Newsletter

Պիթար Կը Մերժէ Խորհրդարանի Դիւանին  Յաւելեալ Փաստաթուղթեր Ներկայացնել

Պիթար Կը Մերժէ Խորհրդարանի Դիւանին Յաւելեալ Փաստաթուղթեր Ներկայացնել

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհերուն Հարազատները Բողոքի Ցոյցեր Կը Կազմակերպեն Մաշնուքի Եւ Զաայթերի Բնակարաններուն Դիմաց Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթար մերժեց խորհրդարանի դիւանին յանձնել յաւելեալ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլի, Ղազի Զաայթերի եւ Նուհատ Մաշնուքի` զանոնք անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ իբրեւ ամբաստանեալ հարցաքննելու պահանջին առումով: Երեկոյեան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները բողոքի ցոյց...

Շիա Եւ Կրիօ Հանդիպում Մը  Ունեցան Պուխարիի Հետ

Շիա Եւ Կրիօ Հանդիպում Մը Ունեցան Պուխարիի Հետ

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ ընդունեց  Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան եւ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որոնց հետ քննարկեց 8 յուլիսին Սէուտական Արաբիա կատարած անոնց այցելութեան մանրամասնութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան ամերիկացի եւ ֆրանսացի դեսպաններուն Ռիատի մէջ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, եւ կատարուեցաւ այդ հանդիպումներուն արժեւորումը: Այցելութիւն` Աքըրի Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց...

Կեդրոնական Դրամատուն.  «Լիբանանի Ձոյլ Ոսկին Ապահով Է,  Իսկ Պարտադիր Պահեստի Գումարին  Ձեռք Չենք Տուած Եւ Պիտի Չտանք»

Կեդրոնական Դրամատուն. «Լիբանանի Ձոյլ Ոսկին Ապահով Է, Իսկ Պարտադիր Պահեստի Գումարին Ձեռք Չենք Տուած Եւ Պիտի Չտանք»

Կեդրոնական դրամատան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ որոշ ատենէ մը ի վեր ձեռնարկած է սուտասանութեան եւ զրպարտութեան շարքի մը` Կեդրոնական դրամատան եւ անոր կառավարիչին` Ռիատ Սալամէի դէմ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սէյիտի վերջին յերիւրանքը այն էր, թէ Սալամէ Կեդրոնական դրամատան մէջ պահ դրուած երկրին ձոյլ ոսկիէն բաժին մը կամ ամբողջը օգտագործած է: «Ժամիլ...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արժանապատիւ Ազգ Եւ Պետութիւն Դառնալու Պայքարը Այլընտրանք Չունի»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արժանապատիւ Ազգ Եւ Պետութիւն Դառնալու Պայքարը Այլընտրանք Չունի»

Անցեալ շաբաթ օր «Հայաստան» Դաշինքի անդամ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Երկիրն աղէտի հասցրած իշխանութիւնը շարունակում է իր արշաւանքը սեփական պետութեան եւ ժողովրդի դէմ: Իրենց հայրենադաւ ծրագրերն աւարտին հասցնելու համար բանակից հեռացնում են լաւագոյն սպաներին, ձերբակալում պատերազմի օրերին ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպած համայնքների ղեկավարներին, եւ ամենեւին պատահական չէ, որ դա տեղի է ունենում հէնց Տաւուշում ու Սիւնիքում:...

Դաւիթ Յարութիւնեան. «Արմատական Խախտումները, Որոնք Անթոյլատրելի Են Ժողովրդավարական Հասարակութեան Մէջ, Տեղի Ունեցած Են Նախընտրական Փուլին»

Դաւիթ Յարութիւնեան. «Արմատական Խախտումները, Որոնք Անթոյլատրելի Են Ժողովրդավարական Հասարակութեան Մէջ, Տեղի Ունեցած Են Նախընտրական Փուլին»

Սահմանադրական դատարանին մէջ երէկ` 11 յուլիսին շարունակուեցաւ 20 յունիսին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու միաւորուած գործով դատաքննութիւնը: Բացատրութիւններով հանդէս եկած է «Պատիւ ունեմ» դաշինքի ներկայացուցիչ, արդարադատութեան նախկին նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան: Ան իր խօսքին սկիզբը նշած է, որ «ժամանակակից ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ ընտրութիւնները կը կազմակերպուին համընդհանուր ճանաչում գտած սկզբունքներու համապատասխան: Անոնք են` ընդհանուր, հաւասար, ազատ եւ ուղղակի ընտրական...

