ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Ամփոփենք նախորդող եօթը յօդուածներուն խորհուրդը.
Ա. մասին մէջ փաստեցինք, որ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած հայերուն ցեղասպանութեան պատճառով հայ ժողովուրդը ցիր ու ցան հասաւ մինչեւ Չինաստան եւ Ծայրագոյն արեւելք, ուր բնազդաբար, առանց որեւէ վերին մարմնի մը գոյութեան, փոքրաթիւ գաղութները, շնորհիւ ունեւոր քանի մը հայերու, իրենք զիրենք կազմակերպեցին, եկեղեցի եւ դպրոց շինեցին ու իրերօգնութեան մարմին գոյացուցին` պահպանելու համար հայկական աւանդութիւնները, լեզուն եւ հաւատքը` եկեղեցին, ու կապ հաստատեցին այլ գաղութներու հետ: Իսկ ամէնէն կարեւորը` իրենց նպատակն էր գաղթականները հայրենիք վերադարձնել (1):
1. Մարսէյի հայ ճեմարանի վերամուտը, Ֆրանսա, 2022:
Բ. մասին մէջ ահազանգ հնչեցուցինք Հայաստան հայրենիքէն դէպի Ամերիկա գաղթել դիմողներուն ահաւոր թիւը` 160 հազար 965 հոգի, անցնող տարի 2021-ին (2): Այլ խօսքով, սփիւռքը, փոխանակ համախմբուելու հայրենիքին Հայաստանի մէջ, յաւելեալ պարտաւորութիւններու կ՛ենթարկուի հոգալու համար նորեկ հայերը: Մինչ անկախ Հայաստանը երբե՛ք ներգաղթի նախարարութիւն կամ որեւէ այդպիսի մարմին չստեղծեց կանոնաւոր ու ծրագրուած կերպով ներգրաւելու համար սփիւռքահայերը:
Գ. Մասին մէջ Սիմոն Վրացեանին ( Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետը) օրինակով փաստեցինք, որ 1319-ի Անիի երկրաշարժին պատճառով հեռաւոր Խրիմ գաղթած հայերուն սերունդը 1778-1779-ին Եկատերինա Բ. ցարուհիին կողմէ «տեղափոխուեցաւ» Ռոստով հիմնելով Նոր Նախիջեւան (Տոնի Ռոստով) հայկական քաղաքը իր գիւղերով, ուր ծնաւ Սիմոն Վրացեան (3):
Հակառակ շուրջ 700 տարի հայրենիքէն կտրուած եւ հազարէ աւելի քիլոմեթրեր հեռու ապրելնուն` անոնք պահած էին հայկական աւանդութիւններն ու ազգային գիտակցութիւնը: Շնորհիւ իր մօր պնդումին` ընտանիքը իրենց Նոր Սալա հայկական գիւղը կը վերադառնայ ռուսական քաղաքէ մը, ուր հայրը շահաբեր գործ ունէր, որպէսզի Սիմոնը եւ քոյրը հայկական թեմական դպրոց յաճախեն եւ հայ մեծնան: Դասընկերոջ մը միջոցով Սիմոն կուսակցական կը դառնայ: Նոյն հետեւողութեամբ, նաեւ հայրս շուրջ 600 տարի բռնագրաւուած Կիլիկիոյ մէջ ապրելէ ետք, հայ դպրոց յաճախեց եւ ապա ծնողքին մղումով պատանի տարիքին կուսակցական դարձաւ: Մայր հողէն հեռու, մեծ ու փոքր գաղութներու մէջ անոնք հայ մնացած էին եւ` հայկական մշակոյթ ծաւալած:
2. Հալէպի հայ ճեմարանի աշակերտները 2017, Սուրիա:
Դ. մասին մէջ շեշտեցինք հայապահպանման չորս սիւներուն` տուն, եկեղեցի, դպրոց, ակումբ (ՏԵԴԱ) կարեւորութիւնը` իբրեւ հայապահպանումի կռուաններ (4): Բաղդատական մը ընելով Վրացեանին եւ հօրս կեանքին միջեւ` եզրակացուցինք.
