոխուած են: Այժմէական են եւ առաջնահերթ` զանգեզուրեան միջանցքը, Արցախը Ազրպէյճանին կազմին մէջ ներառելու եւ ատոր համար սահմանազատում-սահմանագծում գործընթացի շտապ ձեռնարկելու օրակարգերը:

Թոյլ են Երեւանի բանակցային դիրքերը: Պարտուած կողմը այս պայմաններուն մէջ ոչ թէ փոխզիջումնային պայմանագիրներ կը կնքէ, այլ ուղղակի միակողմանիօրէն կը զիջի այն, ինչ որ իրմէ կը պահանջուի: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ կը փորձուի միտք պատրաստել Արցախի նկատմամբ մինչ այժմ ամրագրուած առաջադրանքի նշաձողի իջեցման. այլ խօսքով,  առկայ է Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու մտայնութիւնը: Կը պատրուակուի միջազգային ընտանիքի ճնշումը, կամ` անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներու գերադասման մօտեցումը:

Այո՛, բարդ են պայմանները: Երեւանը զրկուած է արտաքին քաղաքականութիւն կիրարկելու առաձգականութենէն: Արցախի Ազգային ժողովը կ՛ընդունի ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ճիշդ ուղենիշներ պարփակող որոշումներ նոյնը չ՛երեւար գործադիր իշխանութեան մօտ: Իսկ սփիւռքը վերակազմակերպման հրամայականին առջեւ է:

Մեզի կը պարտադրուին նոր խաղաղութեան ծրագիրներ, ուր հայկական կողմէն կ՛ակնկալուին նոր զիջումներ:

Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու օրերուն կար համահայկական դիմադրութիւն: Տարբեր պատճառներու կուտակումով հայութիւնը զանգուածային տեսքով չի հակազդեր նոր պարտադրանքներուն: Համահայկական դիմադրութիւնն էր, որ դեր ունեցաւ արձանագրութիւններու նկատմամբ անմիջապէս յայտարարուած վերապահութիւններուն, ապա` Սահմանադրական դատարանի կայացուցած զգուշացնող պայմաններուն, յետոյ փուլ առ փուլ արձանագրութիւններու օրակարգ չբերելու, ապա դուրս մղուելուն եւ վերջապէս անոնց չեղարկումին:

Համահայկական դիմադրութիւնն է, որ կը սպասուի. ապրիլ 24-եան հերթական ուղերձը այդ խմորումին կը վերաբերի:

Նախորդը

Ազգային Ողբերգութեան Սահմանը Եւ Անիւը Շրջելու Հրամայականը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Ժխտել Ցեղասպանութեան Անհամար Մահերը Կը Նշանակէ Տօնել Այդ Նոյն Զոհերուն Մահը» Տոքթ. Իսրայէլ Ջարնի

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?