Ո՛չ Վառելանիւթ, Ո՛չ Ելեկտրականութիւն Ո՛չ Դեղորայք… Եւ Լիբանանցիին Տառապանքը Կը Շարունակուի

Ո՛չ Վառելանիւթ, Ո՛չ Ելեկտրականութիւն Ո՛չ Դեղորայք… Եւ Լիբանանցիին Տառապանքը Կը Շարունակուի

Միշտ ալ անմեղը կը դառնայ տագնապներու, պատերազմներու, ճգնաժամերու, արկածներու եւ միջադէպերու զոհը: Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, ապրուստի, առողջապահական եւ երկրին գրեթէ բոլոր մարզերը հարուածող տագնապին պատճառով շաբաթավերջին մահացաւ 10-ամսեայ մանուկ Ժուրի Սէյիտը: Մանուկին ծնողքը հաստատեց, որ իր զաւկին համար դեղորայք որոնած է եւ հիւանդանոցային խնամքի դիմում ներկայացուցած է բազմաթիւ հիւանդանոցներու, սակայն դիմումը մերժուած է, եւ այդ պատճառով ալ երեխան մահացած: Մինչդեռ...

Պէյրութի Պայթումին Նահատակներուն Հարազատները Կառչած Կը Մնան Ճշմարտութիւնը Իմանալու Իրաւունքին

Պէյրութի Պայթումին Նահատակներուն Հարազատները Կառչած Կը Մնան Ճշմարտութիւնը Իմանալու Իրաւունքին

Հակառակ այն իրականութեան, որ երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլը, Ղազի Զաայթերն ու Նուհատ Մաշնուքը անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը կը մնայ առկայ, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան նախկին տնօրէն գնդապետ Քամիլ Տահեր այսօր կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին պիտի հարցաքննուի Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի կողմէ: Իր կարգին, լիբանանեան բանակի գնդապետներէն Ժուտա Օուէյտաթ յայտնեց, որ ինք օրէնքին ենթակայ է...

Իսրայէլեան Ուժերը Ձախողեցուցած Են Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ Զէնքի Մաքսանենգման Փորձ Մը

Իսրայէլեան Ուժերը Ձախողեցուցած Են Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ Զէնքի Մաքսանենգման Փորձ Մը

Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը շաբաթավերջին Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ ձախողեցուցած են զէնքի մաքսանենգման փորձ մը, որ մեծագոյնն է` վերջին տարիներուն ընթացքին բացայայտուած մաքսանենգումի փորձերուն բաղդատած: Ատրահի յայտնեց, որ անծանօթներ լիբանանեան Ղաժար սահմանամերձ շրջանէն Իսրայէլ պայուսակներ փոխադրած են` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը հետապնդած են գործողութիւնը եւ գրաւած 43 ատրճանակներ, որոնք 2,7 միլիոն շեքըլ կ՛արժեն: Ան աւելցուց,...

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կիրակնօրեայ Շուկային Մօտակայքը Բացայայտեցին Ռումբեր

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կիրակնօրեայ Շուկային Մօտակայքը Բացայայտեցին Ռումբեր

Ներքին ապահովութեան ուժերը շաբաթ, 10 յուլիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Էշրեֆիէ-Պէյրութ շրջանի կիրակնօրեայ շուկայի հանդիպակաց վայրին մէջ գտնուող աղբամաններուն մէջ բացայայտեցին ռումբեր: Ապահովութեան ուժերուն կողմէ անմիջապէս որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ, փակուեցաւ շրջանը, եւ դէպքին վայրը փութացին սակրաւորներ, որոնք հաստատեցին, որ աղբամանէն դուրս բերուած են «Իներկա» տիպի 5 նռնականետեր, ինչպէս նաեւ 4 ականներ, որոնք պայթելու պատրաստ վիճակի մէջ չեն եղած: Ներքին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաղաքական Դէմքեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաղաքական Դէմքեր

