Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Սումկայիթ- Պուտափեշտ-Թալիշ-Շուշի. Համալրե՛Լ Ազրպէյճանի Ռազմական Յանցագործութիւններու Թղթածրարը

Փետրուար 26, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սումկայիթէն Կիրովապատ, անցնելով Պաքուի ջարդեր ու տակաւին Պուտափեշտի կացինահարում, թալիշցի տարեցներու սպանութիւն եւ անդամահատում, մինչեւ Հերհերի դպրոցականներու ռմբակոծում եւ արցախահայութեան դէմ ֆոսֆորային զէնքի օգտագործում` Ազրպէյճան համալրած է պատերազմական ոճրագործութիւններու թղթածրարը:

Միջազգային ատեաններուն բազմաթիւ դիմումներ կատարուած են` դատապարտելու համար Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղային զտումի բազմաբնոյթ գործողութիւնները: Անհամարժէք արձագանգները տեղի տուած են, որ շարունակուին ռազմական յանցագործութիւններու շղթայական գործողութիւնները:

Սումկայիթը ցեղային զտումի  ամէնէն վառ փաստն էր, որուն հետ չուզեց հաշուի նստիլ միջազգային ընտանիքը: Ցեղային զտում` նախ Ազրպէյճանի մէջ, եւ որ շուտով անցում պիտի կատարէր դէպի Արցախ աշխարհ, այնտեղ եւս ժողովրդագրական պատկերի կտրուկ փոփոխութիւն իրականացնելու համար:

Ցեղային զտումի ազրպէյճանական քաղաքականութեան ճիշդ ընկալումը շատ էական է` արցախեան հակամարտութեան բուն էութիւնը ներկայացնելու համար: Սումկայիթեան եղեռնագործութիւնը այդ քաղաքականութեան կարեւորագոյն մեկնարկն էր, ազգային ինքնութեան փաստի հիման վրայ սպաննելու, զանգուածային տեղահանութիւն պարտադրելու պետական հրահանգաւորման առումով:

Ասկէ կը մեկնի նաեւ ինքնապաշտպանուելու մարդկային եւ ազգային բնական իրաւունքի կիրարկումի անյետաձգելիութիւնը: Պաշտպանուիլ մարդկօրէն եւ ազգայնօրէն չսպաննուելու, չկոտորուելու եւ հայրենի բնօրրան պահպանելու ինքնամղումով:

Ինքնապաշտպանութիւն` ցեղային զտումի չենթարկուելու անմիջական վտանգին դիմաց: Եւ ապա  ինքզինք պարտադրելէ ետք` ինքնորոշուելու: Անկախանալու Խորհրդային Միութենէն եւ մերժելու Ազրպէյճանի կազմին ներառուած մնալու որոշումը: Այդ մերժումը ո՛չ անջատողականութիւն էր, ո՛չ ալ տարածքային ամբողջականութենէ դուրս գալու քայլ, այլ ցեղասպանական վտանգը հեռացնելու եւ ժողովուրդի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու հրամայական:

Սումկայիթը ցեղային զտումի  պետական գործողութիւն հանրահռչակելու աշխատանքը պէտք է նոր թափ հաւաքէ աշխարհատարած մակարդակով: Արցախի եւ Ազրպէյճանի անհամատեղելիութեան տեսութիւնը հիմնուած է նոր ցեղային զտումի վտանգի հեռացման սկզբունքին վրայ: Սումկայիթէն մինչեւ արցախեան առաջին, քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներ ցեղային զտումի միեւնոյն ռազմաքաղաքական վարքագիծն էր, որ կիրարկուեցաւ Պաքուի, աւելի ճիշդը` թուրքեւազրպէյճանական միացեալ համակարգին կողմէ:

Ցեղային զտումին ընկերացաւ մշակութային զտումը Նախիջեւանէն մինչեւ Շուշի` ջնջելու համար ամէն հայկական հետք, ամէն քաղաքակրթական արժէք: Միաժամանակ կը զտուէր նաեւ պատմութիւնը, եւ աղուանականը կը համալրէր եկեղեցիներու, խաչքարերու թէ պատմամշակութային կոթողներու պատկանելիութեան յերիւրանքները:

Բազմաբնոյթ պատերազմի (հիփրիթային) այս ուղղութիւններուն հիմքը ցեղային զտումի քաղաքականութիւնն է: Սումկայիթը անոր վառ  ապացոյցն է` ջարդերով եւ կոտորածներով յատկանշուած:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Սումկայիթը, ցեղային զտումի պետական քաղաքականութիւնն ու Ազրպէյճանի կիրարկած ռազմական յանցագործութիւններու հարուստ թղթածրարի կէտերը լուսաբանող հաղորդագրութիւն յղած է լիբանանեան լրատուադաշտին: Կրօնական ուղղուածութեան վրայ շեշտը չի դրուիր` ո՛չ միայն աշխարհագրական միջավայրն ու ժողովրդագրական պատկերը նկատի ունենալով, այլ նաեւ  հակամարտութեան ազգային-ցեղային բնոյթը պարզաբանելով:

Ճանաչողական աշխատանքին հետզհետէ պէտք է հաղորդել իրաւաքաղաքական առանցք: Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները, սկսեալ Սումկայիթէն միջազգային իրաւաչափութիւններու աղաղակող խախտումներով, պատերազմական ոճրագործութիւն նկատուելու բոլոր տուեալներով պէտք է յղուի միջազգային արդարադատութեան այն բոլոր ատեանները, որոնց պարտականութիւնն է քննել, եզրայանգում կատարել եւ քրէականացնել պատասխանատուները:

Քաղաքական աշխարհին մէջ բացառապէս իրաւական հասկացողութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի. կայ իրաւաքաղաքական  իրականութիւն: Այս կ՛ենթադրէ, որ երբ պահը հասնի Ազրպէյճանին վրայ ճնշում բանեցնելու, դարակներէն դուրս կու գան այդ թղթածրարները եւ կը սկսին ցեղային զտումի գործողութիւններու ճանաչումի եւ դատապարտումի քայլերը. խորհրդարաններու եւ ինչու չէ նաեւ արդարադատութիւններու մակարդակներով:

Նախորդը

Պապիկեան Եւ Շոյկու Անդրադարձան Հայաստանի Բանակի Արդիականացման Եւ Բարեփոխումներուն

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Պիելոռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատած Է` Ռուսական Գործողութեան Զօրակցելուն` Համար

RelatedPosts

«Դիմադրութեան» Շարժումը Կը Պատրաստուի  Այսօրուան Հանրահաւաքին
Գլխաւոր լուրեր

«Դիմադրութեան» Շարժումը Կը Պատրաստուի Այսօրուան Հանրահաւաքին

Մայիս 21, 2022
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ.  «Հայաստանի Եւ Արցախի Իշխանութիւնները  Պէտք Չէ Ձեռնարկեն Արցախի  Ապագան Վտանգող Քայլերու»
Գլխաւոր լուրեր

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ. «Հայաստանի Եւ Արցախի Իշխանութիւնները Պէտք Չէ Ձեռնարկեն Արցախի Ապագան Վտանգող Քայլերու»

Մայիս 21, 2022
Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Վերջին Նիստը`  Բարձրացնելով Հաղորդակցութեան  Եւ Համացանցի Սակերը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Վերջին Նիստը` Բարձրացնելով Հաղորդակցութեան Եւ Համացանցի Սակերը

Մայիս 21, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In