1.- Երկուքն ալ ազատ, անկախ Հայաստանի մէջ ծնած չէին, բայց իբրեւ հայ մեծցան ու ապրեցան:
2.- Երկուքն ալ, հակառակ հայկականութեան դէմ պետական-վարչական հալածանքին, հայ դպրոց յաճախեցին եւ հայեցի կրթութիւն ստացան:
3.- Երկուքին ծնողներն էին, որոնք դէպի հայ վարժարան եւ, հօրս պարագային, հայկական կուսակցութեան անդամակցութեան մղեցին:
4.- Երկուքն ալ պատանի տարիքին հայ կազմակերպութեան մը` կուսակցութեան անդամակցած էին, այս պարագային` ՀՅԴ:
Ե. մասին մէջ անդրադարձանք լիբանանահայ երբեմնի ազգային եւ այլ հայկական վարժարաններուն եւ գաղութի հեռատես պատասխանատուներուն, որոնց շնորհիւ, ո՛ւր որ հայ կար, հոն հայ դպրոց բացուեցաւ, եւ այս իսկ պատճառով լիբանանահայ գաղութը վերածուեցաւ սփիւռքահայութեան կեդրոնական ամրոցին (5):
Զ. մասին մէջ (6) հարցադրեցինք. «Հայրենիքէն դուրս, երկու կամ երեք սերունդ հեռու, օրինակի համար, Քանատայի մէջ ծնած հայը ի՞նչ միջոցներով պիտի համախմբուի հայութեան` Հայ կեդրոնին շուրջ, ուր բոլոր տարիքները եւ հետաքրքրութիւնները գոհացնող գործունէութեան կարելիութիւն կայ: Պատասխանը, ԲԱՆԱԼԻՆ պարզ է` ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ստանձնել տալ: ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ ԱՆՀԱՏԻ ՊԷՏՔ Է ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՐՈՒԻ, ՈՐՔԱՆ ԱԼ ՊԱՐԶ ՈՒ ԱՆՆՇԱՆ ԹՈՒԻ ԱՅԴ: Օրական, շաբաթական, ամսական եւ հայկական տօներուն առիթով»:
Եզրակացնելով` «Հայրենիքէն, հողէն հեռու ծնունդով հայը մէկ, կամ մէկէ աւելի հայկական պորտակապերու կը կարօտի իր պատկանելիութիւնը եւ պահանջատէրի կարգավիճակը չկորսնցնելու, այլ, ընդհակառակը, աւելի՛ ամրապնդելու համար»: Այդ պարտականութիւնները հայերէնի վարժութիւնը պահելու համացանցային հետաքրքրական խաղեր կրնան ըլլալ, որոնցմէ երկու օրինակ ներկայացուած էր:
3. Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի կ՛այցելէ Մոնրէալի Ս. Յակոբ վարժարանի ամառնային «Արարատ» ճամբարը, յուլիս 2022:
4. Սիտնիի Թումանեան շաբաթօրեայ վարժարանը, Աւստրալիա:
Է. մասին մէջ (7) սփիւռքահայերը բաժնեցինք 8 խումբերու` հայերէնի (արեւմտահայերէն) իմացութեան եւ ազգային պարտականութիւն մը կատարած եւ կամ դաստիարակութիւն մը ստացած ըլլալու կարգով, առաջարկելով գործնական միջոցներ, այսպէս.
Առաջարկ թիւ 1. Մարտավարութիւն, ծրագիր:
Առաջին հերթին եւ փուլին, առաջնահերթութեան կարգով, «հայկականութեան» բովէն անցածներն են, որոնցմէ ցանցեր պէտք է կազմուին վերոնշեալ 1-5 խմբաւորումներէն: Այսինքն գիտակից ու ազգային զանազան ձեւի կրթութիւն ստացածները եւ հայերէն գիտցողները փնտռել, գտնել, պահպանել եւ անոնց մաշեցումը կանխել, կամ` կասեցնել: 6, 7, եւ 8 խմբաւորումներուն (հայերէն չգիտցող եւ հայութենէ հեռու) վրայ առայժմ պէտք չէ արտակարգ ճիգ ու կորով վատնել, այսպէս.