Ուրբաթ, 9 յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆրզլի, նախագահական պալատի տեղեկատուական հարցերու նախկին պատասխանատու Ժան Ազիզ, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան դոկտ. Ապտալլա Պու Հապիպ եւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու վերջերս Վատիկանի մէջ տեղի...

«Եւրօ-2020».  53 Տարի Ետք Իտալիա Դարձեալ Եւրոպայի Լաւագոյնը

«Եւրօ-2020». 53 Տարի Ետք Իտալիա Դարձեալ Եւրոպայի Լաւագոյնը

1968-ին Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած, 53 տարուան երկար սպասումէ մը ետք, դարձեալ հանդիսացաւ Եւրոպայի լաւագոյնը, երէկ գիշեր փենալթի-ներով` 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անգլիոյ, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կը հասնէր աւարտականին: Իտալիա Տիրացաւ Տիտղոսին, Փենալթի-ներով Յաղթելէ Ետք Անգլիոյ Երէկ գիշեր, իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը («Եւրօ-2020»), երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը` Անգլիոյ եւ Իտալիոյ...

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Նախաձեռնութեամբ Կը Վերանորոգուի Արցախի Խրամորթ Համայնքի Դպրոցը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի եւ Պելճիքայում Արցախի հետ ֆրանսախօս բարեկամութեան խմբի համատեղ ջանքերով յատկացուել են անհրաժեշտ ֆինանսական միջոցները Արցախի Հանրապետութեան Ասկերան շրջանի Խրամորթ համայնքի միջնակարգ դպրոցի վերանորոգման համար: Կը կատարուեն ներքին եւ արտաքին վերանորոգման աշխատանքներ, կը կառուցուեն նոր սանհանգոյց եւ ժամանակակից, արհեստագիտօրէն յագեցած ճաշարան: Կը կահաւորուեն եւ կ՛արդիականացուեն դասասենեակներ` վերածուելով համագործակցային դասասենեակների: Կը տեղադրուի նոր ջեռուցման համակարգ: Նախագիծը կ՛իրականացուի...

Արծուիկ Մինասեան. «Պատասխանող Կողմը Պէտք Է Ապացուցէ, Որ Ընտրութիւնները Ապահոված Են Սահմանադրութեան Բոլոր Սկզբունքները»

Արծուիկ Մինասեան. «Պատասխանող Կողմը Պէտք Է Ապացուցէ, Որ Ընտրութիւնները Ապահոված Են Սահմանադրութեան Բոլոր Սկզբունքները»

Երէկ` ուրբաթ, 9 յուլիսին, Սահմանադրական դատարանը քննած է դիմումները 4 քաղաքական ուժերու, որոնք կը վիճարկեն Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքները: Այդ ուժերն են «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք» եւ «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւնները: Նոյն օրը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան Սահմանադրական դատարանին մօտ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ առնուազն այս փուլին  չափազանց կարեւոր է,...

Խորհրդարանի Դիւանը Իրաւասութիւն Չունի Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու

Խորհրդարանի Դիւանը Իրաւասութիւն Չունի Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:15-ին Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի եւ արդարութեան ու վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլը, Ղազի Զաայթերը եւ Նուհատ Մաշնուքը անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջը: Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ խնդրոյ առարկայ երեսփոխանները: Շուրջ երկու ժամ տեւած նիստէն ետք, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի...

