Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մտաւորականութեան Պարտականութիւնն Է Պաշտպանել Արեւելահայերէնի Եւ Արեւմտահայերէնի Զուգընթաց Ճանապարհը» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան

Յուլիս 9, 2021
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 33-րդ առցանց  լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 8 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Դասախօսն էր «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Փրոֆ. Դանիէլեան ներկայացուց հայագիտական ուսումնառութեան ներկայ իրավիճակը, կրթական մրցունակ ցանցի եւ կրթական միասնական ծրագիրի բացակայութիւնը:

Դասախօսը տուեալներով ներկայացուց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթական ծրագիրներուն մէջ արեւմտահայերէն գրականութեան եւ արեւմտահայ գրողներու ու բանաստեղծներու ներառուած բաժինը, որ հեռու է արեւմտահայ գրականութեան ճանաչողականութիւնը ապահովելու առաջադրանքէն:

Դասախօսը օրինակներ տալով նշեց նաեւ, որ այն գրողները, որոնք արեւմտահայ գրականութենէն անցում կատարած են արեւելահայ գրականութեան, չեն նպաստած ընդհանրապէս հայ գրականութեան զարգացման:

Փրոֆ. Դանիէլեան յատուկ վերլուծում կատարեց պոլսահայ գրականութեան երեւոյթին վերաբերեալ` նկատի ունենալով յատկապէս 1970-ական թուականներէն մինչեւ 2010 երկարող ժամանակահատուածը:

Արեւմտահայ գրականութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու պատրաստութիւնը հրամայական նկատելով` դասախօսը ընդգծեց արեւմտահայ գրականութեան ճանաչողականութեան ապահովման համար Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք համատեղ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:

«Մտաւորականութեան պարտականութիւնն է պաշտպանել արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի  զուգընթաց ճանապարհը», եզրափակեց փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան:

Դասախօսութեան հետեւեցաւ գրականագիտութեան եւ լեզուաբանութեան արդի հարցերուն, միացեալ ուղղագրութիւն որդեգրելու եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արեւմտահայ գրականութեան ճանաչողականութեան մակարդակը բարձրացնելու մասին քննարկում:

Նախորդը

Արցախեան Հիմնահարցի Կարգաւորման Բանալին Արցախում Է. Դաւիթ Իշխանեան

Յաջորդը

Յատկանշական Օր Մը Այնճարի Մէջ. Էքօ Պուրակի Բացում

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?