Ա.- Բոլոր տեսակի հայկական միութիւնները, յատկապէս` հայրենակցական, շրջանաւարտից, սկաուտական, երիտասարդական եւ համալսարանական, նոր թափով մը աշխուժացնել եւ անդամահաւաքով ցանցեր ստեղծել ու նոր անդամներով ընդլայնել զանոնք:
Բ.- Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ «պորտակապով» մը կապել իր մեծ հօր հայրենի քաղաքին, գիւղին, հողերուն կալուածներուն եւ պապենական տան հետ, հայրենակցական կապերու, եւ եթէ կարելի է «Կուկըլ քարտէս» ծրագիրին միջոցով: Քաջալերել եւ պահպանել տոհմիկ աւանդը` մշեցի, վանեցի, քիլիսցի, հաճընցի, կիւրինցի, այնթապցի եւ այլն:
Գ.- Արդի համակարգչային ծրագիրներ օգտագործելով` ազգագրական ծառի (family tree) հիմնարկ մը հաստատել Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ, որուն կրնան դիմել սփիւռքահայեր` յայտնաբերելու համար իրենց ընտանեկան ծառը, եւ այլ տեղեկութիւններ, գտնելով մոռցուած ու կորսուած ազգականներ, աւելի՛ կապուելով իրենց ընտանեկան բնօրրանին ու պատկանելիութեան:
Առաջարկ թիւ 2. Ելեկտրոնային սփիւռքի սկզբնաղբիւր:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ հաստատել «Սփիւռքի տարիներ» (Armeniandiasporayears) կամ այլ անունով նոր կայքէջ մը` իբրեւ գլխաւոր աղբիւր սփիւռքահայութեան մաշեցումը կասեցնելու միջոցներուն, ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն: Այս կայքէջը պէտք է մնայուն կերպով ծանուցուի սփիւռքի բոլոր հայկական թերթերուն, պարբերականներուն եւ կայքէջերուն մէջ, ըլլան անոնք հայերէն կամ ոչ, որպէսզի տեսանելի ու մատչելի դառնայ բոլորին: Այնտեղ կրնան դիմել նաեւ ազգագրական ծառի որոնողները:
Մասնաւոր կապերու (link) բաժին մը յատկացնել արեւմտահայերէն սորվեցնող, հայերէն խաղերու, հայկական նիւթերու, հայերէն լեզուական ծրագիրներու, գիտելիքներու, առցանց գրադարաններու, գիրքերու, հայկական թերթերու, սփիւռքահայութեան բարօրութեան եւ վաւերագրական աշխատանքներ իրականացնող հաստատութիւններուն եւ անհատներուն կայքէջերուն: Այս կայքէջը պէտք է գրաւիչ, պարզ եւ «արագաշարժ» ըլլայ` հակառակ իր բազմապիսի ենթաբաժանումներուն: Այս կայքէջը պիտի ըլլայ սփիւռքը միաւորող համախմբող միջոցներէն կարեւորագոյնը:
Ուրեմն սփիւռքահայը հայ պահելու աշխատանքը պէտք է նախ եւ առաջ կեդրոնանայ հայկականութեան բովէն անցածներուն վրայ` իբրեւ կորիզի, որպէսզի անոնց ստացած ազգային, հայկական դաստիարակութիւնը չմաշի, այլ ամրապնդուի եւ օգտագործուի սփիւռքի ընդհանուր հզօրացման աշխատանքին համար` իրարու պարտականութիւններ տալով եւ ստանձնելով:
Քննենք հետեւեալ կամաւոր պարտականութեան տիպարը.
«Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով տան մէջ արգելափակուած օրերէն սկսելով, օրինակելի է ծխական մեր քահանային` տէր Խաչիկ Միսիրեանին ամէն առաւօտ կանուխ հայկական աղօթք մը, Նոր կտակարանէն կարճ համար մը եւ հայկական ժողովրդային առած մը Ուաթսափի միջոցով բջիջային հեռաձայնիս, նաեւ ուրիշներու ալ ղրկելը, որ հազիւ մէկ կամ երկու վայրկեանէն կ’ընթերցուի: Ես ալ, իմ կարգիս, կը ղրկեմ զայն Ամերիկա, ընկերներէս մէկուն, որ իր կարգին կը ղրկէ իր ընկերներուն: Ընկերս դանդաղ, հեգելով կարդացող է եւ երբեմն առածը չի հասկնար, եւ եթէ ես հասկցայ, կը բացատրեմ իրեն, այս բոլորը, Ուաթսափի գրելու ձրի ծրագիրով, ես` հայերէն, ինքը` լատինատառ հայերէն, երբեմն ալ` անգլերէն (քանի մը անգամ հայատառ բառեր ալ գրած է): Ասոր կողքին, զինք հետաքրքրող հայերէն յօդուածներ ալ կը ղրկեմ իրեն, որոնք կը կարդայ եւ այդ մասին Ուաթսափով գրելով կը զրուցենք: Այս բոլորը` համացանցի եւ Ուաթսափ ձրի ծրագիրին շնորհիւ:
Ահաւասիկ` ամէն առաւօտ մէկ քարով քանի մը թռչունի որսորդութիւն. 1) լեզուական վարժութիւն` ընթերցում, 2) հաւատքի գոհացում` ազգային-կրօնական ապրում, 3) տոհմիկ աւանդութեան թարմացում եւ 4) սփիւռքահայերու միջեւ հայերէնով առօրեայ շարունակական կապ:
5. Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ սկաուտական բանակում, 26 երկիրներէ եկած երկսեռ հայ սկաուտներ, Բիւրական, յուլիս 2018. սփիւռքահայութեան ամենալաւ կազմակերպուած միութիւններէն մէկը: 6. Աղօթք, Ս. Գրային համար եւ առածէն օրինակ մը:
Փորձուած եւ գործադրելի առաջարկ թիւ 3.
