ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Նախորդող Զ. մասը աւարտեցինք` «Հայրենիքէն, հողէն հեռու ծնունդով հայը մէկ, կամ մէկէ աւելի հայկական պորտակապերու կը կարօտի իր պատկանելիութիւնը եւ պահանջատէրի կարգավիճակը չկորսնցնելու, այլ, ընդհակառակը, աւելի՛ ամրապնդելու համար» պարբերութեամբ:
Որո՞նք են հայկական սփիւռքը ամուր ու հայկական պահելու եւ «մաշումը» կասեցնելու կարողութիւնը ունեցող, սփիւռքահայութեան առաջնահերթութիւնը կազմող թիրախ խումբերը` ցանցերը, եւ որո՞նք են անոնց տրուելիք «պարտականութիւնները» եւ գործադրելու «միջոցները»:
1. Յունաստանի մեր ազգային վարժարաններէն մէկը, 2019-ին:
Ընդհանուր առմամբ, հայկական սփիւռքի մեր հայրենակիցները կարելի է դասաւորել` բաժնել քանի մը խումբերու.
- Հայերէնին տիրապետող, հայ ազգային բնագաւառին մէջ պաշտօններ եւ պարտականութիւններ ստանձնած, գործունեայ ու սփիւռքահայ դպրոցներու, կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու, մամուլի եւ եկեղեցւոյ ի պաշտօնէ ծառայողներ ու մտաւորականներ, գրողներ եւ այլն: Այս խումբը վտանգուածներու շարքին մէջ չի գտնուիր:
- Վերոնշեալ թիւ մէկի բոլոր նախապէս պատկանողները, որոնք այժմ ազատ են, պարտականութեան վրայ չեն, ընտրովի, կամ նշանակովի պաշտօն չունին: Այս խումբն ալ վտանգուած չէ:
- Հայկական վարժարան յաճախած բոլոր հայերը` առանց տարիքի խտրութեան:
- Առանց հայկական վարժարան յաճախելու` հայերէն խօսիլ, կարդալ եւ գրել գիտցող բոլոր հայերը:
- Հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու անդամները, որոնք հայերէնին կը տիրապետեն, կամ մասնակի կերպով կը խօսին, կը հասկնան եւ կը կարդան, կամ մի՛այն կրնան խօսիլ եւ լսելով կը հասկնան (նկատելով, որ անսխալ գրելն է թերին):
ա. Հայկական կուսակցութիւններու,
բ. Հայ մշակութային միութիւններու,
գ. Բարեսիրական միութիւններու,
դ. Մարզական միութիւններու,
ե. Ազգային սկաուտական կազմակերպութիւններու,
զ. Ուսանողական միութիւններու,
է. Երիտասարդական միութիւններու,
ը. Հայկական վարժարաններու շրջանաւարտից միութիւններու,
թ. Հայրենակցական միութիւններու,ժ. Զանազան հայկական այլ միութիւններու:
- Հայկական դպրոցներէ, միութիւններէ, կազմակերպութիւններէ եւ ձեռնարկներէ ակամայ կերպով հեռու մնացած, կղզիացած, հայկականութեան հետ անհաղորդակից հայերը:
2. Սկաուտներուն բանակը` ապագայի համար պատրաստուած սփիւռքահայերը: 3. Միշտ գործի վրայ սփիւռքահայ երիտասարդներ:
- Վերոնշեալ թիւ 6-ը, սակայն, կամաւոր կերպով, ուզելո՛վ հեռու մնացած, հայկականութեան հետ անհաղորդակից հայերը:
- Բոլորովին անգիտակից, կամ իրենց ինքնութիւնը կորսնցուցած, ձուլուածները:
Մարտավարութիւն, ծրագիր
Առաջին հերթին եւ փուլին, առաջնահերթութեան կարգով, «հայկականութեան» բովէն անցածներն են, որոնցմէ ցանցեր պէտք է կազմուին, վերոնշեալ 1-5 խմբաւորումներէն: Այսինքն, գիտակից ու ազգային զանազան ձեւի կրթութիւն ստացածները եւ հայերէն գիտցողները փնտռել, գտնել, պահպանել եւ անոնց «մաշեցումը» կանխել, կամ կասեցնել: 6, 7 եւ 8 խմբաւորումներուն վրայ առայժմ պէտք չէ յատուկ ճիգ ու կորով վատնել:
