Newsletter

Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Իրավիճակի Հանգուցալուծման Ուղիներուն Վերաբերող Քննարկում

Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Իրավիճակի Հանգուցալուծման Ուղիներուն Վերաբերող Քննարկում

Յուլիս 8-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Ռուսիոյ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ: Զրուցակիցները քննարկեցին իրադրութիւնը Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերու հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիներուն մէջ` անդրադառնալով կացութեան հանգուցալուծման ուղիներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ Ռուսիոյ  խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ իրականացուող առաքելութեան ընթացքին: Վաղարշակ Յարութիւնեան ու Վալերի Կերասիմով լուսարձակի տակ առին հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեան խորացման նպատակով  յառաջիկայ օրերուն...

Դեղարանները Այսօրուընէ Սկսեալ Անժամկէտ Գործադուլ Յայտարարած Են

Դեղարանները Այսօրուընէ Սկսեալ Անժամկէտ Գործադուլ Յայտարարած Են

Մինչ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին սակը կը հասնի 18.600 լ. ոսկիի, Լիբանանի դեղարաններու սեփականատէրերու սենտիքան այսօրուընէ սկսեալ ամբողջ Լիբանանի տարածքին անժամկէտ գործադուլ յայտարարած է, մինչեւ որ առողջապահութեան նախարարութիւնը Կեդրոնական դրամատան հետ համաձայնաբար դեղերու նոր սակացոյցը հրապարակէ: «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու առումով սպիտակ ցուցակին վրայ գտնուող երկիրներուն շարքին դասուող Լիբանանը կրնայ վկայել «Քորոնա» ժահրի տարածման երրորդ ալիքը` նկատի ունենալով «Տելթա»...

Ղոսթայի Մէջ Քաղաքացիական Տիպի Օդանաւ Մը Կը Ջախջախուի

Ղոսթայի Մէջ Քաղաքացիական Տիպի Օդանաւ Մը Կը Ջախջախուի

Ղոսթայի մէջ երէկ ջախջախուեցաւ «Օփըն սքայ» ընկերութեան պատկանող «Սեսնա» տիպի քաղաքացիական փոքր օդանաւ մը, պատճառելով երեք զոհեր` օդաչուն` Ճորճ Շիրիքճեան եւ Ժոել Մուսա ու Ժատ Մուսա: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր փութացին դէպքին վայրը, եւ արկածին շուրջ բացուեցաւ հետաքննութիւն: Նախնական տուեալներուն համաձայն, օդանաւը ջախջախուած է, որովհետեւ թեքնիք խանգարումի մը պատճառով բախած է լեռներուն: Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն ուղղուեցաւ դէպքին վայրը` շեշտելով, որ...

Պասիլ. «Հարիրիի Հրաժարականը Մեզի Համար Յաղթանակ Չէ, Այլ` Պարտութիւն»

Պասիլ. «Հարիրիի Հրաժարականը Մեզի Համար Յաղթանակ Չէ, Այլ` Պարտութիւն»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը իրենց համար յաղթանակ չէ, այլ` պարտութիւն: «Մեզի համար շատ տխուր պիտի ըլլայ Հարիրիի հրաժարականը, որովհետեւ մենք ամէն ճիգ ի գործ դրինք` կառավարութեան կազմութիւնը յաջողցնելու համար, ինչպէս նաեւ պատրաստ ենք կարելի եղած քայլին դիմելու, որպէսզի օժանդակենք Հարիրին տարհամոզելու հրաժարական տալէ: Պատասխանելով այն...

Հանդիպում  Արամ Ա. Եւ Աֆրամ Բ. Հոգեւոր Պետերուն Միջեւ

Հանդիպում Արամ Ա. Եւ Աֆրամ Բ. Հոգեւոր Պետերուն Միջեւ

Չորեքշաբթի, 7 յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Աթշանէի (Լիբանան) ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. եւ Աֆրամ Բ. հոգեւոր պետերուն միջեւ: Հանդիպումին ներկայ էին երկու եկեղեցիները ներկայացնող եպիսկոպոսներ ու հոգեւոր հայրեր: Հանդիպման ընթացքին թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ պատրիարքը անդրադարձան հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան եւ հասարակաց սկզբունքներուն...