Ուրեմն, նկատի առնելով այս յաջող փորձը, կ՛առաջարկեմ ապակեդրոնացեալ կերպով սփիւռքի տարածքին իւրաքանչիւր ծխատէր քահանայ նախ իր ծուխի շրջանին մէջ բնակող բոլոր հայերուն բջիջային հեռաձայնի թիւերը ցանկագրէ, չունեցողին ել-նամակին հասցէն. ապա,ամէն առաւօտ, անոնց, մէկ էջի վրայ գրուած, Նոր կտակարանէն կարճ համար մը, հայկական կարճ աղօթք մը եւ հայկական առած մը ղրկէ, որ իւրաքանչիւր օրուան համար նախօրօք պատրաստուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յատուկ յանձնախումբի մը, կամ վարդապետի մը կողմէ, որ նաեւ կարելի է կարդալ վերոնշեալ սփիւռքի կեդրոնական կայքէջէն` «Այս օրուան ընթերցումը» գլուխին տակ: Տես օրինակը` նկար 5:
Նոյնը կիրարկել նաեւ Հայ աւետարանական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն կողմէ:
Առաջարկ թիւ 4. Սորվիլ, սորվեցնել հայերէն.
Եկեղեցիէն ետք, նուիրապետական կարգ ունեցող եւ աշխարհասփիւռ կազմակերպութիւնը հայ ազգային սկաուտական միութիւններն են: ՀՄԸՄ-ի պարագային, ան կը գործէ հայկական գաղութ ունեցող 26 երկիրներու 111 քաղաքներու կամ արուարձաններու մասնաճիւղերով: Յատկանշական է ՀՄԸՄ-ի սկաուտին դաւանանքին եօթներորդ յօդուածը. «Արին, արենուշը մաքուր հայերէն կը խօսին ամէն ատեն եւ ամէն տեղ»: Այս կարգախօսին ամրապնդումով պարտականութիւն պէտք է տրուի բոլոր սկաուտներուն` գործադրելու այս դաւանանքը իրենց տուներուն, դպրոցներուն եւ հայկական շրջապատին մէջ մի՛շտ խօսելով հայերէն` «Հայերէն չխօսողին հայերէն պատասխանէ» կարգախօսով:
Լեզուաբաններ համոզուած են, որ որեւէ լեզուի շուրջ 800 բառ գիտնալը բաւարար է սահուն կերպով հաղորդակցելու համար այդ լեզուով` խօսիլ, գրել եւ կարդալ, իսկ շուրջ 8000 բառ գիտնալը կը համապատասխանէ բնիկներուն լեզուի իմացութեան: Անշուշտ հայերէնի կամ որեւէ այլ լեզուի պարագային նաեւ լեզուամտածողութիւնն է կարեւորը` իտէալը, սակայն այժմ կեդրոնանանք խօսելու եւ կարդալու անհրաժեշտութեան վրայ:
Համացանցին մէջ կարելի է գտնել հայերէն սորվելու ձրի ծրագիրներ, որոնց մեծամասնութիւնը արեւելահայերէն է, նաեւ` բջիջային հեռաձայնի յատուկ (App) ծրագիրներ (8): Կան նաեւ վճարովի առցանց հայերէն սորվելու դպրոցներ: Հայերէն սորվելու յարմարագոյն ձրի ծրագիրներէն կ՛արժէ ընտրութիւն կատարել եւ անոնց մասին ծանուցել:
11 հոկտեմբեր 2022
(Շար. 8/9)
haroutchekijian.wordpress.com
———————————–
- https://www.aztagdaily.com/archives/537045
- https://www.aztagdaily.com/archives/538047
- https://www.aztagdaily.com/archives/543490
- https://www.aztagdaily.com/archives/546868
- https://www.aztagdaily.com/archives/549082
- https://www.aztagdaily.com/archives/558466
- https://www.aztagdaily.com/archives/560629
- https://ling-app.com/hy/apps-for-learning-armenian/