Միջանկեալ, օրինակելի է թիւ 6 խումբին պատկանողի մը հետեւեալ պատահարը: Հաւանաբար 2000-ին էր, երբ տարեց հայէ մը` քանատացի օտարազգի կնոջմէ մը, որ Կուկըլի միջոցով հայկական մարզական խումբ մը փնտռելով` ՀՄԸՄ-ի մեր (Կեդրոնական վարչութիւն, Լիբանան) կայքէջը գտած էր, ե-նամակ մը ստացանք: Ան կը խնդրէր, որ իր երիտասարդ տղուն տարեդարձին առիթով անակնկալ ընել եւ ֆութպոլի հայկական ակումբի մը հայատառ անունը վրան գրուած շապիկ մը նուիրել: Անոնք հեռաւոր ու ամայի քաղաքի մը մէջ կը բնակէին: Ի վերջոյ, քանի մը նամակներէ ետք անոր փափաքը իրականացաւ, եւ առաջարկեցի, որ քանատահայ «Հորիզոն» թերթին ալ բաժանորդագրուին, որպէսզի հաղորդակից ըլլան Քանատայի մէջ եւ դուրս` հայկական անցուդարձերուն:
Սփիւռքի առաջին սերունդէն հայկական կրթութիւն ստացած հայերն են, որոնք կը կազմեն հայկական սփիւռքի հարազատ ողնասիւնը: Անոնց ծնողքն ու ուսուցիչները ուղղակի մայր հայրենիքին մէջ` Արեւմտահայաստան կամ Կիլիկիա ծնած ու մեծցած էին եւ մշակոյթով ու աւանդութիւններով մեր հարազատ աւանդը փոխանցեցին մեզի` երկրորդ եւ մասամբ երրորդ սերունդին:
Այժմ առաջին սերունդէն թերեւս քանի մը անձ մնացած է, իսկ երկրորդ սերունդը սկսած է նօսրանալ: Սփիւռքահայութեան մաշումը կասեցնելու համար այժմու երրորդ եւ չորրորդ սերունդներուն վրայ է տարուելիք աշխատանքը` հետեւեալ առաջարկներով.
4. Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ վերահրատարակուած յուշամատեաններէն մաս մը, 2017-ին 12 քաղաք, 15 հատորով:
1.- Առաջին հերթին անհրաժեշտ է վերակենդանացնել, արթնցնել ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ գիտակցութիւնը սփիւռքահայերուն մէջ: Օրինակ` վանեցին կամ մարաշցին եղաւ լիբանանահայ, ապա ֆրանսահայ, անոր զաւակը ամերիկահայ եւ այլն: Այս երեք կամ աւելի «պատկանելիութիւնները» պատճառահետեւանքային կերպով պէտք է դրոշմուի իւրաքանչիւրին ենթագիտակցութեան մէջ` իր կեանքը կապելու համար բռնագրաւուած իր հայրենի տան հետ: Ի՞նչ եղաւ մեր տան, պարտէզներուն եւ կալուածներուն: Ինչո՞ւ Լիբանանի մէջ կ՛ապրիմ, երբ հայրս եւ մայրս, կամ մեծ հայրս ու մեծ մայրս կիլիկեցի` մարաշցի են, ապա` ինչո՞ւ Ֆրանսայի մէջ կ՛ապրիմ, երբ ծնողքս լիբանանահայ են եւ այլն:
2.- Անհրաժեշտ է ճշգրիտ պատկանելիութեամբ որակել իւրաքանչիւր սփիւռքահայ` միշտ պահպանելով մայր հողին հետ պորտակապը` շղթան: Օրինակ` ոմանք կ՛ըսեն, որ լիբանանցի չեն, այլ հայ են, կամ հակառակը` լիբանանցի են. իրականութեան մէջ անոնք լիբանանահայ են, Լիբանան ծնած, կամ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստացած հայեր են, որոնց ծնողները, կամ մեծ հայրը կիլիկեցի կամ վանեցի, կարնեցի` արեւմտահայաստանցի էին:
Ուրեմն իւրաքանչիւր սփիւռքահայ պէտք է ճանչցուի իբրեւ իր գտնուած երկիր-ա-հայ` կիպրահայ, քանատահայ, եգիպտահայ եւ այլն: Սփիւռքահայը ամուր պորտակապով մը պէտք է կապել իր հօր, մեծ հօր ու նախահօր բնակավայրին, քաղաքին, գիւղին եւ տան հետ` վանեցի, հաճընցի, այնթապցի, սասունցի, կիւրինցի եւ այլն: Ոմանք շատ կը ՍԽԱԼԻՆ` «հին գլուխ» անուանելով սփիւռքահայերու պատկանելիութեան կառչած ըլլալը: Հայ դատի, հողային պահանջատիրութեան գլխաւոր եւ առաջին օղակն է իւրաքանչիւր սփիւռքահայու իր բնօրրանին հետ կապուածութիւնը` քոնիացի, պէյլանցի, պիթլիսցի, մշեցի եւ այլն:
3.- Արդի համակարգչային ծրագիրներ օգտագործելով` ազգագրական ծառի (family tree) հիմնարկ մը հաստատել Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ, որուն կրնան դիմել սփիւռքահայեր` յայտնաբերելու համար իրենց ընտանեկան ծառը եւ այլ տեղեկութիւններ, գտնելով մոռցուած ու կորսուած ազգականներ` աւելի՛ կապուելով իրենց ընտանեկան բնօրրանին ու պատկանելիութեան: Արդէն այսպիսի կայքէջ մը գոյութիւն ունի (1), նաեւ հայկական ծիներու որոնման կայքէջ մը` Armenian DNA Project (2) եւ հաւանաբար ուրիշներ:
4.- Խիստ կարեւոր է վերակենդանացնել եւ աշխուժացնել հայրենակցական միութիւնները եւ անոնց գործունէութիւնը սփիւռքի մէջ: Այս առումով, մեծ արժէք կը ներկայացնէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ձեռնարկը, որ վերահրատարակեց 1920-ական տարիներուն գրուած Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներու պատմութիւնները, որոնք երկար տարիներէ ի վեր սպառած էին (3): Այս հրատարակութիւններուն առիթով, 16 յունիս 2012-ին Արամ Ա. վեհափառը կը գրէ (հատուածներ).
5. Կարօ Գէորգեանի հրատարակած «Ամէնուն տարեգիրքը»-ին մեր օրինակները:
«Հաւաքական յիշողութիւնը ամուր կռուանը կը հանդիսանայ ժողովուրդի մը գոյութեան եւ երաշխիքը` անոր յաւերժութեան: Ժողովուրդներու պատմութիւնը, կրօնը, քաղաքակրթութիւնն ու մշակոյթը իրենց ընթացքը, կազմաւորումն ու զարգացումը կը ստանան հաւաքական յիշողութենէն: Մեր ժողովուրդը եւս ունի իր հարուստ հաւաքական յիշողութիւնը, երբեմն արձանագրուած, երբեմն անգիր, երբեմն ամբողջութեամբ փոխանցուած, երբեմն` մասնակի կերպով: Անհրաժեշտ է մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն առնչուած մեր հաւաքական յիշողութիւնը ճշգրիտ ու ամբողջական կերպով փոխանցել նոր սերունդներուն:
«… Աւելի քան հարիւր յուշամատեաններ անցեալին արդէն իսկ հրատարակուած են եւ այսօր փաստօրէն մատչելի չեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ ու Մեր հովանաւորութեամբ յառաջիկայ տարիներուն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի յանձնուի յուշամատեաններու շարքը, որ պիտի ընդգրկէ շուրջ հարիւր հատոր:
«… Կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենակցական միութիւններուն, հաստատութիւններուն, բարերարներուն ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն` ստանձնելու մեկենասութիւնը ծրագրուած շարքին պատկանող հատորի մը: Կը հաւատանք, որ այս ձեւով մենք ոչ միայն մասնակից կը դառնանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային նշումին, մեր ժողովուրդի ազգային պահանջատիրութեան, այլ նաեւ փրկած կ՛ըլլանք մեր ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր մէկ ժամանակահատուածի հաւաքական յիշողութիւնը»:
6. Մեր բռնագրաւուած հողերը. Սիփան լեռը, Վանայ լիճը եւ արօտավայրերը: 7. Բաղէշը` Ուիլիըմ Սարոյեանին բնօրրան Պիթլիսը:
Կ՛արժէ նշել, որ 1920-ական տարիներուն պատրաստուած այս արժէքաւոր հրատարակութիւններէն ոմանց նախաբանին մէջ կը կարդանք, որ հայրենակցական միութեան վարչութեան յանձնախումբը վաւերացուցած է բծախնդրութեամբ պատրաստուած կոթողային շուրջ 8-9 հարիւր մեծադիր էջ, կարգ մը քաղաքներու պարագային երկու հատոր, նկարներով եւ անուններով լեցուն այդ աշխատասիրութիւնը, երբ տակաւին իրենց յիշողութիւնները թարմ էին: Օրինակ` երկու տարբեր քաղաքներու գիրքերուն մէջ գտայ երկու մեծ հայրերուս անունները ու նաեւ մէկուն նկարը` խմբանկարի մը մէջ: Ամէն սփիւռքահայ իր ընտանեկան արմատը կրնայ գտնել այնտեղ, եւ պէտք է կարդայ իր մեծ հայրերուն բնակավայրին, գեղեցիկ բնութեան, գետերուն, աղբիւրներուն, պարարտ հողին, աւանդութիւններուն եւ հետաքրքրական այլ տուեալներու մասին: Իբրեւ աղբիւր` այս պատմական, ազգագրական գիրքերուն անուանացանկերէն կրնայ օգտուիլ նաեւ ազգագրական ծառի հիմնարկը:
Երկրորդ կարեւոր հրատարակութիւն մըն է, այս պարագային` 1954-1968 տարիներու, սփիւռքի պատմութիւնը ներկայացնող վաստակաւոր խմբագիր եւ ազգային գործիչ Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն տարեգիրքը» շարքը, որոնք հրատարակութեան տարին իսկ կը սպառէին: Այս հրաշալի աշխատութեան մէջ հեղինակը թէ՛ նամակագրութեամբ եւ թէ՛ ալ իւրաքանչիւր տարի գաղթաշխարհի երկիր մը ճամբորդած է եւ այդ գաղութին երեւելիներուն հետ տեսակցած, լուսանկարներով հարուստ գաղութին կազմաւորման պատմութիւնը ներկայացուցած է իր բոլոր հաստատութիւններով: Պատանեկութեանս պատիւը ունեցած եմ անձամբ ճանչնալու զինք: Այս տարեգիրքերը եզակի են նաեւ, քանի որ նամակագրութեան լայն տեղ տրամադրուած է այնտեղ, ուր կը գտնենք խիստ կարեւոր պատմական ճշդումներ եւ տեղեկութիւններ ականատեսներու կողմէ, որոնք հաւանաբար ուրիշ որեւէ տեղ գրուած չեն:
Կոչ կ՛ուղղեմ վերահրատարակելու Կարօ Գէորգեանի 16 տարիներու 15 տարեգիրքերը (անհանգստութեան պատճառով 2 տարի ամփոփուած է մէկ հատորի մէջ)` առաջարկելով նաեւ բոլոր լուսանկարները համակարգչային միջոցներով նախ յստակացնել: Երկրորդ կոչս կը վերաբերի Կարօ Գէորգեանի թանկագին արխիւին` նամակներ եւ լուսանկարներ: Թէ այժմ ո՞ւր կը գտնուի այս արխիւը, կը խնդրեմ գիտցողներէն հաղորդել:
Սփիւռքահայութեան յիշողութեան վերաբերեալ շատ կարեւոր աշխատանքներ արդէն իսկ կատարուած են ու կը կատարուին անձերու կամ հաստատութիւններու կողմէ: Օրինակ` «Յուշամատեան ծրագիր»-ը (4), (5), «Յիշողութեան վաւերագրումի ծրագիր»-ը (6) եւ այլն, որոնք սփիւռքահայերէ վկայութիւններ կը պարունակեն լուսանկարներով ու հարցազրոյցներով: Այս բոլոր ծրագիրները եւ աշխատանքները կ՛արժէ համադրել եւ ծանուցել անոնց մասին: Հաւանաբար այլ աշխատանքներ կան, որոնց մասին քիչեր տեղեակ են:
Ելեկտրոնային սփիւռք
Նպատակայարմար է, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կայքէջին մէջ, կամ հովանաւորութեամբ «Armeniandiaspora» կամ այլ անունով նոր կայքէջ մը բացուի, որ սփիւռքահայութեան տարուան եւ շարունակուող բոլոր աշխատանքները կը բովանդակէ, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ անհատական կամ այլ հայկական նիւթերու եւ հայերէն լեզուական ծրագիրներու, խաղերու եւ գիտելիքներու կայքէջերու հասցէները կը ներառէ կապի յատուկ բաժինին մէջ:
Աւելին` յաջորդիւ:
21 սեպտեմբեր 2022
(Շար. 7/8)
- http://www.armenianfamilytree.com/
- https://www.familytreedna.com/groups/armeniadnaproject/about/background
- https://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/20290
- https://www.houshamadyan.org/arm/home.html
- https://www.aztagdaily.com/archives/366764
- https://cfwas.org.uk/յիշողութեան-վաւերագրումի-ծրագիր/