Յատկանշական Օր Մը Այնճարի Մէջ. Էքօ Պուրակի Բացում

Յատկանշական Օր Մը Այնճարի Մէջ. Էքօ Պուրակի Բացում

Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ներկայ իրավիճակը ստեղծած է յուսալքութեան այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր ամէն մէկ քաղաքացի իր առօրեայի դաժան ճնշուածութեան տակ կքած` կորսնցուցած է նաեւ ապագային նկատմամբ լաւատեսութեան նուազագոյն յոյսը: Բայց այս երեւոյթին դէմ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ: Կարելի չէ մոգական լուծումներու ցանկութեամբ ճակատագիրի վարդագոյն  արշալոյսին սպասել, ինչպէս նաեւ  կարելի չէ յանձնուիլ նոյնինքն այս պայմաններուն ստեղծուած հրամայական դրուածքի պարտադրանքին: Միայն...

«Մտաւորականութեան Պարտականութիւնն Է Պաշտպանել Արեւելահայերէնի Եւ Արեւմտահայերէնի Զուգընթաց Ճանապարհը» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան

«Մտաւորականութեան Պարտականութիւնն Է Պաշտպանել Արեւելահայերէնի Եւ Արեւմտահայերէնի Զուգընթաց Ճանապարհը» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան

«Ազդակ»-ի 33-րդ առցանց  լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 8 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Դասախօսն էր «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Փրոֆ. Դանիէլեան ներկայացուց հայագիտական ուսումնառութեան ներկայ իրավիճակը, կրթական մրցունակ ցանցի եւ կրթական միասնական ծրագիրի բացակայութիւնը: Դասախօսը տուեալներով ներկայացուց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթական ծրագիրներուն մէջ արեւմտահայերէն գրականութեան եւ արեւմտահայ գրողներու...

Արցախեան Հիմնահարցի Կարգաւորման Բանալին Արցախում Է. Դաւիթ Իշխանեան

Արցախեան Հիմնահարցի Կարգաւորման Բանալին Արցախում Է. Դաւիթ Իշխանեան

ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆ «ԱՊԱՌԱԺ.».- Պատերազմից յետոյ ՀՅԴ-ն ընդդիմադիր այլ կուսակցութիւնների հետ պահանջել է ԱՀ նախագահի հրաժարականը: Այս հանգամանքը չի՞ խանգարում արդեօք ՀՅԴ ներուժը յանուն Արցախի հունաւորելուն: ԴԱՒԻԹ ԻՇԽԱՆԵԱՆ.- Երբ ընդդիմութիւնը պահանջում է նախագահի հրաժարական, իշխանութիւնը պէտք է հետեւութիւններ անի: Ցաւօք սրտի, որեւէ քննադատութեան, այդ թւում` նախագահի հրաժարականի պահանջի ներկայացումը իշխող համակարգը ընկալում է որպէս «թշնամանք»: Իրեն քննադատող քաղաքական ուժերին իշխանութիւնը պէտք...

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք.  Հաղորդագրութիւն

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք. Հաղորդագրութիւն

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 29 մայիս 2021-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ լիբանանահայ 9 վարժարաններու 40 աշակերտ-աշակերտուհիներու: Նահատակ ազատամարտիկի ընտանեկան պարագաներուն եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի միացեալ ճիգերով 2003 թուականին հաստատուած միջդպրոցական «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքը այս տարի գլխաւոր թեմա ունեցաւ արցախեան վերջին պատերազմը եւ...

ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն Մարմինը Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն Մարմինը Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ

Երէկ` չորեքշաբթի, 7 յուլիս 2021-ին, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիպում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներուն հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան քաղաքական եւ տնտեսական բաժանմունքի ղեկավար Քիմպըրլի Զապֆելը եւ քաղաքական հարցերով մասնագէտ Լիլիթ Օհանեանը: ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցը կը ներկայացնէին Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, Գերագոյն մարմինի անդամներ...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Ամերիկացի Եւ Եւրոպացի Գործընկերներուն Կոչ` Անյապաղ Գործողութիւններով Օժանդակելու Հայ Գերիներուն Վերադարձին

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (ALC) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու ղեկավարութիւններէն կը պահանջէ անյապաղ ճնշում գործադրել Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի կատարեն Ժընեւեան համաձայնագիրի պահանջները եւ 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան համաձայն` անվերապահ ազատ արձակեն հայ ռազմագերիներն ու պատանդները: Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ամերիկեան եւ եւրոպական իշխանութիւնները կը գովաբանեն Ալիեւին կողմէ...

Փաշինեան-Փութին Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

Փաշինեան-Փութին Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

Երէկ` չորեքշաբթի, 7 յուլիսին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Փակ հանդիպումէն առաջ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Ռուսիոյ ղեկավարին հետ ստիպուած է աւելի յաճախ անվտանգութեան հետ կապուած հարցեր քննարկել, քանի որ շրջանային իրավիճակը կայուն չէ, յատկապէս` հայ-ազրպէյճանական սահմանը: «Ռուս խաղաղապահներու տեղակայումէն ետք իրավիճակը ընդհանուր առմամբ հանգիստ է, բայց պարբերաբար կը պատահին...

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Հայաստանի Զինուած Ուժերը Հրադադարի Պահպանման Դրութիւնը Չեն Խախտած»

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Հայաստանի Զինուած Ուժերը Հրադադարի Պահպանման Դրութիւնը Չեն Խախտած»

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը անգամ մը եւս ապատեղեկատուութիւն տարածեց` հաղորդելով, թէ 7 յուլիսին` ժամը 13:40-ի շուրջ, հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները ռմբակոծած են Տաւուշի մարզի հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիին ուղղութեամբ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերը: Այս մասին կը նշուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ: «Տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան: Հայաստանի զինուած ուժերը հրադադարի պահպանման դրութիւնը չեն խախտած», հաստատեց նախարարութիւնը: Ըստ...

Արցախեան Հիմնահարցի Կարգաւորման Բանալին Արցախում Է. Դաւիթ Իշխանեան

Արցախեան Հիմնահարցի Կարգաւորման Բանալին Արցախում Է. Դաւիթ Իշխանեան

Յուլիսի 10-ին տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ Արցախի հերթական Շրջանային ժողովը, որուն նախօրեակին «Ապառաժ»-ը հարցազրոյց ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի հետ: «ԱՊԱՌԱԺ».- Առաջիկայում գումարուելու է ՀՅԴ Արցախի հերթական Շրջանային ժողովը: Ինչպիսի՞ ընթացակարգով է այն գումարւում եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունի այն ՀՅԴ կառոյցի համար: ԴԱՒԻԹ ԻՇԽԱՆԵԱՆ.- Համադաշնակցական մեր մեծ ընտանիքը շատ լաւ է պատկերացնում, թէ ի՛նչ է նշանակում Շրջանային...

Մինչ Փիեռ Տիւքան Հասաւ Լիբանան, Ամերիկացի Եւ Ֆրանսացի Դեսպաններ Պիտի Մեկնին Սէուտական Արաբիա` Քննարկելու Համար Լիբանանի Կացութիւնը

Մինչ Փիեռ Տիւքան Հասաւ Լիբանան, Ամերիկացի Եւ Ֆրանսացի Դեսպաններ Պիտի Մեկնին Սէուտական Արաբիա` Քննարկելու Համար Լիբանանի Կացութիւնը

Կութիերես. «Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Պէտք Է Կազմել Լիբանանի Նոր Կառավարութիւնը` Պաշտպանելու Համար Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը» Դէպի Լիբանան եւ Լիբանանէն դուրս պետական այցելութիւնները այս օրերուն կ՛ապրին աշխուժացում մը, որ անպայման օգտակար կամ արդիւնաւէտ կրնայ չըլլալ: Այս շրջագիծին մէջ երէկ յետմիջօրէին Պէյրութ հասաւ Լիբանանի համար միջազգային օժանդակութիւններու համակարգող դեսպան Փիեռ Տիւքանը, որ մինչեւ երեքշաբթի, 13 յուլիս 2021, հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրին քաղաքական...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ապու Ժաուտէի Հետ Քննարկեց Պեքաայի Մէջ Երիտասարդական Եւ Մարմնակրթութեան Մարզը Բարգաւաճեցնելու Միջոցները

