Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սիսի Կաթողիկոսութեան Պատմականը, Եւ Թէ Ինչպէ՛ս Փոխադրուած Է Լիբանան, Անթիլիաս» Նիւթով Դասախօսութիւն

Նոյեմբեր 11, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2022-ին Դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց  դասախօսութիւն մը` նիւթ ունենալով «Սիսի կաթողիկոսութեան պատմականը, եւ թէ ինչպէ՛ս փոխադրուած է Լիբանան, Անթիլիաս»: Օրուան դասախօսն էր դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան:

Յանձնախումբի անդամներէն Մարալ Ղարիպեան կատարեց բացումը եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ծանօթացուց դասախօս հայր սուրբը: Դասախօսութեան համար ընտրուած նիւթին անդրադառնալով` ան ըսաւ, որ Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսութիւնը ազգապահպանման հսկայ դեր ունեցաւ Մեծ եղեռնի 1914-1918 տարիներուն, իսկ օրուան երջանկայիշատակ Սահակ Խապայեան կաթողիկոս իր անխոնջ աշխատանքը կեդրոնացուց Կիլիկիոյ մէջ ազգի վերաշինութեան աշխատանքներուն վրայ: Ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադառնալով 1920-1923 թուականներուն` ան ըսաւ, որ այս փուլին տեղի ունեցաւ Արեւմտահայութեան երկրորդ Մեծ եղեռնը:

Ապա օրուան դասախօս Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան  մանրամասն կերպով փոխանցեց օրուան նիւթը` շեշտը դնելով պատմական այն վերիվայրումներուն վրայ, որոնց պատճառով հայութիւնը ընդհանրապէս եւ կաթողիկոսութիւնը յատկապէս տարբեր կացութիւններու դէմ յանդիման դրուեցան: Ան դիտել տուաւ, թէ ԺԱ. դարուն`1064 թուականէն ետք, հոծ հայութիւն մը հաստատուեցաւ Կիլիկիա եւ ստեղծեց պետականութիւն, որ շուտով վերածուեցաւ թագաւորութեան: Մայրաքաղաք դարձաւ Սիս բերդաքաղաքը, ուր հաստատուեցաւ նաեւ կաթողիկոսութեան աթոռը 1293-ին:

Հայր սուրբը յայտնեց, որ 150 տարի` 1293-1411 թուականին, Սիսը հանդիսացաւ հայոց ընդհանրական կաթողիկոսական աթոռը, ուր պահպանուեցան հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւնները, արժէքները եւ ժառանգութիւնը:

Շարունակելով` օրուան դասախօս հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ 1902-ին կաթողիկոս ընտրուեցաւ Սահակ արքեպիսկոպոս Խապայեանը: Ատանայի կոտորածէն ետք հայերը վերադարձան իրենց հայրենիքը, սակայն Մեծ Եղեռնէն ետք դարձեալ լքեցին զայն, կաթողիկոսութեան աթոռն ալ գրաւուեցաւ, պայմանաժամ տրուեցաւ, որ 10 օրուան մէջ հեռանան: Հայր Պարոյր մանրամասնեց, որ հայրապետն ու կղերական դասը հաւաքեցին այն, ինչ որ կրնային մեր գանձերէն` Գրիգոր Լուսաւորիչի աջը, միւռոնի կաթսան, արծաթապատ աւետարաններ, զարդեղէներ, եկեղեցական զանազան սպասներ, կաթողիկոսներու դրոշմեր եւ զինանշաններ: Անշուշտ ճամբան մէկ մասը կորսնցուցին եւ ինչ որ կրցան փրկել, այսօր կը գտնուին Անթիլիասի Կիլիկիոյ թանգարանին մէջ: Ասոր զուգահեռ, մեր հոգեւորականները կը կազմակերպեն գաղթական եղած ու իրենց տուներէն տեղահանուած ժողովուրդը` զայն տեղաւորելով Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Այդ շրջանին կատարուեցաւ նաեւ որբահաւաքի աշխատանք:

Պարոյր վրդ. յայտնեց, որ Սահակ արքեպիսկոպոս Խապայեան նախ Հալէպի, ապա Անթիլիասի մէջ կը կազմակերպէ կաթողիկոսութիւնը: Անթիլիասի մէջ «Նիր իսթ ռիլիֆ»-էն նախ կը վարձուի, ապա կը գնուի հողաշերտ մը, ուր կը կառուցուին նոր վանքը, դպրեվանքը եւ յարակից բաժինները:

Դասախօսութեան յաջորդեց շատ շինիչ հարց- պատասխան:

Գեղարուեստական յայտագիրով Արմէն Ճենտերէճեան ջութակի վրայ նուագեց «Կռունկ»-ը` հմայելով ներկաները:

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Իշխանափոխութիւնը Պէտք Է Դառնայ Փրկութեան Առաջին Քայլը»

Յաջորդը

Սփիւռքի Տարի 2022 – Ը. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?