Աքըր Ընդունեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհերուն Հարազատները

Աքըր Ընդունեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհերուն Հարազատները

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին զոհուածներուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այն պահանջները, որոնք ներկայացուած էին պատուիրակութեան կողմէ երկու ամիս առաջ: Պահանջները կը վերաբերէին զոհերու ընտանիքներուն տրուելիք հատուցումներուն, յատկապէս բժշկական եւ դպրոցական նպաստներուն: Աքըր հաստատեց, որ այդ պահանջները բոլորն ալ պիտի գործադրուին օրէնքի...

Ֆրանսական-Ամերիկեան Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Ֆրանսական-Ամերիկեան Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Ամերիկեան եւ ֆրանսական դեսպանատուները երէկ հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա եւ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ 8 յուլիսին մեկնեցան Սէուտական Արաբիա, ուր անոնք Սէուտական Արաբիոյ իրենց պաշտօնակիցներուն հետ քննարկեցին Լիբանանի կացութիւնը: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այս հանդիպումը որոշուած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էնթընի Պլինքընի, Ժան...

Վրոնեցքա Այցելեց Տիապի Եւ Ֆրենժիէի

Վրոնեցքա Այցելեց Տիապի Եւ Ֆրենժիէի

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց 20 փետրուար 2021-էն 19 յունիս 2021 ժամանակաշրջանին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մանրամասնութիւնները, որոնք նշուած պիտի ըլլան 12 յուլիս 2021-ին լոյս տեսնելիք տեղեկագիրին մէջ: Հանդիպումը եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին Տիապ յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը պահանջէ հարաւային Լիբանանի...

Համազգայինի Ե-Ֆորումը Առիթ` Ծանօթանալու Արցախ Աշխարհի Հայկական Մշակութային Արժէքներուն

Համազգայինի Ե-Ֆորումը Առիթ` Ծանօթանալու Արցախ Աշխարհի Հայկական Մշակութային Արժէքներուն

Ե-ֆորումը առցանց ծրագիր մըն է, որուն կրնան մասնակցիլ զանազան երկիրներէ հայեր, եւ  «Զում»-ի միջոցով տեղի պիտի ունենայ 11 եւ 18 յուլիս 2021-ին: Աշխարհի զանազան անկիւններէն խմբուած երիտասարդները առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու Արցախ աշխարհի հայկական մշակութային զանազան արժէքներուն եւ Ազրպէյճանի կողմէ անոնց հանդէպ կիրարկուած շարունակական ոչնչացման, ջնջման եւ իւրացման քաղաքականութեան: Նիւթերը պիտի ներկայացուին մասնագէտներու կողմէ` Արցախէն եւ սփիւռքի զանազան երկիրներէ: Նախատեսուած...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Մէջ Շարունակուող Բռնաճնշումներու Անընդունելիութեան Մասին

«Հայաստան» դաշինքը 8 յուլիսին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ. «Իշխանութիւնները շարունակում են նախընտրական փուլում սկսուած բռնաճնշումները «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչների նկատմամբ: Վերջին օրերին «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան խորհրդի անդամների, «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական ցուցակում ներգրաւուած անձանց նկատմամբ իրականացւում են քաղաքական հետապնդումներ, կատարւում են ապօրինի գործողութիւններ: Ներհասարակական ճգնաժամի այսօրինակ նորանոր դրսեւորումներն աւելի են խորացնում երկրում առկայ քաղաքական ճգնաժամը: Այսպիսով` շարունակւում են երկրում մէկ...

Վլատիմիր Ճապարով Ամփոփեց Փաշինեան-Փութին Հանդիպման Արդիւնքները

Վլատիմիր Ճապարով Ամփոփեց Փաշինեան-Փութին Հանդիպման Արդիւնքները

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային գործերու կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Վլատիմիր Ճապարով խիստ կարեւոր նկատեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի այն քայլը, որ ան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերընտրուելէ ետք առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Մոսկուա կատարեց: Ան Նիկոլ Փաշինեանի քայլը անուանեց «բարի նշան»: Ճապարով նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին աշխատանքային հարցեր, իրավիճակը շրջանին մէջ, Ղարաբաղի վիճակը, Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութիւնը եւ այլն: Ըստ...

Page 4 of 256 1 3 4 5 256

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?