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ապու Ժաուտէի Հետ Քննարկեց Պեքաայի Մէջ Երիտասարդական Եւ Մարմնակրթութեան Մարզը Բարգաւաճեցնելու Միջոցները

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Պեքաայի նահանգապետ Քամալ Ապու Ժաուտէն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած ապրուստի դժուարութիւնները եւ առօրեայ հոգերը: Քննարկումի առանցք դարձան նաեւ Պեքաայի մէջ երիտասարդական եւ մարմնակրթութեան մարզը բարգաւաճեցնելու միջոցները:  

Իրլանտա Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին Եւ Պատրաստակամութիւն` Օժանդակելու Բանակին Եւ Ապահովական Կառոյցներուն

Իրլանտա Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին Եւ Պատրաստակամութիւն` Օժանդակելու Բանակին Եւ Ապահովական Կառոյցներուն

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր ընդունեց Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարար Սայմըն Քովինին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրլանտայի դեսպան Շոն Օրիկընի եւ Լիբանանի մէջ Իրլանտայի պատուոյ հիւպատոս Ժորժ Սիամի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իրլանտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարներն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս...

Ակնարկ.   Աւանդական Կառոյցներու Վերաշխուժացման Երեւոյթներ

Ակնարկ. Աւանդական Կառոյցներու Վերաշխուժացման Երեւոյթներ

Լիբանանի Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը կառավարական տարբեր ոլորտներու գերատեսչութիւններուն հետ հանդիպելով ինքզինք զգալի կը դարձնէ ժողովուրդի բողոքի գործողութիւններուն ներկայացուցչութիւնը վերստանձնելու առաջադրանքով: Մինչ այժմ մակերեսային անցում կ՛երեւի փողոցի գործողութիւնները հովանաւորելու առումով: Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը որոշ ժամանակէ ի վեր իր տեղը զիջած էր քաղաքացիական տարբեր շարժումներուն եւ զանոնք ուղղորդել փորձող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն: Յատկապէս վերջին օրերուն կատարուած հանդիպումները` ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան թէ...

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչներու Մամլոյ Ասուլիսը

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչներու Մամլոյ Ասուլիսը

Երէկ` երեքշաբթի, 6 յուլիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչները հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը ներկայացուց ՀՅԴ Հայաստանի 24-րդ Գերագոյն ժողովի ընդունած յայտարարութիւնը: «Ընտրութիւններէն ետք կը շարունակուին համատարած բռնաճնշումները բոլոր այն անձերուն հանդէպ, որոնք չենք քուէարկած այսօրուան  իշխանութեան օգտին», ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան: «Մեծ ծաւալով կը շարունակուին ապօրինի ճնշումները ընտրուած համայնքներու ղեկավարներուն նկատմամբ. այդպիսով...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի 24-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Հայաստանի 24-րդ Գերագոյն ժողովը, քննելով Հայաստանի Հանրապետութիւնում ստեղծուած քաղաքական եւ անվտանգային իրավիճակը, տեղի ունեցած ընտրական եւ յետընտրական գործընթացները, երկրում առկայ բարոյահոգեբանական մթնոլորտը արձանագրում է, որ` - Խորհրդարանական ընտրութիւնները չհանգուցալուծեցին երկրում արդէն տեւական ժամանակ շարունակուող քաղաքական եւ ներհասարակական ճգնաժամը: -  Երկիրը պարտութեան հասցրած իշխանութիւնը, յունիսի 20-ին կայացած Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններում զանգուածաբար գործի դնելով վարչական, ֆինանսական լծակները, կեղծիքները, հանրութեանը մոլորեցնելու,...

Page 5 of 256 1 … 4 5 6 … 256